Միջգերատեսչական Նիստին Ամփոփուեցան «Արի Տուն», «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց Ծրագիրներու Եւ «Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնի Արդիւնքները
Դեկտեմբեր 24-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ կայացաւ «Արի տուն», «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրներու եւ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի միջգերատեսչական համակարգող յանձնաժողովի ընդլայնուած նիստը, որ կը վարէր ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Նիստին կը մասնակցէին ՀՀ տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեան, նախարարութիւններու, մարզպետարաններու, ՏԻՄ ղեկավար կազմի, «Արի տուն» ծրագիրի հիւրընկալ ընտանիքներու ներկայացուցիչներ, հասարակական, հայրենակցական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ:
Ամփոփելով 2014թ. ծրագիրներու իրականացման արդիւնքները` ՀՀ սփիւռքի նախարարը նշեց, որ ատոնց իրականացման բարեյաջող ընթացքին եւ գոհացուցիչ արդիւնքներուն մեծապէս նպաստած է պատկան գերատեսչութիւններու եւ մարզպետարաններու պատրաստակամ եւ բարեխիղճ աշխատանքը: «Այս տարի «Արի տուն» ծրագրի առանձնայատկութիւններից մէկն այն էր, որ մասնակիցներ ունեցանք Տիարպեքիր-Տիգրանակերտի իսլամացած հայերից, որոնք վճռականութիւն էին ցուցաբերել վերադառնալու իրենց ազգային ակունքներին, – նշեց նախարարը` աւելցնելով, – ծրագրի շրջանակներում մենք 80 երիտասարդի հիւրընկալեցինք Արցախ աշխարհից, 20-ին` 2014թ. երիտասարդութեան մայրաքաղաք հռչակուած Սիսիան քաղաքից»:
Այնուհետեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, զեկուցելով ծրագիրներու արդիւնքներու մասին, նշեց, որ ատոնք իրականացուած են ամբողջական ծաւալներով` առանձին պարագաներով գերազանցելով նախանշուած ցուցանիշները: «Իմ Հայաստան» փառատօնին 1000-ի փոխարէն մասնակցել է 1500 մարդ` աշխարհի 20 երկրից, «Սփիւռք» ամառային դպրոցի մասնակիցների թիւը 2014թ.-ին հասաւ շուրջ 300-ի, իսկ «Արի տուն» ծրագրին 1000 մասնակցի փոխարէն հիւրընկալեցինք 1071 սփիւռքահայ պատանիների եւ երիտասարդների»:
Ծրագիրներու իրականացման ընթացքին մասին պատմող տեսանիւթի դիտումէն ետք ՀՀ տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեան նշեց. «Այսօր շատ դժուար է անգամ համախմբել տարեցներին, էլ չեմ խօսում երիտասարդների մասին, ովքեր ծնուել-մեծացել են օտար երկրում եւ նոյնիսկ չեն խօսում հայերէն: Տիկին Յակոբեանը, որպէս լաւ ղեկավար, կարողացաւ յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները, յաջողութեամբ իրականացնել սկսած ծրագրերը: Հաւատացա՛ծ եղէք, որ մեր նախարարութիւնը միշտ եղել ու շարունակելու է մնալ Ձեր կողքին»:
Շնորհակալութիւն յայտնելով բարձր գնահատականի համար` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր երեխայ, որ գոնէ մէկ անգամ այս ծրագիրներէն որեւէ մէկով ոտք դնէ հայրենի հողին, այլեւս կը մնայ հայ` ուր որ ալ գտնուի եւ ինչ պայմաններու մէջ ալ ապրի: «Անցած տարիների ընթացում հազարաւոր երեխաներ են եկել Հայրենիք, եւ բոլորն էլ անփորձանք վերադարձել են իրենց բնակութեան երկրներ: Բոլոր միջոցառումներն անցել են անվտանգ ու առանց փորձութիւնների, քանի որ փրկարար ջոկատներն ապահովել են մասնակիցների անվտանգութիւնն ու որեւէ մասնակից երբեք չի տուժել: Այդ հարցում մեծ դեր է խաղացել ՀՀ արտակարգ իրավիճակների նախարարութիւնը` ի դէմս նախարար Արմէն Երիցեանի», – նշեց ՀՀ սփիւռքի նախարարը:
Այնուհետեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պարգեւներուն արժանացան ծրագիրներու իրականացման աջակից կառոյցներու ներկայացուցիչները:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւով` Ոսկէ մետալով պարգեւատրուեցաւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետի տեղակալ Վանիկ Մինասեան:
«Սրտացաւ գործընկեր» անուանակարգին մէջ մրցանակի արժանացան ՀՀ տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու, ՀՀ առողջապահութեան նախարարութիւնները եւ ՀՀ ԿԱ ՀՀ Ոստիկանութիւնը, «Հայրենասիրական դաստիարակութեան ապահովում» անուանակարգին մէջ` ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, «Պատրաստակամ գործընկեր» անուանակարգին մէջ` ՀՀ արտաքին գործերու, ՀՀ մշակոյթի, ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնները, Արմաւիրի եւ Արագածոտնի մարզպետարանները, «Յուսալի գործընկեր» անուանակարգին մէջ` Երեւանի քաղաքապետարանը, Արարատի եւ Կոտայքի մարզպետարանները, «Լաւագոյն համայնք» անուանակարգին մէջ` Վեդիի, Ջրվէժի, Փարաքարի, Աշտարակի համայնքները, «Մեծաթիւ հիւրընկալում» անուանակարգի մէջ` Տափերական եւ Պռոշեան համայնքները, «Պատրաստակամ գործընկեր» անուանակարգին մէջ` Արարատի, Փոքր Վեդիի եւ Եղուարդի համայնքները, «Յաջողած մեկնարկ» անուանակարգին մէջ` Արշալոյսի, Կարբիի, Աւշարի համայնքները, «Մասնակցութեան համար» անուանակարգին մէջ` Մխչեանի եւ Մուսալեռ համայնքները:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրով պարգեւատրուեցան հիւրընկալ ընտանիքներու ներկայացուցիչներ Լաւրենտի Միրզոյեան (Էրեբունի վարչական շրջան, հիւրընկալած է 5 մասնակից), Անահիտ Առաքէլեան – (Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջան, հիւրընկալած է 4 մասնակից), Համազասպ Ստեփանեան (Դաւիթաշէն վարչական շրջան, հիւրընկալած է 3 մասնակից), Արա Ստեփանեան (Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջան, հիւրընկալած է 3 մասնակից), Ամալեայ Աւադեան (Աջափնեակ վարչական շրջան, հիւրընկալած է 4 մասնակից):
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիրներով պարգեւատրուեցան Երեւանի քաղաքապետարանի, տարբեր վարչական շրջաններու, «Զուարթնոց» արգելոց-թանգարանի, Գառնիի հեթանոսական տաճարի, Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրի, Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարանի, ՀԲԸՄ Վիրտուալ համալսարանի ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ: