Սերժ Թանկեան Կը Հաստատէ. Ճորճ Քլունին Պիտի Այցելէ Հայաստան

Հոլիուուտեան յայտնի դերասան Ճորճ Քլունին 2015թ. Ապրիլին պիտի այցելէ Հայաստան: «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ` շրջանառուող լուրը Instagram­ի իր էջին վրայ հաստատած է System Of A Down­ ի մեներգիչ Սերժ Թանկեան:

«Լուրեր կը տարածուին, թէ Ճորճ Քլունին յաջորդ Ապրիլին մեզի հետ կը մեկնի Հայաստան: Ատիկա անհերքելի ճշմարտութիւն է»,­ գրած է Թանկեան:

System Of A Down (SOAD) ռոք խումբը յայտարարած է համաշխարհային նոր շրջագայութեան մասին, որուն առաջին համերգը Դեկտեմբեր 13­ին էր Լոս Անճելըսի The Forum համերգասրահին մէջ: Այնուհետեւ 2015­ի Ապրիլ 10­-20 խումբը համերգներ պիտի ունենայ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ (10­ին), Գերմանիոյ (13­ին), Ֆրանսայի մէջ (14­ին), Պելճիգայի (16­ին),  Հոլանտայի (17­ին) ու Ռուսաստանի մէջ (20­ին):

Ապրիլ 23-­ին` Հայոց Ցեղասպանութեան 100­-ամեայ տարելիցի նախօրէին, խումբը բացօթեայ համերգ  պիտի տայ Երեւանի մէջ` Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Համերգային շրջագայութիւնը կ’իրականացուի Wake up the souls (Արթնցուցէք հոգիները) խորագիրով:

«Խումբը, ինչպէս գիտէք, երկար տարիներ պայքար կը մղէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման ուղղութեամբ: Անոնց արուեստը բարձր գնահատանքի  արժանացած է ամբողջ աշխարհի մէջ, յատկապէս երիտասարդներու մօտ:

Երեւանեան համերգը պիտի կայանայ միջազգային համերգաշարի ծիրէն ներս, որ պիտի ընդգրկէ Լոնտոն, Քեօլն, Լիոն, Պրիւքսէլ, Ամսթըրտամ, Մոսկուա քաղաքները»,­ նման յայտարարութեամբ  հանդէս եկած էր ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան` աւելցնելով, համերգները ուղղուած կ’ըլլան Ցեղասպանութեան
100­-րդ տարելիցի ոգեկոչման եւ կ’ըլլան անվճար:

System of a Down­ը մետալ խումբ է, որ ստեղծուած է 1994 թ. Լոս ­Անճելըսի մէջ: Խումբը կը ներկայացնեն Սերժ Թանկեան (վոկալ, ստեղնաշարային գործիքներ), Ճոն Տօլմայեան (հարուածային գործիքներ), Տարօն Մալաքեան (Տարօն Մալախեան) (կիթառ, վոկալ) եւ Շաւօ Օտաճեան (Շաւարշ Օտաճեան) (պաս կիթառ): Անոնք ընտրեցին System Of A Down անուանումը, որ հիմնուած էր Տարօն Մալաքեանի գրած  բանաստեղծութեան վրայ, որ ան կոչած էր Victims Of A Down:

 

Scroll Up