21 Պետութիւն կը Ճնշեն Էրտողանը «Հայոց Ցեղասպանութեան Իրողութեամբ». Արաբական Մամուլ

Խոշարագոյն մարտահրաւէրը Էրտողանին համար 2015 թ.ին, Թուրքիոյ կողմէն կատարուածը Ցեղասպանութիւն անուանելն է, որ այս տարուան Ապրիլին կը նշուի 100-րդ տարելիցը: Այս մասին “Հայերն Այսօր”-ի փոխանցմամբ կը հաղորդէ KAFA 24 արաբական կայքը:

100-ամեակի շեմին կազմուած են մէկէ աւելի յանձնաժողովներ 100-րդ տարելիցը նշելու Եւրոպայի եւ շարք մը արաբական երկիրներու` Եգիպտոսի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ: Եւ իսկապէս տեղի ունեցած են յուշարձանի տեղադրում Սթոքհոլմի մէջ, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն, հարկ է նշել, որ 100 ամեակի ձեռնարկներու կազմակերպումով կը յաստկանայ ժխտողականութեան ալիքը Թուրքիոյ մէջ, այս առիթով Էրտողան նշած է Անգարայի մէջ, Թուրքիոյ դեսպաններու ժողովին, որ ԱԳ նախարարութիւնը եւ շահագրգռուած հաստատութիւնները սաստիկ կերպով պէտք է ժխտեն ցեղասպանութեան հարցը: Էրտողանի կողմէն որոշուած է դեսպաններու ժողովին նիստ մը յատկացնել, ընդդէմ Հայատանի եւ հայկական Սփիւռքի կողմէն 100-րդ տարելիցին եւ ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ կողմէն ճանչնալու համար կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն դէմ պայքարելու ռազմավարութիւն ձեւակերպելու համար, Անգարան մինչ օրս կը ժխտէ Օսմանեան կայսրութեան կողմէն կազմակերպուած 500 հազար հայերու ոչնչացումը պատերազմի կամ սովի պատճառով , ըստ Անգարայի, իսկ հայկական կողմին համաձայն մէկուկէս միլիոն հայ զոհուած է ցեղասպանութեան հետեւանքով:

Միւս կողմէն, Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները կ’աջակցին եւ կը սատարեն ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը, այս ծիրէն ներս Երուսաղէմի Լատին եկեղեցւոյ պատրիարք Ֆուատ Ալ Թաուալ, Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեանին այցելութեան ընթացքին ըսած է, որ «Թուրքիան տասնամեակներ շարունակ կը ժխտէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ միայն կարելի է յաղթել զայն ճշմարտութեան ուժով», եւ աւելցուցած, որ «2015 թ. կարեւոր է ձեզի համար, այն պատճառով, որ եկեղեցին եւ համայն հայ ժողովուրդը կը նշէ ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը, զոր իրագործած է օսմանեան Թուրքիան ձեր պապերուն նկատմամբ, եւ այսօր ձեր ժողովուրդը ունի մեծ մարտահրաւէր, Թուրքիոյ կողմէն ցեղասպանութեան ժխտումը, եւ ըսելով որ այն երեւակայութեան արդիւնք է, սակայն յիշեցնեմ որ, շարք մը պետութիւններ քաջութեամբ եւ համուզումով ճանչցան եւ դատապարտեցին ցեղասպանութիւնը», Պատրիարքը աւելցուցած է ըսելով, որ «Մենք կ’աղօթենք որ իրագործուի այս յաղթանակը, յիշենք նաեւ որ 1915-ին Առաջին համաշխարհային պատերազմին, օսմասնեան կայսրութեան մէջ մէկուկէս միլիոն հայերու սպանութեան, միջամտած է այն ժամանակուան Պենետիկտոս 15-րդ Պապը, բացայայտ հեռագիր ուղարկած է Սեպտեմբեր 15, 1915թ.ին, սուլթան Մոհամմէտ 5-ին, խնդրած միջամտել եւ պաշտպանել հայ ժողովուրդին, եւ նշած ջարդի վտանգի մասին, բայց ապարդիւն, այդ օրուընէ անցած է 100 տարի, եւ տակաւին Թուրքիան կը ժխտէ ցեղասպանութիւնը , բացի այդ զոհերու թիւը կը նուազեցնէ 300-500 հազարի»:

Հակառակ այս բոլոիրին , 21 պետութիւն պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններ, մէջը ըլլալով ՄԱԿ-ի մէջ պատերազմական յանցագործութեան կոմիտէն, Եւրոխորհուրդը, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը:

Scroll Up