Ֆրանսայի ՄԷջ Զապէլ Եսայեանի Անունով Փողոց Պիտի Անուանակոչուի

Ֆրանսական Վիրոֆլ քաղաքին մէջ հետիոտնի ճանապարհ մը պիտի կոչեն հայ ճանչցուած գրող Զապէլ Եսայեանի անունով, որ 1920-ական թուականներուն ապրած է այս քաղաքին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Nouvelles d’Armռnie» պարբերականը` աւելցնելով, որ արարողութիւնը նախանշուած է Յունուար 24-ին:

Զապէլ Եսայեան ծնած է 1878 թուականի Փետրուար 5-ին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ: Ան յագեցած գրական եւ քաղաքական  աշխատանք ունեցած է Արեւելքի եւ Ֆրանսայի միջեւ: Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան ան յաջողած է փախչիլ Եւրոպա: Երկար տարիներ ապրած է Ֆրանսայի մէջ: Այս մասին
կը գրէ News.am-ը:

1933 թուականին Զապէլ Եսայեան հեռացած է Եւրոպայէն եւ բնակութիւն հաստատած Հայաստանի մէջ: Սակայն 1937 թուականին ան սթալինեան բռնարարքներու զոհ  դարձած է. Անոր մեղադրած են Խորհրդային միութեան դէմ լրտեսութեան մէջ: Գրողին աքսորած են Սիպիր, այնտեղ ալ մահացած է, հաւանաբար, 1943 թուականին, 65 տարեկանին:

Scroll Up