Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներուն ուղղուած Սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/01/Merzavor-Arevelq.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարարութենէն ներս կը գործեն 12 վարչութիւններ, որոնցմէ հինգը` տարածաշրջանային են:
“Հայերն այսօր”-ը իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ 2014 թուականի ընթացքին բոլոր վարչութիւններու իրականացուցած աշխատանքները:
Այսօր կ’անդրադառնանք գործունէութեան՝ Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան, որուն պետն է Լուսինէ Ստեփանեան:
Տարուան ընթացքին վարչութիւնը մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող տարածաշրջանային յանձնախումբերու ղեկավարներու եւ ներկայացուցիչներու հաւաք-հանդիպման նախապատրաստական եւ կազմակերպչական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ պետական յանձնաժողովի չորրորդ` ընդլայնուած նիստի կազմակերպչական աշխատանքներուն:
Հայաստան-սփիւռք հինգերորդ համաժողովի ծիրէն ներս վարչութիւնն իրականացուցած է }Սուրիահայ համայնքի հիմնախնդիրները” առանձին նիստի կազմակերպչական եւ բովանդակային աշխատանքները` ապահովելով 120-է աւելի մասնակիցներու ներկայութիւն, 30-է աւելի զեկոյցներ: Նիստի ընթացքին քննարկուած են արտակարգ իրավիճակներու մէջ գտնուող Սուրիոյ, Իրաքի, Եգիպտոսի հայ համայնքներու հիմնախնդիրները, անոնց աջակցութեան հնարաւոր կառուցակարգերը, ինչպէս նաեւ` Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու խնդիրներն ու աջակցութեան ծրագիրները, ընդելուզման խնդիրներն ու գործընթացը:
Վարչութիւնը տարբեր առիթներով կազմակերպած է “Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ” խորագիրով` սուրիահայերու ձեռագործ իրերու եւ ուտեստներու 8 ցուցահանդէս-տօնավաճառ:
Մարտ 15-ին Իրանի Հայ մշակութային “Արարատ” կազմակերպութեան 70-ամեայ տարեդարձի ձեռնարկներու ծիրէն ներս “Զուարթնոց” պատմամշակութային թանգարան-արգելոցի տարածքէն ներս կազմակերպուած է ծառատունկ` ՀՀ ՍՆ Հրանոյշ Յակոբեանի, նախարարութեան աշխատակազմի, ՀՀ-ի մէջ ԻԻՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի եւ դեսպանատան աշխատակիցներու, իրանահայերու մասնակցութեամբ:
Մարտ 21-26 Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ ձեռնարկներու ծիրէն ներս կազմակերպուած է “Կոմիտաս` յաւէրժի ճամբորդ” թատերախումբի գործուղումը Յորդանան:
Ապրիլ 5-15 ԻԻՀ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ համագործակցութեամբ կազմակերպուած է ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի Սփիւռքի բաժնի 5 գիտաշխատողներու գործուղումը Իրան` “սեփական եւ այլազգի միջավայրէն ներս հայերու համեմատական հետազօտութիւն” ծրագրի ծիրէն ներս Թեհրանի հայ համայնքի մէջ հետազօտութիւններ իրականացնելու համար:
Ապրիլ 14-17 ԻԻՀ-էն ներս ՀՀ դեսպանութեան եւ Թեհրանի Հայոց թեմի թեմական խորհուրդի հետ համագործակցութեամբ Թեհրանի մէջ կազմակերպուած է “Վերադարձ Հայաստան” հիմնադրամի եւ տեղեկատուական գիտարուեստի ձեռնարկութիւններու միութեան համատեղ` “ճանաչիր Հայաստանը” խորագիրով համաժողովը:
Ապրիլ 21-28 Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ համագործակցութեամբ աջակցութիւն ցուցաբերուած է փաստավաւերագրական ֆիլմերու “Հայկ” սդուտիոյ նկարահանող խումբին` Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ֆիլմ նկարահանելու համար: Նկարահանման հիմնական թեման էր Ճիպէյլի մէջ գտնուող “Թռչնոց բոյն” որբանոցի պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու հարազատներու հետ հարցազրոյցները:
