Հայերէնի Հեռուստադպրոցը Այսուհետ Կը Հեռարձակուի Շաբաթական Երեք Անգամ
Դեկտեմբեր 8-էն «Հեռավար քոլեճ» ծրագիրը կը հեռարձակուի շաբաթական երեք անգամ`երկուշաբթի, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ` ժամը` 2200-ին: Մինչեւ տարուան վերջը հեռարձակուող դասաժամերու ընդհանուր թիւը պիտի կազմէ 34: Ծրագիրը պիտի շարունակուի նաեւ 2015թ.-ին:
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 7-էն Հանրային հեռուստաընկերութեան արբանեակային հեռուստաալիքով մեկնարկած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀԲԸՄ-ի հայոց լեզուի հեռուստադպրոցի «Հեռավար քոլեճ» ծրագիրը: Ծրագիրը կ’իրականացուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ ՀԲԸՄ-ի աջակցութեամբ:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական ծրագիրներու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ կը քննարկուի նաեւ արեւմտահայերէնի հեռուստադասընթացի կազմակերպման հարցը: