Հայաստանի Ներկայացուցիչը Ելոյթ Պիտի Ունենայ «Եւրոտեսիլ- 2015»-ի Առաջին Կիսաեզրափակիչին

Հայաստանի ներկայացուցիչը ելոյթ պիտի ունենայ «Եւրոտեսիլ- 2015» երգի միջազգային մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչին, որ տեղի պիտի ունենայ Մայիս 19-ին Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի մէջ, կը գրէ Tert.am-ը:

Այս մասին  յայտնի  դարձած է մրցոյթի պաշտօնական կայքէն, Յունուար 26-ին Վիեննային մէջ տեղի ունեցած է մրցոյթի անդամ երկիրներու ելոյթներու հերթականութիւնը որոշող վիճակահանութիւն:

Առաջին կիսաեզրափակիչի առաջին հատուածին մէջ, որ պիտի կայանայ Մայիս 19-ին, բացի Հայաստանէն ելոյթ պիտի ունենան Յունաստանի, Մակետոնիոյ, Էսթոնիոյ, Հոլանտանի, Մոլտովայի, Ֆինլանտիոյ, Պելճիգայի ներկայացուցիչները, իսկ երկրորդ հատուածին մէջ` Սերպիոյ, Դանիոյ, Պելառուսիոյ, Ռումանիոյ, Ռուսաստանի, Ալպանիոյ, Վրաստանի, Հունկարիոյ մասնակիցները:

Երկրորդ կիսաեզրափակիչին, որ պիտի կայանայ Մայիս 21-ին, ելոյթ պիտի ունենան Նորվեկիոյ, Իրլանտիոյ, Չեխիոյ, Լիթուայի, Սան-Մարինոյի, Մալթայի, Փորթուկալիոյ, Մոնթենեկրոյի, իսկ երկրորդ հատուածին մէջ` Զուիցերիոյ, Ատրպէյճանի, Սլովենիոյ, Լաթվիոյ, Լեհաստանի, Իսլանտիոյ, Իսրայէլի, Կիպրոսի, Շուէտի մասնակիցները:

Մրցոյթի եզրափակիչը պիտի կայանայ Մայիս 23-ին, ուր  պիտի յայտնուին «Մեծ հնգեակի» երկիրները` Մեծ Բրիտանիա, Գերմանիա, Սպանիա, Իտալիա, Ֆրանսա, ինչպէս նաեւ Աւստրիան` իբրեւ «Եւրոտեսիլ- 2014»-ի
յաղթող:

Այս տարի մրցոյթին պիտի մասնակցին ընդհանուր առմամբ 39 երկիր:

«Եւրոտեսիլ-2015» երգի միջազգային մրցոյթի հայաստանեան պատուիրակի անունը եւ երգը յայտնի կը դառնան Փետրուարին:

 

Scroll Up