Մայիսի 21-24-ը նախարարութեան “Համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու” վարչութեան հետ համատեղ Երեւանի մէջ կազմակերպուած են իրանահայ համայնքին նուիրուած “Նոր Ջուղայի օրեր” խորագիրով ձեռնարկներ` Նոր Ջուղայի Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի, Սուրբ Յովսէփ Արեմաթացի եկեղեցուոյ հիմնադրման 350-ամեակի առիթով:
Օգոստոս 6-7-ը աջակցութիւն ցուցաբերուած է` Հայորդեաց տան երգչախմբի ելոյթը Սթամպուլի “Մարալ” հայկական պարախումբի հիմնադրման 35-ամեակին նուիրուած տօնական համերգի ծիրէն ներս կազմակերպելու համար:
Օգոստոս 22-24 ԻԻՀ-ի մէջ ՀՀ դեսպանութեան, Թեհրանի Հայոց թեմի թեմական խորհուրդի եւ Փերիոյ կրթասիրաց միութեան հետ համագործակցութեամբ Երեւանի մէջ կազմակերպուած են Իրանի Փերիա գաւառի հայութեան օրերը Հայաստանի մէջ:
Հայրենիք վերադարձող սփիւռքահայերու, ներառեալ` սիրիահայերու` Հայաստանի հասարակութեան հետ ընդելուզումը արագացնելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները կը կրեն շարունակական բնոյթ:
Իր աշխատանքները կը շարունակէ ՀՀ վարչապետի 2013թ. Յունուար 14-ի որոշմամբ ստեղծուած Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովը: 2014-ի ընթացքին գումարուած է յանձնաժողովի 7 նիստ, քննարկուած են 35-է աւելի հարցեր:
Յունուար 13-ին կազմակերպուած է սուրիահայ ֆէյսպուքեան “Aleppo Armenians”, “Armenians of Aleppo” եւ այլ խումբերու հաւաք-հանդիպում` “Հայաստանի մէջ սփիւռքահայերու ինտէգրման” ծրագրի ծիրէն ներս:
Փետրուար 20-ին մեկնարկած է “Արեւելահայերէնի եւ ռուսերէնի անվճար դասընթացներ սիրիահայերու համար” ծրագրի 2-րդ փուլը: Դասընթացը իրականացուած է վարչութեան եւ “Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն” ՀԿ-ի կազմակերպմամբ, ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Հայաստանի գրասենեակի (UNHCR) ֆինանսաւորումով, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ “Ռոսսոտրուդնիչեստվօ”-ի հայաստանեան գրասենեակի հետ համագործակցութեամբ:
Վարչութիւնը իրականացուցած է ՄԱԿ-ի Պարէնի համաշխարհային ծրագրի “Պարէնային աջակցութիւն սիրիահայ ընտանիքներուն” ծրագրի նախապատրաստական եւ կազմակերպչական աշխատանքները:5
Ապրիլի 28-ին վարչութիւնը աջակցած է “Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոնէ ՀԿ-ին` ՄԱԿ ՓԳՀ-ի աջակցութեամբ, “Համաձուլման ճամբէքով” համաժողովի կազմակերպման: Համաժողովը նուիրուած էր Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու հիմնախնդիրներուն:
Յունիս 1-ին “Առնօ Պապաճանեան” համերգասրահէն ներս կազմակերպուած է սուրիահայերու “Շառաւիղ” մանկապատանեկան երգչախումբի համերգը` նուիրուած Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային oրուան:
Յուլիս 6-20 եւ Օգոստոս 12-26 վարչութիւնը, “Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն” ՀԿ-ի հետ համատեղ, կազմակերպած է սուրիահայ 40 երեխաներու մասնակցութիւնը Վիքիմեդիա ճամբար` Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցուոյ Գուգարաց թեմի “Ծիծեռնակ” ճամբար:
Յուլիսի 21-28-ը վարչութիւնը, Լոռու մարզպետարանի աջակցութեամբ, կազմակերպել է 10-14 տարեկան սիրիահայ 20 երեխաների ամառային հանգիստը Վանաձորի ճամբարում:
Օգոստոս 16-ին վարչութիւնը կազմակերպած է սուրիահայ 16 ձեռագործ վարպետներու մասնակցութիւնը ՀՀ տնտտեսութեան նախարարութեան եւ “Մետիա Օնիքս” ընկերութեան կողմէն Դիլիջանի մէջ կազմակերպուած «մշակութային վերածնունդ” խորագիրով` “Գորգագործութեան եւ դեկորատիւ-կիրառական արուեստներ”-ու փառատօնին:
Օգոստոս 26-ին վարչութիւնը աջակցած է “Քեսապ” հայրենակցական միաւորում ՀԿ-ին` “Արամ Խաչատրեան” համերգասրահէն ներս Քեսապի վերականգնման նուիրուած բարեգործական համերգի կազմակերպման:
