«Հողը կը Խօսի». Եղեռնազոհ հայ գրողներու ստեղծագործութիւնները՝ ռուսերէն եւ գերմաներէն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/07/Zemlya-govrit.jpg)
«Հողը կը Խօսի»… Եղեռնազոհ հայ գրողներու ստեղծագործութիւններուն յետայսու հնարաւորութիւն ունինն ծանօթանալու նաեւ ռուս եւ գերմանացի ընթերցողները: Այսօր Հայաստանի գրողներու միութենէն ներս տեղի ունեցաւ «Երկիրը կը խօսի» թարգմանական ժողովածուներու (ռուսերէն, գերմաներէն) շնորհանդէսը:
Panorama.am-ի փոխանցմամբ՝ ժողովածուները կ’ընդգրկեն եղեռնազոհ 10 հեղինակի` Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ, Ռուբէն Սեւակ, Գրիգոր Զոհրապ, Ռուբէն Զարդարեան, Երուխան, Թլկատինցի, Գեղամ Բարսեղեան, Տիգրան Չէոկիւրեան, Արտաշէս Յարութիւնեան, գործերը: Թարգմանական ժողովածուներու տպագրութիւնը նպատակ ունի աշխարհին ծանօթացնել եղեռնազոհ հայ գրողներուն, անոնց ստեղծագործութիւններուն, ներկայացնել հայ գրականութեան լաւագոյն նմուշները եւ պատմել Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքի մասին։
Ժողովածուներու յառաջաբանի հեղինակ Վազգէն Գաբրիէլեանը ժողովածուներու շնորհանդէսի ժամանակ ըսաւ. «Այս գիրքը վերցնելով ձեռքդ՝ երկու զգացում կ’ունենաս՝ մեծագոյն ցաւ ու տառապանք, որ կորսնցուցած ենք այսպիսի մարդիկ, միւս կողմէն ալ հպարտութիւն, որ ունեցած ենք այսպիսի գրողներ: Այս ժողովածուն կարծես յուշարձան, պանթէոն ըլլայ. իւրօրինակ տեղ մըն է, ուր մեր հեղինակները իրենց տառապանքներու, ցաւերու, ուրախութեան, գրականութեան մասին զրոյց բացած են»:
Թարգմանական ժողովածուի լոյսընծայման նախաձեռնութիւնը «Հայաստանի գրողներու միաւորում» ՀԿ-ինն է, լոյս տեսած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմից յատկացուող դրամաշնորհի եւ Հայասատանի երիտասարդական հիմնադրամի յայտարարած մրցոյթի ծիրէն ներս: Գերմաներէն ժողովածուն արդէն իսկ ներկայացուած է Գերմանիոյ եւ Աւստրիոյ մէջ:
«Աշխարհի մէջ արդէն շատերը կրնան այս ժողովածուներու միջոցով ծանօթանալ իսկական հայ գրականութեան հետ, միաժամանակ ծանօթանալ մեր մեծագոյն ողբերգութեան»,- նշեց Վազգէն Գաբրիէլեան՝ աւելցնելով, որ այս գիրքով ընթերցողը որոշակի պատկերացում կը կազմէ, թէ հայ ազգը ինչպիսի գրողներ ունեցած է ու ինչպիսի զոհեր տուած է:
«Մենք ի վերջոյ մի ամբողջ մշակոյթ ենք զոհաբերել»,- ասաց նա:
Գրողներու միութեան նախագահ Էդվարդ Միլիտոնեանը նշեց, որ ժողովածուները պիտի ներկայացուին գիրքի տարբեր ցուցահանդէսներուն: