Եգիպտացի Յայտնի Հաղորդավարը կը Պատմէ Հայաստան Այցի Իր Տպաւորութիւններու Մասին (արաբերէն տեսանիւթ)
Օրեր առաջ, յատուկ առաքելութեամբ մը Հայաստան այցելեց արաբական “Ալ Եաում” հեռուստաընկերութեան, “ Ալա Ալ Հաուա” հաղորդման յայտնի հաղորդավար՝ Մարիամ Զաքի. մէկ շաբաթ տեւող աշխատանքային այցէն ետք, Մարիամ Եգիպտոս վերադարձին իր հաղորդումը նուիրած է Հայաստանին ու պատմած իր իրականացուցած աշախատանքներու եւ տպաւորութիւններու մասին։
“Մեր հաղորդումը արաբական աշխարհի մէջ առաջինն է, որ հրաւէր ստացաւ Հայաստան այցելելու, Հայաստան, որուն մասին հաւանաբար շատ քիչերը գիտեն, մենք գացինք ձեզի բերելու Հայաստանի պատմութիւններն ու հանդիպումները”- իր բանաւոր խօսքին մէջ հեռուստատեսութեամբ յայտնած է հաղորդավարը։
“Այստեղէն ձեզի պիտի ներկայացնենք երկրի հոգին, պատմութիւնը եւ հանդիպումներ երկրի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ… միասնաբար պիտի երթաք Հայաստանի ձեր երեւակայած եւ չերեւակայած վայրերը, պիտի երթաք նախագահական պալատ եւ հանդիպինք նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգիսեանի հետ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի, Հայաստանի Արտաքին գործերու փոխնախարար Սերգէյ Մանասարեանի, Տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեանի եւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ (հայերը սփիւռքի մէջ մեծ թիւ ունենալու պատճառով անոնց համար յատուկ նախարարութիւն ստեղծած են), որ ճանչցուած է իբրեւ երկաթեայ Տիկին, եւ երբ լսէք անոր հարցազրոյցը պիտի համոզուիք, որ ան իսկապէս երկաթեայ է”- ըսաւ Մարիամ Զաքի։
“Հանդիպեցանք նաեւ մարդոց հետ, որոնց հայրերն ու մեծ հայրերը ականատես եղած են Օսմանեան իշխանութեան կազմակերպած հայոց հաւաքական ցեղասպանութեան, ցեղասպանութիւն, որ 1,5 միլիոն հայ բռնագաղթի ենթարկեց, վտարեց իր հողերէն՝ Անատոլիայի շրջանէն, արեւելեան վեց նահանգներէն, 1,5 միլիոն բռնագաղթի ենթարկուեցաւ սուրիական սահմանի վրայ, 1,5 միլիոն առանց ուտելիքի, ջուրի, 1,5 միլիոն հայ զոհուեցաւ բռնագաղթի ճանապարհին, այն աստիճանին, որ երբ Սուրիոյ անապատի մէջ բլուրները կը փորեն, կը տեսնեն այս ժողովուրդի նահատակներու մնացորդները, որոնք կը վկայեն այդ ոճիրի մասին, ոճիր որ բոլոր հաւատալիքներուն, մարդկութեան դէմ է, ոճիր որ բոլոր սահմանները անցած է, ան նոյնիսկ Աստուծոյ դէմ է… այդ բոլոր պատմութիւնները հաւաքած ենք եւ մէկ շաբթուան ընթացքին պիտի ներկայացնենք ձեզի “Ալա ալ հաուա” հաղորդման ծիրէն ներս”:
Մարիամ Զաքի իր խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի մասին իր տպաւորութիւններուն, առաւելաբար տպաւորուելով լաւ ընդունելութեամբ, “ փառաւոր էր ընդունելութիւնը ժողովուրդի, որ շատ հիւրասէր է եւ առատաձեռն, Հայաստան հասնելէն անմիջապէս ետք այն տպաւորութիւնն է, որ արաբական երկրի մը մէջ ես կամ ուղղակի Եգիպտոսի մէջ, տարբերութիւն չկայ ոչ արտաքինի, ոչ զգացումի, ոչ մարդոց յարաբերութեան մէջ, կը զգաս անոնց անկեղծ գոհունակութիւնը, որ կարտայայտեն տարբեր միջոցներով կամ բառերով, որպէսզի շնորհակալութիւն յայտնեն արաբ ժողովուրդին, ըսելով՝ շնորհակալութիւն, որ դուք ընդունեցիք հայերը եւ ընդգրկեցիք ձեր հասարակութեան մէջ, բոլորը՝ բարձրաստիճան պաշտօնեայ կամ սովորական քաղաքացիներ, որուն որ հանդիպեցանք ամենայն անկեղծութեամբ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին արաբ ժողովուրդին՝ հաւանաբար գլխաւորաբար Եգիպտոսին եւ Սուրիոյ։ Պէտք է ըսել, որ մենք մեր կեանքի ընթացքին բնաւ հայերը օտար չենք զգացած, անոնք կարծես մեր հասարակութեան մէկ մասնիկն են, ես անոնց կը նայէի զարմացած, յետոյ զգացի, որ ես իրենց անկեծօրէն կ’ըսեմ պարտականութեան համար շնորհակալութիւն չեն յայտներ, մենք ինչ որ ըրինք շատ բնական էր, որովհետեւ մենք ժողովուրդ ենք, որ միշտ արիւնահեղութեան եւ անարդարութեան դէմ եղած ենք, եւ այն ինչ եղաւ հայերու հանդէպ՝ 1915-ին անարդարութիւն էր… Այսօր հարիւր տարի ետք կը յայտնենք, որ եղածը ոճրագործութիւն էր մարդկութեան դէմ եւ պատմութեան յիշողութիւնը չի ջնջուիր, որպէսզի ներման կամ հաշտութեան մասին խօսուի: Առ այսօր մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրը, որ իրագործուած է հայ ժողովուրդի հանդէպ, չէ ճանչցուած ոճրագոծի` Թուրքիոյ կողմէն, եւ առայսօր բանթուրքիզմը կամ օսմանական ծաւալումը իրականութիւն է այսօրուան հողի վրայ՝ զայն մարմնաւորուած կը տեսնենք Էրտողանով եւ իշխող կուսակցութեամբ, այն աստիճանին, որ Էրտողանը բաւարարուեցաւ միայն ցաւակցութիւն յայտնելով՝ թոռնիկներուն այն մարդոց, որոնք այդ ժամանական դժուարութիւններու հանդիպեցան՝ երկրի մէջ տիրող պայմաններուն պատճառով, բաւարարուեցաւ միայն ցաւակցութիւն յայտնել՝ բռնագաղթի, մահուան դատապարտուող 1,5 միլոն մարդու` մանուկներու, տարեցներու, կանանց, տղամարդոց։
“Երբ գացինք Ցեղասպանութեան թանգարան, որ կառուցուած է յիշեցնելու համար, որ այս ժողովուրդը չի մոռնար, որ այս ժողովուրդը իր պատմութիւնն ու յիշողութիւնը անմահացուց զանազան ձեւերով՝ երգելով, արուեստով, վկայութիւններ հաւաքելով, փաստաթուղթերով, երբ գացինք եւ իրականութիւնը տեսանք, մեր աչքին առջեւ տեսանք ՏԱԱԵՇ-ը՝ փաստերով, ՏԱԱԵՇ-ը, որ այսօր մեր աչքին առջեւ կը տեսնենք այստեղ, կար 1915-ին նոյնպէս՝ վիզեր կտրելով, մեր դիմաց տեսանք նկարներով, վաւերագրութիւններով, ֆիլմերով, տեսանք այն ինչ չէինք երեւակայեր տեսնել՝ բացի թաթարներու ժամանակաշրջանէն։
“Վերադառնանք մեր այցին եւ պատմեմ հայ ժողովուրդի մասին, որ հակառակ այս բոլոր ողբերգութիւններուն, այսօր` 100 տարի ետք կ’ըսէ ես կը հաշտուիմ քեզի հետ` պահանջելով ընդունիլ այդ ոճագործութիւնը զոր իրականացուցիր, պէտք է հաշտուիս իրականութեան հետ, որպէսզի ես քայլ առնեմ, երազանքս իրականացնեմ, երկիրս կառուցեմ եւ բանամ փակ սահմաններս՝ աջ ու ձախ բոլոր երկիրներու հետ, որպէսզի ապագան հանգիստ ըլլայ, խաղաղ, բարեկամական եւ բարգաւաճ։ Այս է ազգի մը մտածելակերպը, որ հասկցած է իր անցեալը, որպէսզի կարենայ յառաջընթաց ապրիլ”,- եզրափակեց Մարիամ Զաքի։