Բանակի Օրուան Նուիրուած Ձեռնարկ Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ

Յունուար 28-ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը հայ համայնքին հետ համատեղ կազմակերպած էր հանդիսաւոր ձեռնարկ` նուիրուած Հայոց բանակի 23-րդ տարեդարձին: Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Ձեռնարկին կը  մասնակցէին Ս. Փեթերսպուրկի զինուորական ակադեմիաներուն մէջ  ՀՀ ունկնդիրներու ազգային խումբի ղեկավար Մարգլէն Սաքանեան, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ուսանող ՀՀ սպաներ եւ ուսանողներ (շուրջ 80 հոգի), ազատամարտիկներ եւ ռուսական բանակի սպաներ:

Ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքով ներկաներուն դիմեց Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեան: Բանակի օրուան առթիւ ՀՀ զինուած ուժերու 12 սպաներ եւ ուսանողներ պարգեւատրուեցան ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մետալներով եւ կրծքանշաններով:

Հանդիսաւոր ձեռնարկին նախորդեց Ս. Փեթերսպուրկի Սուրբ Կատարինէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած ժամերգութիւնը:

 

Scroll Up