Տինքի Սպանութեան Գործով Նոր Պաշտօնեայ Պիտի Հարցաքննուի

Պոլսոյ հայկական «Ակօս» պարբերականի նախկին խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով հարցաքննութեան կանչուած է Տրապիզոնի այն ժամանակուան անվտանգութեան վարչութեան ղեկավար Ռեշաթ Ալթայը:
Այս մասին ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը, համաձայն թրքական Demkrathaber.net-ին: Ալթայն յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի ներկայանայ Պոլսոյ Չաղլայեան արդարադատութեան պալատ եւ համապատասխան ցուցմունք պիտի տայ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ հարցաքննութեան պիտի կանչուին ազատ արձակուած Էրհան Թունճելը եւ բանտին մէջ գտնուող Եասին Հայալը:
Թրքական Evrensel պարբերականի հաղորդմամբ` գործը քննող Պոլսոյ ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած յանցաւորութեան գրասենեակի դատախազ Եուսուֆ Հաքքը Տողանը Դեկտեմբեր 8ին հարցաքննած է «կասկածեալի» կարգավիճակի մէջ գտնուող ոստիկան Պահար Թէքինին: Վերջինս հարցաքննութեան ժամանակ հերքած է իր դէմ ներկայացուած բոլոր մեղադրանքները:
Պահար Թէքինը մէկն էր այն ինը պաշտօնեաներէն, որոնց նկատմամբ, Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան կայացուցած որոշման համաձայն, թոյլատրուած էր հետաքննութիւն վարել:
Տինքի սպանութեան գործի վերանայման ծիրին մէջ օրերս հարցաքննուած էր նաեւ յանցագործութեան իրագործման ժամանակաշրջանին մէջ Պոլսոյ ոստիկանութեան հետախուզական վարչութեան բաժինի ղեկավար Ալի Ֆուաթ Եըլմազերը: Վերջինս հարցաքննութեան ժամանակ յայտարարած էր, որ Տինքի սպանութեան աղբիւրը
«Էրգենեկոն» հետազօտութեան գործով անցնող պաշտօնաթող հրամանատար Վելի Քիւչիւքն է: