Վիգէն Սարգսեան. «21-րդ Դարը Ոչ Թէ Աշխարհը Երկու Մասի Բաժնելու Դար է, Այլ` Համագործակցութեան»
Եգիպտոսի «Ալ Եաում» հեռուստաընկերութիւնը եթեր հեռարձակած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանի հետ հարցազրոյցը: Յառաջիկային եթերին կ’ըլլան նաեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, եւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ հարզազրոյցները:
Երկու շաբաթ շարունակ յատուկ առաքելութեամբ Հայաստանի մէջ էին Եգիպտոսի քանի մը հեռուստաընկերութիւններու խումբ մը աշխատակիցներ, որոնց նպատակն էր եգիպտական լսարանին փոխանցել Հայաստանի մասին տպաւորութիւններն ու տեղեկատուութիւնը: Հայաստանեան այցի ծիրէն ներս անոնց կ’աջակցէր նաեւ «Հայերն այսօր»-ը:
Յայտնի հաղորդավար Մարիամ Զաքին նշած է, որ այս շարքին մէջ պիտի ներկայացնեն նաեւ Հայաստանի «Հոգին ու պատմութիւնը»:
-Իր պատմութեան ընթացքին Հայաստանը միշտ փորձած է որդեգրել հաւասարակշռուած դիրքորոշումներ, միշտ բարձր գին վճարած է իշխանութեան համար պայքարող գերտերութիւններու համար, եւ կը թուի, թէ հէնց հայերը եղած են այդ ամէնուն կեդրոնին մէջ: Այսօր մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս Հայաստանը կ’որդեգրէ Եւրոպայի եւ Արեւելքի միջեւ հաւասարակշռուած դիրքորոշումներ, մասնաւորապէս Եւրասիայի եւ Եւրոպայի միջեւ: Ո՞ր ուղղութեամբ Հայաստան պիտի շարժի եւ ինչու՞ պէտք է որդեգրէ հաւասարակշռուած դիրքորոշումներ:
-Հայաստան նման դիրքորոշումներ կ’ընդունի, որովհետեւ երկիրը կը հաւատայ այն աշխարհին, որ սեւ ու սպիտակ չէ, եւ որովհետեւ երկիրը բաց է համագործակցութեան համար այն երկիրներուն հետ, որոնք շահագրգռուած են: Մենք մեր միջազգային գործընկերներուն հետ նախաձեռնած ձեռնարկները միշտ ալ իրականացուցած ենք, եւ կը խոստանանք ընել այն, ինչ կրնանք ընել: Իսկ ատիկա կը դիտուի իբրեւ հաւասարակշռուած դիրքորոշում, բայց իրականութեան մէջ ատիկա աւելի շատ հիմնուած է Հայաստանի` ազգային շահերը պաշտպանելու համար Եւրասիական տարածաշրջանի երկիրներու հետ համագործակցութեան եզրեր գտնելու վրայ: Այդ տարածաշրջանը երկար ժամանակ բաժնուած եղած է, եւ մենք կը կարծենք, որ 21-րդ դարը ոչ թէ աշխարհը երկու մասի բաժնելու դար է, այլ` համագործակցութեան դար, ինչպէս նաեւ լուծելու այն մեծ խնդիրները, որոնք մէկ միաւոր չի կրնար լուծել ինքնուրոյն:
–Այդ լոյսի ներքոյ ինչպէ՞ս կը պատկերացնէք Հայաստանի եւ արաբական աշխարհի միջեւ համագործակցութիւնը, երբ արաբական աշխարհի մէջ այդքան շատ խնդիրներ կան:
-Հայաստան արաբական աշխարհին հետ միշտ ալ ունեցած է բարի դրացիական յարաբերութիւններ: Երկու ազգերը դարեր շարունակ ապրած են կողք կողքի: Յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն արաբները գրկաբաց ընդունած են հարիւր հազարաւոր հայերու, որոնք զրկուած էին իրենց հայրենիքէն: Այդ առումով, արաբները շատ նպաստած են ընկերական յարաբերութիւններուն:
–Ատիկա շատ բնական էր…
