Լսէ՛ Թուրքիա, Մենք Կը Յիշենք Եւ Կը Պահանջենք

Դեկտեմբեր 24-ին ԱՀԹ Ս.Երրորդութիւն եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ հանդիսատեսի դատին յանձնուեցաւ «Լսի՛ր Թուրքիա, մենք յիշում ենք եւ պահանջում» ներկայացումը, որ բեմադրած էին Արարատեան Հայրապետական թեմի երիտասարդները: Այս մասին կը յայտնէ ԱՀԹ տեղեկատուական բաժինը:
Ներկայացումը սկսաւ Տէրունական աղօթքով, ապա Տ. Պետրոս աւագ քահանայ Մալեան ներկաներուն փոխանցեց Տ.Նաւասարդ արքեպիսկոպոսի ողջոյներն ու օրհնութիւնները:
Ներկայացումը կառուցուած էր դատի տեքսով, որուն ընթացքին մարդասպան Թուրքիան կը փորձէր արդարացնել իր ոճիրը: Դատարանին մէջ իբրեւ նախճիրի վկաներ հանդէս կու գային մտաւորականներն ու հայդուկները, նորահարսերն ու մանուկները, հայոց լեռներն ու դաշտերը, սարերն ու գետերը: Ներկայացման նպատակը աշխարհին եւս մէկ անգամ յիշեցնելն էր հայ արդար դատը` « Լսէ՛ Թուրքիա, Մենք Կը Յիշենք Եւ Կը Պահանջենք» կոչով:
Ներկայացումէն ետք մասնակից երիտասարդները ԱՀԹ առաջնորդական փոխանորդ գերաշնորհ Տ.Նաւասարդ արքեպիսկոպոսի անունէն նուէր ստացան Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը խորհրդանիշ անմոռուկ ծաղիկի կրծքանշաններ:
Այս «Հայոց մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» ծրագիրի ոգեկոչման 8-րդ ձեռնարկն էր, որ Տ.Նաւասարդ արքեպիսկոպոսի օրհնութեամբ եւ երիտասարդաց կառոյցներու հոգեւոր պատասխանատու Տ. Պետրոս աւագ քահանայ Մալեանի համակարգմամբ թեմի երիտասարդները կ’իրականացնեն ամէն ամսու 24-ին:
«Հայոց մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» ծրագիրի յաջորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ Յունուար 24-ին: