Հայկական Նուագախումբը Հանդէս Եկած Է Արժանթինի Մէջ Ամենամեծ Ազգային Երաժշտութեան Փառատօնին

Յունուար 26-ին Արժանթինի մէջ «Գուսան» հայկական նուագախումբը մասնակցած է Գորդոպայի Գոսգին քաղաքին մէջ իրականացուող ազգային երաժշտութեան փառատօնին, որ տեղի կ’ունենայ տարին մէկ անգամ եւ կը հաւաքէ գրեթէ 40 միլիոն դիտում: Այս մասին կը յայտնէ «Հայերն այսօրը»` վկայակոչելով Prensaarmenia գործակալութիւնը:

Գուսան նուագախումբի ելոյթը նուիրուած  եղած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, իսկ համերգի վերջաւորութեան նուագախումբի անդամները շնորհակալութիւն յայտնած են Արժանթինի մէջ հայերուն ընդունելու եւ ջերմ վերաբերմունքի համար:

01 02 03 04

Scroll Up