-Ես բարձր կը գնահատեմ ձեր ըսածը, բայց չեմ կարծեր, որ 20-րդ դարու սկիզբը ընկերոջ կամ նոյնիսկ հարեւանի համար միջամտելը շատ բնական էր, ատիկա բնական էր արաբ ժողովուրդին համար, բայց ոչ այդ ժամանակուան միջազգային քաղաքականութեան մէջ: Ատով մենք կ’առաջնորդուինք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն` հիմք ընդունելով չորս հիմնասիւն` յիշողութիւն` լայն իմաստով, երախտագիտութիւն այն անձանց, կազմակերպութիւններուն եւ երկիրներուն, որոնք ձեռք մեկնեցին Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրածներուն, երրորդը` մարդատեացութեան եւ մարդկութեան դէմ յանցանքներու, մասնաւորապէս` Ցեղասպանութեան դէմ պայքարին մեր նպաստն է: Այդ պատճառով 2015 թուականին Հայաստանի մէջ պիտի իրականացուին ցեղասպանութեան կանխարգելման նուիրուած բազմաթիւ ձեռնարկներ` յառաջատար միջազգային մասնագէտներու մասնակցութեամբ, եւ չորրորդը` Ցեղասպանութենէն ետք հայերու վերածնունդը տօնելն է, քանի որ շատ հազուադէպ է, որ այս ողբերգութենէն ետք, հայերը զօրակոչուած են, հռչակած Հայաստանի Առաջին հանրապետութիւնը, յետոյ Սովետական հանրապետութիւնը, իսկ յետոյ աւելի ուշ` Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ կատարած են շատ գործեր, եւ հարիւրամեակը լաւ առիթ է այդ ամէնուն անդրադառնալու համար:
–Դուք նշեցիք, որ հիմնասիւներէն մէկը` ցեղասպանութիւններու կանխարգելումն է: Ինչպէս կը տեսնէք, արաբական աշխարհի մէջ տեղի կ’ունենան ցեղասպանութիւններ եւ տեղահանութիւններ: Ինչպէ՞ս կը նայի Հայաստանը այս ամէնուն եւ, ըստ Հայաստանի` որո՞նք են հիմնական պատճառները:
-Ահաւոր ողբերգութիւն է: Նոյնիսկ մէկ մարդու կորուստը ողբերգութիւն է: Դուք ճիշդ էք, երբ նշեցիք Սուրիան: Ինչպէս գիտէք, Հայաստան միշտ ալ վայելած է Սուրիոյ հետ աւանդական, եղբայրական յարաբերութիւններ, եւ հայերու համար ողբերգալի է տեսնել, թէ ինչ կը կատարուի այդ երկրին մէջ, ինչպէս նաեւ, թէ ինչ կը կատարուի եզտիներուն հետ: Մենք բոլորս բաւական չափով չենք սերտած պատմութեան դասերը: Գիտնականները կը պնդեն, թէ այդ ամէնը աւարտած է Արեւմուտքի եւ Արեւելքի հակադրութեամբ, բայց այն աւարտած չէ, եւ կ’արտայայտուի: Մենք կը կարծենք, որ հնարաւոր է դուրս գալ այս ամէնուն մէջէն` համատեղ եւ տեւական լուծումներով:
-Կը կարծէք հնարաւո՞ր պիտի ըլլայ գտնել դիւանագիտական լուծում:
-Յոյսով ենք:
-Դուք ատիկա կը պատկերացնէ՞ք:
-Տէ, երբ կը դադրիս պատկերացնել, ուրեմն պէտք է հաշտուիս իրականութեան հետ եւ չփորձես փոխել զայն: Այնպէս, որ Հայաստան յոյսով է, որ հնարաւոր պիտի ըլլայ այս հարցին տալ դիւանագիտական լուծում:
-Աւելի պարզ ըսեմ. Թուրք-սուրիական սահմանին մէջ կը կազմաւորուի նոր քրտական պետութիւն` Քիւրտիստանը, եւ մենք կը ստանանք տեղեկութիւններ, ըստ որոնց «իսլամական պետութեան» կողմէ աջակցութիւն կը տրամադրուի Թուրք-սուրիական սահմանով: Այս ամէնը կրնայ պայթիլ: Այդ սենարին մէջ, կրնա՞ք բացատրել, թէ ինչ է Հայաստանի դիրքորոշումը եւ ձեր կարծիքը Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերեալ:
-Այդ առումով, Հայաստան պէտք է շատ զգոյշ ըլլայ, քանի որ, ինչպէս արդէն նշեցիք, հնարաւոր է, որ այդ ամէնը պայթի, եւ քանի որ մենք դեռեւս ունինք Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը, ատիկա կը մնայ իբր բաց վէրք, մինչեւ ատոր կարգաւորումը: Մենք արդէն 20 տարի է, որ կը բանակցինք վերջնական լուծման համար: Մենք կը զգանք, որ այս ամէնը կրնայ բացասական հետեւանքներ ունենալ տարածաշրջանի, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի վրայ: Պէտք է աւելին ուղղակի քայլեր ձեռնարկուին` յետագայ զարգացումները կանխելու համար, ինչպէս նաեւ գտնելու տարածաշրջանին եւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար միջոցներ:
