Ֆաթիհ Աքին. Անցեալը Ճանչնալը Այն Չկրկնելու Միակ Ձեւն Է

Վենետիկի փառատօնի մրցանակակիր, գերմանաբնակ թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքին Երեւանի մէջ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմող իր «Սպի» ֆիլմը:

Times.am հաղորդմամբ, ֆիլմի փակ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Յունուար 30-ին «Սինեմա Սթար» թատրոնին մէջ: Ֆիլմի գործողութիւնները տեղի  կ’ունենան 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ եւ կը պատմէ
ցեղասպանութիւնը վերապրած հայ մարդու` Նազարէթ Մանուկեանի մասին, որ կորսնցուցած է իր ընտանիքը եւ տարիներ անց յանկարծակի կ’իմանայ, որ իր զոյգ աղջիկները, հնարաւոր է ողջ մնացած են: Ան կը սկսի աղջիկներու փնտրտուքները: Ֆիլմին մէջ նկարահանուած են Արսինէ Խանճեան, Սիմոն Աբգարեան, Ակին Ղազին եւ այլք: Գլխաւոր հերոսին մարմնաւորած է ծագումով ալժիրցի դերասան Թահար Ռահիմը:

Անցեալի ճանաչումը միակ ձեւն է կատարուած դէպքերը անցեալին մէջ ձգելու  համար, որպէսզի ատոնք դարձեալ չկրկնուին, համոզուած է բեմադրիչը: Ֆաթիհ Աքին լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին ընդգծեց, որ առաջին անգամ Հայաստան եկած է  երեւանեան միջազգային «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի ժամանակ:

«Ինծի համար շատ յատուկ եւ նշանակալի ժամանակահատուած էր: Բաւական զգայուն պահ էր այն ժամանակ թրքական ծագումով մարդու համար գալ այստեղ: Այն ժամանակ «Սպի» ֆիլմի գաղափարը արդէն ծագած էր, եւ նախագիծը  կ’ուրուագծուէր, իսկ հինգ տարի անց պատրաստ ֆիլմով  եկած եմ: Անկախ ամէն ինչէն` ես ինքզինքիս խոստում  տուած էի, որ պատրաստ ֆիլմով կու գամ այստեղ եւ կատարեցի խոստումս»,- «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` նշեց Ֆաթիհ Աքին: Բեմադրիչին խօսքով` ինքը նախորդ անգամ արդէն այցելած է Ծիծեռնակաբերդ, խօսած Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան- հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյանի հետ:

«Քանի մը առանցք եւ բանալի կար այդ ֆիլմը ընելուս: Հիմնական գաղափարն այն էր, որ ես, աւելի ճիշդ իմ ծնողները, կը սերին  երկրէ մը, ուր խօսքի ազատութեան սահմանափակումներ կային եւ հիմա ալ կան այս թեմային շուրջ: ժամանակին Թուրքիոյ մէջ հնարաւոր չէր «ցեղասպանութիւն» բառը օգտագործել, հիմա քիչ մը հնարաւոր է: Բայց ես կը հաւատամ խօսքի ազատութեան. ատիկա ամենակարեւոր արժէքներէն մէկն է, եւ այն պէտք է պաշտպանենք: Իմ նպատակն էր ցոյց տալ, վերահաստատել, որ Թուրքիոյ մէջ կայ քաղաքացիական շարժում, որ աճած է յատկապէս Տինքի սպանութենէն յետոյ, եւ որ ցեղասպանութիւնը կը յիշուի եւ կ’ընդունուի: Սա քաղաքացիական շարժում է, ոչ քաղաքական, եւ ես ատոր մասն եմ, եւ քանի որ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդականութիւն կը վայելեմ, մտածեցի, որ Նազարէթի պատմութիւնը պատմելով, ես հարցեր կ’առաջացնեմ եւ կը հաստատեմ քաղաքացիական շարժման գոյութիւնը: Ամբողջ աշխարհի մէջ շատ մարդիկ 1915 թուականի մասին չեն գիտեր: Միտքն այն էր, որ եթէ ֆիլմը ինչ-որ լար կը շարժէր հոգիիդ մէջ, կը սկսիս տեղեկանալ այդ իրադարձութիւններուն մասին: Ինչու՞ յիշել, ինչու՞ տեղեկանալ:  Ատիկա կողմեր բռնելու համար չէ: Ես գործ չունիմ: Բայց կը կարծեմ, որ անցեալը ճանչնալը այն չկրկնելու միակ ձեւն է»,- նշեց Ֆաթիհ Աքին:

Անոր խօսքով` ֆիլմն արդէն իսկ ներկայացուած է թրքական ֆիլմվարձոյթին:

«Երկու տարի առաջ հնարաւոր չէր ըլլար ցուցադրել այն, սակայն այժմ միայն Սթամպուլի մէջ չէ, որ ներկայացուցած ենք: Այլ քաղաքներու մէջ ալ ցուցադրուած է: Մեր նպատակը միշտ ալ եղած է ֆիլմը տանիլը եւ պատմութիւնը Թուրքիոյ մէջ  փոխանցելը: 18-20 տարեկան երիտասարդները ֆիլմը դիտելէ ետք, կ’ըսեն` մենք ասոր մասին բան չենք լսած, կ’երթան, կը ճշդեն, կը կարդան դէպքերու մասին: Ատիկա լաւագոյն արդիւնքներէն է, որուն ֆիլմը կրնայ հասնիլ»,- յայտնեց ան:

ֆաթիհ Աքին կը  խոստովանի` ֆիլմը նկարահանելուն մտածած է Ռոման Փոլանսկիի «Դաշնակահարը» ֆիլմին մասին: «Ես հինգ տարի Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը ուսումնասիրած եմ»: Սենարի համահեղինակ Մարտիկ Մարդինի համոզմամբ` ֆիլմը շատ անկեղծ է, քանի որ անկեղծ ու իրական մարդոց մասին պատմութիւն է: «Ես  կը համարեմ, որ սքանչելի ֆիլմ  նկարահանուած է: Իրական պատմութիւն է այն մարդոց մասին, որոնք այդ ցեղասպանութեան ճանապարհով  անցած են»,- ընդգծեց ան:

Դերասանուհի Արեւիկ Մարտիրոսեան վերյիշեց, որ Ֆաթիհ Աքին հայկական ծագումով դերասաններ կը փնտրէր Ֆրանսայի մէջ, եւ իրենք հէնց այնտեղ  ծանօթացած են: «Մենք հանդիպեցանք, եւ հանդիպման ընթացքին հասկցայ, որ ան կ’ուզէ նկարահանել Ցեղասպանութեան մասին պատմող ֆիլմ: Ես մեծ հաճոյքով խաղցայ այս ֆիլմին մէջ»,- նշեց ան:

15, 5 մլն եւրօ պիւտճէով եւ 138  վայրկեան տեւողութեամբ «Սպի» ֆիլմի նկարահանումները սկսած են 2013 թուականի Մարտին եւ իրականացուած են Յորդանանի, Գերմանիոյ, Քուպայի եւ Մալթայի մէջ: Ֆիլմի ստեղծման
աջակցութիւն ցուցաբերած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովը:

«Սպի» ֆիլմը կ’ամփոփէ Ֆաթիհ Աքինի «Սէր, մահ եւ չարք» եռապատումը: Այն բեմադրիչի առաջին մեծ միջազգային նախագիծն է, որուն արտադրութեան մասնակցած է եօթ երկիր` Գերմանիան, Ֆրանսան, Իտալիան, Գանատան, Լեհաստանը, Թուրքիան, Ռուսաստանը:

 

Scroll Up