Վանի հերոսամարտէն մինչեւ անկախ Հայաստան

Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան հերոսական էջերէն մէկն է Վանի Հերոսամարտը, որ այս դարադարձի օրերուն հայու հպարտութեամբ կը նշենք նաեւ անոր հարիւրամեակը:

Վասպուրական սկիզբէն եղած է քաջերու երկիր: Ան դարերով կուրծք տուած է Ասորեստանի, Մարերու, պարսիկներու, մոնկոլներու եւ արաբ հորդաններուն: Անոնք աւերած ու քանդած են հայրենի գիւղերն ու քաղաքները, հուրի ու սուրի մատնելով  ամբողջ ժողովուրդը: Վասպուրականցիներէն շատեր միշտ նախընտրած են լեռները ապաստանիլ եւ ընդմիշտ անկոտրում կամքով վերաշինած են գիւղերն ու քաղաքները, յարութիւն տալով իրենց գեղածիծաղ երկրին:

Վեց դար ապրելով թրքական տիրապետութեան լուծին տակ, Վասպուրական կորսնցուցած էր իր անկախութիւնը, սակայն կրցած լեզու մը գտնել, եւ իր մշակոյթով, արհեստներով ու առեւտուրով յաջողիլ կերպով մը ապրիլ թուրքին հետ, ընդդէմ անարդարութիւններուն, սպանութիւններուն եւ կողոպուտներուն:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի նախօրէին Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան գլուխ անցած երիտթուրքերու պարագլուխները, օգտուելով պատերազմին ընձեռած հնարաւորութիւններէն, 1915-ի գարնան ծրագրեցին բնաջնջել  Պատմական Հայաստանի մէջ ապրող հայութիւնը, զանգուածային տեղահանութեան անհրաժեշտութեանանուանտակ եւ այսպիսով, միանգամընդմիշտվերջտալովՀայկականհարցին:

Խրիմեան հայրիկի եւ Մկրտիչ Փորթուքալեանի վառած ջահերը կամաց կամաց կ’արծարծէին ազատութեան գաղափարներ: Կրթական վերազարթնում մը առաջեկած էր Վանի մէջ: Բացուած բազմաթիւ կրթական օճախներ, որոնց կողքին երկրորդական վարժարաններ, ինչպէս Երամեանը, Ամերիկեանը, Կեդրոնականը, Բարեգործականի վարժապետանոցը: Ասոնք հասցուցին ազատատենչ երիտասարդութիւն մը: Արդէն ծնունդառած էր Արմենական կուսակցութիւնը, ի խնդիր ազգային ազատագրութեան:

Վանեցիներուն համար անծանօթ չէր թրքական նման գործելաոճը: Ուստի, Արմենական կուսակցութեան առաջնորդութեամբ 1896-ին, մայիսեան հրաբորբ օրերուն եւ Յունիսի 3-էն 8-ը զինուած դիմադրութիւն ցուցաբերեցին թուրք ջարդարարներուն` պարտադրելով թուրք կառավարութեան գործադրել նաեւ որոշ զիջումներ: Երբ կռիւները սկսան, ամէնուրեք կոտորածներ տեղի ունեցան, իսկ Վանի Այգեստանը պաշարուելով քաջաբար դիմադրեց թրքական ուժերուն եւ թնդանօթին: Անհաւասար կռիւներուն մէջ, Աւետիսեան, Պետօ եւ Մարտիկ մէկ շաբաթ պաշտպանեցին իրենց դիրքերը: Կուսակալը վախնալով ռուսական միջամտութենէն՝ անգլիական հիւպատոսին միջոցաւ խոստացաւ դադրեցնել կոտորածները, եթէ զինեալ խումբերն ու կուսակցութեանց առաջնորդները երկրէն մեկնէին: Ասիկա դաւադրութիւն մըն էր, որ վերջէն երեւան ելաւ: Կուսակցապետները ընդունեցին առաջարկը, քաշուեցան Վարագայ լեռը, եւ անկէ առանձին ճամբաներով մեկնեցան Պարսկաստան, Վասպուրականցիներու ֆիզիքական ապահովութեան սիրոյն: Մեկնումի ճամբաներուն մասին անհամաձայն ըլլալով ՝ տարբեր տարբեր ճամբաներ ընտրեցին, եւ Պարսկաստանի սահմանի մօտակայքը՝ թրքական զինուորներու եւ քիւրտ աշիրէթներու կողմէ պաշարուեցան: Վանի մօտ ութ հարիւր երիտասարդներ կոտորուեցան՝ երեք առաջնորդներուն հետ, խոր սուգի մատնելով Վասպուրականը:

Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ամենահայաշատ նահանգը, Սեբաստիայէն ետք, Վան-Վասպուրականն էր, ուր կ’ապրէր 25000 հայ: Սուլթան Համիտ Կովկասեան ռազմաճակատին մէջկրած իր ջախջախիչ պարտութիւններուն համար կըմեղադրէր միայն հայերը:

Ուստի հրահանգեց Վանի կուսակալ Ճեւտեթին՝անյապաղ մաքրագործել հաշիւները Վասպուրականի հայութեանհետ: Ան իր կարգին վանեցիներէ նպահանջեց յանձնել 18-45 տարեկան բոլոր զինուորագրեալները:

Ճակատագրական այդօրերուն ազգին տէր կանգնող առաջնորդ ուժերը հանդիսացան հայ գործիչներ՝Արամ Մանուկեան, Հայկակ Կոսոյեան, Արմենակ Եկարեան, Պուլկարացի Գրիգոր, Կայծակ Առաքել եւ ուրիշներ, որոնք միասնականութեան դրօշ պարզելով կազմակերպեցին Վանի հերոսամարտը:

Արիւնարբու Ճեւտեթին համար ահազանգային իրավիճակ կը տիրէր իր շուրջ բոլորը, ուստի իրեն յատուկ խորամանկութեամ բուզեց թակարդ լարել Արամ Մանուկեանին եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Արշակ Վռամեանին: Ան յաջողեցաւ ձերբակալել Վռամեանը, որ այնուհետեւ խեղդամահ եղաւ Վանայ լիճին մէջ, իսկ Արամը պատահականօրէն խոյս տուաւ ձերբակալումէն եւ նշանակուելով Վանի ինքնապաշտպանութեան քաղաքական մարմնի ղեկավար, ռամկավար Արմենակ Եկարեանի գլխաւորութեամբ, ղեկավարեց ժողովրդական դիմադրութիւնը Այգեստանի մէջ: Վանի ոճրագործ նահանգապետը սակայն մտադիր էր ամէն գնով վերացնել Վանի հայ ղեկավարութիւնը, որպէսզի դիւրութեամբ ոչնչացնէր իր առջեւ գտնուող անպաշտպան ժողովուրդը:

Յաջորդող օրերը առաւել ճակատագրական սկսած էր ըլլալ վանեցիներուն համար, յատկապէս երբ օր մը գիշերով հրկիզուեցաւ ուգրաւուեցաւ անգլիական հիւպատոսարանը,  տագնապի մատնելով շրջապատի հայկական դիրքերը: «Հակառակ որ դիմադրութեան օրերուն շատ դիրքեր աւերուեցան ու եղան զոհեր, սակայն իւրաքանչիւր դիրքապահ, հաւատարիմ իր հայու ուխտին, ոչ մէկ զիջում կատարեց թշնամիին:

Վարժապետանոցիք աշակերտներու նուագախումբը՝ Վանինշանաւոր «Ֆանֆառը», կռիւներու սկիզբէն մինչեւ վերջ դարձաւ Այգեստանի հերոսամարտի խանդավառ ոգին, որ թնդանօթներու որոտներուն ի պատասխան կը յայտնուէր դիրքերուն վրայ եւ բարձրաձայն կ’երգէր «Ամեն այնտեղ մահը մի է» երգը՝գօտեպնդելով հայ մարտիկները»: Այնուհետեւ հայմարտիկները տարբեր միջոցներ կիրառելով սկսան քանդել եւ աւերել հակառակորդի պատնէշները:

Մէկ ամբողջ ամիս, գիշեր ցերեկ, Վանի Այգեստանը, Քաղաքամէջը, Շատախը եւ այլ գաւառներ կուրծք տուին թշնամի յարձակումներուն եւ անհաւասար կռիւներուն, գոռացող թնդանօթներուն եւ տեղացող ռումբերուն: զինուորական մարմինը օր ու գիշեր հսկեց կռուող խումբերը, տկար դիրքեր զօրացուց նոր ուժերով: Կազմուեցան թռուցիկ խումբեր, մատակարար մարմին, հիւանդանոցներ, դեղարան, ամրաշէն խումբեր՝ խրամներ փորելու, քանդուած դիրքերը վերակառուցանելու համար, ոստիկանութիւն,դատարան, զօրանոցներ օդ հանելու ընդյատակեայ գործաւորներ, զինարան, մինչեւ անգամ փոքրիկ թնդանօդներու ձուլարան: Ամէն ոք գործի վրայ էր՝ ծեր, պառաւ եւ պատանի, որոնք ցուցադրեցին զարմանալի  հերոսութիւն:

Կռիւը ժողովրդական էր, չկար կուսակցական  պայքար, ոչ ներքին ոչ ալ արտքին, ընդհանրապէս գոյութիւն չունէր փառասիրութիւն: Այս համերաշխ գործունէութիւնը տեւեց մէկ ամիս,մինչեւ յաղթանակի օրը, երբ թուրք զինուորներ աճապարանօք կը փախչէին Վանի ծովուն վրայէն բազմաթիւ նաւերով: Յաղթանակի ուրախութիւններ սկսան եւ քանի մը օրէն հայ կամաւորական խումբեր ողջունուեցան ժողովուրդին եւ կռուող խումբերուն կողմէ:

Թէեւ համերաշխ մարտական կռիւներով ազատագրուեցաւ Վասպուրականը, բայց ցարական Ռուսաստանի կողմէ վանեցիներուն պարտադրուեցաւ անփառունակ նահանջը:

……………………….

Թուականէս երկու շաբաթ առաջ, Ապրիլի 27-ին Ռուսաստանի ազգագրութեան թանգարանին մէջ (Սենթ Փեթերսպուրկ) բացումը կատարուեցաւ «Հայկական աւանդական մշակոյթի աշխարհը» խորա­գրով ցուցահանդէսին: Այս առիթով կայացաւ նաեւ «Արեւմտեան Հայաստանի մշակութային ժառան­գութիւնը» պատկերագիրքին շնորհանդէսը:

Ցուցահանդէսի պարունակէն ներս, առաջին անգամ ըլլալով  ներկայացուած էին Ռուսաս­տանի ազգագրութեան թանգարանին մէջ պահուող Արեւմտեան Հայաստանի մշակութային ժառանգութեան հարուստ հաւաքածոյի եզակի ցուցանմուշները ռուս անուանի ազգագրագէտ Ալեքսանտր Միլլերի, որ 1916-ին հաւաքագրած էր Վանի եւ Վասպուրականի հայերու նիւթական մշակոյթի հաւա­քածոն:

Սոյն ցուցահանդէսը իւրայատուկ էր իր տեսակին մէջ այն առումով, որ անոր բովանդակութեան ծիրը բաղկացած էր Վանի ու Վասպուրականի հայ ժողովուրդին Արհեստա­գործական գործիքները, Արմենական զինագործներու կողմէ պատրաստուած զինամթերքներ, երկաթագործներու,  ինչպէս նաեւ ոսկերիչներու եւ ջուլ­հակներու աշխատանքներու ցուցանմուշներ:

………………………..

Արդարեւ, այսօր վանեցիները հպարտութեամբ կը յիշեն, թէ Վանի ապրիլեան հերոսամարտի շնորհիւ անոնք յաջողեցան խոյս տալ զանգուածային կոտորածներէն, իսկՎանէն բերած իրենց զինամթերքը օգտագործեցին Սարդարապատի ճակատամարտի ընթացքին՝արձանագրելով նորանոր նուաճումներ: Շնորհիւ այդ օրերուն տարուած յաղթանակներուն, այսօր հայու երկնակամարին տակ օրէ օր կը բարգաւաճի հրաշք Հայրենիք մը, որ կըկոչուի Ազատ Անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Պայծիկ Գալայճեան

Scroll Up