-Դուք խօսեցաք Լեռնային Ղարաբաղի մասին: Ատրպէյճանցիներն ունին պան-թրքական գաղափարախօսութիւն, ըստ որուն թուրքերը մաս կը կազմեն իրենց ազգին: Անով կ’արտայայտուի այն, թէ ինչ կը կատարուի Միջին Արեւելքի մէջ, ուր կայ թրքական կառավարութեան ուղղակի միջամտութիւնը: Հնարաւոր է ատիկա կախուած է գաղափարախօսութենէ, կամ այլ բանէ, բայց ասոնք են փաստերը: Այդ պարագային, միթէ՞ Հայաստան չզգար այս գաղափարախօսութեան սպառնալիքը Ատրպէյճանէն, որ փակ կը պահէ ձեր երկրի անմիջական հարեւանին հետ սահմանը եւ միաժամանակ կը դառնայ Միջին Արեւելքի մէջ շատ տառապանքներու պատճառ:
-Դուք միանգամայն ճիշդ էք, Ատրպէյճանը բացայայտ կը խօսի մէկ ազգ, երկու երկրի մասին, այսինքն` Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը, նոյնը կ’ընեն թրքական իշխանութիւնները: Մենք նաեւ կը տեսնենք, թէ ինչպէս Թուրքիոյ կառավարութիւնը ու նախագահը կը խօսին նէօ-օսմանեան արտաքին քաղաքականութեան մասին, կարծէս թէ մարդիկ կը կարօտնան օսմանեան ժառանգութեան, այսինքն` տարածաշրջանի վրայ քաղաքական ազդեցութիւնը եւ ոեւէ մէկը կ’ուզէ տեսնել ատոր վերականգնումը: Ընդհանուր առմամբ, ինծի համար չափազանց զարմանալի է, թէ ինչպէս կրնայ որեւէ երկիր այս դարուն խօսի նէօ-իմփերիալիզմի մասին, իսկ Օսմանեան կայսրութեան քաղաքականութիւնը նէօ-իմփրիալիզմի քաղաքականութիւն էր: Կը կարծեմ, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է շատ բաց ու պարզ խօսի այս ամէնուն մասին, քանի որ արտաքին քաղաքականութեան մէջ բառերը նշանակութիւն ունին: Երբ դուն կը կիրառես նման բառեր, անկէ կը բխին հետեւանքներ, որոնք շատ աւելին են, քան այն, ինչ մարդուն կրնայ թուալ: Այնպէս, որ այդ քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ հարեւաններուն հետ զերօ խնդիրներ քաղաքականութիւնը, եւ ես միշտ կ’աւելցնեմ` հարեւաններու հաշուին, չեմ կարծեր, որ կրնայ գործել 21-րդ դարուն: Կը կարծեմ, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ դեռեւս փակ սահմանը ամօթալի է այս դարուն, քանի որ 21-րդ դարը հաղորդակցութեան, գործակցութեան, հնարաւորութիւններու ստեղծման դար է, իսկ 20-րդ դարու ընթացքին աշխարհը հասկցած է, որ նման համագործակցութիւն կրնայ աւելի շատ օգնել լուծելու խնդիրները, քան ստեղծելու նոր խնդիրներ: Հայաստանի համար տարօրինակ է, երբ Թուրքիան յոյս կը յայտնէ բանալ սահմանը Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորումէն ետք: Սահմանի բացումը ինքնին կրնայ ծառայել իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ այլ հակամարտութիւններ լուծելու համար հրաշալի գործիք: Միայն համագործակցութեան միջոցով կարելի է օգնել ժողովուրդներուն աւելի շատ վստահելու իրար, իսկ վստահութիւնը շատ կարեւոր բան է հակամարտութիւններու լուծման հարցին մէջ: Պարզ է, որ Թուրքիան մէկ կողմ բռնած է այս հակամարտութեան, եւ ատիկա ըրած է հէնց հակամարտութեան ծագումէն սկսած: Ուստի, ամէն անգամ, երբ Թուրքիան փորձէ ստեղծել այն տպաւորութիւնը, թէ ան կ’ուզէ չէզոք ըլլալ կամ օժանդակ կողմ, Հայաստանի կառավարութիւնը եւ հասարակութիւնը երբեք ալ չեն վստահիր Թուրքիային:
Անգլերէնէ հայերէն թարգմանութիւնը` «Հայերն այսօր»-ին: