ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Ամերիկայի Առեւտրային Պալատի Նախագահ Տիգրան Ջրպաշեանը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/12/01152.jpg)
ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Ամերիկայի առեւտրային պալատի նախագահ Տիգրան Ջրպաշեանը:
Նախարարը բարձր գնահատեց կառոյցի 14-ամեայ գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ եւ կարեւոր նկատեց հանրապետութեան մէջ գործարար միջավայրի բարելաւման նպաստող նման կազմակերպութիւններու համագործակցութիւնը իրարու եւ պետական կառոյցներու հետ, որ էականօրէն կը նպաստէ ներդրումներու աւելացման:
Քննարկուեցաւ ոլորտին առնչուող խնդիրներ, օրէնսդրական դաշտի կարգաւորման, Հայաստանի վարկը օտար եւ սփիւռքահայ ներդրողներու շրջանին մէջ բարձրացնելու եւ վստահութիւն ներշնչելու ուղղութեամբ համատեղ աշխատանքներ իրականացնելու հետ կապուած հարցեր:
Տիգրան Ջրպաշեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ ներկայացուց Հայաստանի մէջ Ամերիկայի առեւտրային պալատի (AMCHAM) գործունէութիւնն ու իրականացուող աշխատանքները, համագործակցութեան հնարաւոր ուղիները:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան առաջարկեց առաւել հանգամանալից ուսումնասիրել ներդրումային հնարաւորութիւններն ու միջավայրը, առաւել աշխուժօրէն համագործակցելու տարբեր երկիրներու եւ Հայաստանի մէջ գործող հայկական առեւտրային, արդիւնաբերական եւ նմանատիպ այլ կազմակերպութիւններու, մասնաորապէս` Հայկական առեւտրային ցանցի (ՀԱՑ) հետ եւ նպաստել երկրի
տնտեսութեան զարգացման, ազգային ներուժի համախմբման: