Ամանորի Սեմին Հալէպի Տարբեր Շրջաններ Հրթիռակոծման Ենթարկուեցան

Երեքշաբթի 30 Դեկտեմբեր 2014-ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ հրթիռակոծման ենթարկուեցան Հալէպի զանազան շրջանները, որոնց մէջ նաեւ հայահոծ թաղամասեր՝ Սուլէյմանիէն ու Նոր գիւղը։ Սուլէյմանիէի մէջ ինկած հրթիռի մը պայթումին հետեւանքով վիրաւորուեցան մէկէ աւելի քաղաքացիներ, որոնց մէջ նաեւ հայորդիներ, լուրջ վնասներ կրեցին շրջանի աշխատավայրերն ու բնակարանները։ Այս մասին կը հաղորդէ “Գանձասար”-ը:

Միւս կողմէ, պետական աղբիւրներ հաստատեցին, թէ ելեկտրականութիւնն ու ջուրը աստիճանաբար սկսան միանալ շուրջ 5 օրուայ մնայուն անջատումէն ետք։

Scroll Up