Օգոստոս 29-ին եւ 30-ին վարչութիւնը` “Երգում է 70-ականների Երեւանը” նախագիծի հետ համատեղ “Արամ Խաչատրեան” համերգասրահի մէջ կազմակերպած է “Երգում է 70-ականների Երեւանը եւ Հալէպը” համերգային ծրագիրը` hայաստանցի եւ սուրիահայ արուեստագէտներու մասնակցութեամբ: Համերգը կազմակերպուած է ՀՀ ՍՆ եւ ՀԲԸՄ հովանաւորութեամբ, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ:
Վարչութիւնը, “Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն” ՀԿ-ի հետ համատեղ, իրականացուցած է սուրիահայ ուսանողներու 2014-2015 ուսումնական տարուան ուսման վարձավճարներու փոխհատուցման ծրագրի կազմակերպչական աշխատանքները:
Սեպտեմբեր 5-ին Երեւանի Նար-դոսի անուան թիւ 14 հիմնական դպրոցի մէջ, ուր կրթութիւն կը ստանան Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայ շուրջ 70 աշակերտներ, կազմակերպուած է Քուէյթի Պետութեան նիւթական աջակցութեամբ վերազինուած համակարգչային դասարանի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Սեպտեմբեր 23-ին վարչութիւնը` “Քեսապ” հայրենակցական միաւորում ՀԿ-ի հետ համատեղ կազմակերպած է` Սուրիոյ Քեսապ հայաբնակ շրջանին նուիրուած երկու գիրքերու` քեսապահայ լեզուաբան, մտաւորական Յակոբ Չոլաքեանի “Քեսապի երեք օրերը (21-23 Մարտ 2014)” գիրքի եւ Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի գիտաշխատող Ռաֆֆի Քորթոշեանի “Քեսապի շրջանի պատմական յուշարձանները” աշխատութեան շնորհանդէսը:
Դեկտեմբեր 3-ին վարչութիւնը “Սուիրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն” ՀԿ-ի հետ համատեղ եւ ՄԱԿ ՓԳՀ հայաստանեան գրասենեակի աջակցութեամբ կազմակերպած է “Տտեղահանութիւն, կրթութիւն, յանձնառութիւն” խորագիրով` Հայաստանի համալսարաններէն ներս ուսում ստացող սուրիահայ ուսանողներու համագումարը: Քննարկուած են սուրիահայ ուսանողներու հիմնախնդիրները եւ անոնց լուծման ընթացակարգը` ՀՀ համալսարաններու ներկայացուցիչներու եւ ուսանողների մասնակցութեամբ:
Ընդունած է շուրջ 2200 սուրիահայեր` տարբեր խնդիրներով, որոնցմէ` 532-ը` առողջապահական, 350-ը` աշխատանքի ապահովման, 275-ը` մեքենաներու մաքսազերծման, 166-ը` կրթական, 200-ը` նիւթական աջակցութեան, 90-ը` փաստաթղթային, 580-ը` այլ:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը, “Հայերն այսօր” ելեկտրոնային պարբերականի նախաձեռնութեամբ եւ “Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն” հասարակական կազմակերպութեան հետ համագործակցութեամբ, նախաձեռնած է իւրայատուկ ծրագիր` “Պարգեւի’ր ուրախ Ամանոր” խորագիրով: Ծրագրին միացած են համահայկական, միջազգային եւ հասարակական շարք մը կազմակերպութիւններ, ձեռնարկութիւններ, անհատներ:
Ծրագրի առաջին փուլը իրականացուած է Դեկտեմբեր 22-ին Դարբնիկի մէջ` իրաքահայ եւ սուրիահայ 50-է աւելի երեխաներու համար` Երիտասարդական ակումբներու դաշնութեան (ԷԱԴ, www.fyca.net) հետ համատեղ:
Ծրագրի երկրորդ` “100 յայտնիները` սուրիահայ 100 երեխաներու համար” փուլի ծիրէն ներս 100 յայտնի հայեր Հայաստանի մարզերու եւ Երեւանի արուարձաններու մէջ բնակութիւն հաստատած 100 սուրիահայ, ինչպէս նաեւ ուքրանահայ երեխաներու համար “100” խորհրդանշական թիւով ամանորեայ անուանական նուէրներ պատրաստած են:
Ծրագրի երրորդ փուլի ծիրէն ներս 100 սուրիահայ եւ իրաքահայ երեխաներու համար նուէրներ պատրաստած են համահայկական եւ միջազգային կառոյցները, հասարակական կազմակերպութիւններն ու հայաստանեան ձեռնարկութիւնները, ինչպէս նաեւ անհատ բարերարները:
Վարչութիւնը ապահոված է տարածաշրջանի համայնքներու մասնակցութիւնը “Արի տուն”, “Սփիւռք ամառնային դպրոց” ծրագրերուն, “Իմ Հայաստան” համահայկական փառատօնին: