«Սփիւռք» Կոմիտէի 50-ամեայ Յոբելեանը. Հարցազրոյց Արթուր Նաւասարդեանի Հետ

Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապերու կոմիտէն կը նշէ իր 50-րդ յոբելինական տարեդարձը: Այդ առիթով «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցը զրուցած է կոմիտէի երկարամեայ աշխատակից, բազմավաստակ լրագրող Արթուր Նաւասարդեանի հետ:

­Պարո՛ն Նաւասարդեան, կը շնորհաւորեմ յոբելեանի առիթով: Դուք կոմիտէի երկարամեայ աշխատակից էք, աւելին` նուիրեալ, պատմէք խնդրեմ Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապերու կոմիտէին մէջ Ձեր ծաւալած գործունէութեան մասին:

Ստացած եմ բանասէրի, պատմաբան-փիլիսոփայի կրթութիւն եւ կոմիտէի ստեղծման առաջին տարիներէն մինչեւ անոր կազմաքանդումը աշխատած եմ իմ հարազատ, հարուստ կենսագրութեամբ, բովանդակալից եւ լաւագոյն աւանդոյթներով ու ստեղծարար, ազգօգուտ գործերով նշանաւորուած այդ կառոյցին մէջ: Իմ աշխատանքային կենսագրութիւնը այնտեղ  կարճատեւ ընդհատում  ունեցած է, քանի որ ես կը հետապնդուէի այն ժամանակուան ՊԱԿ-ի (КГБ) կողմէ: Ստիպուած ձգեցի աշխատանքս եւ շարունակեցի աշխատիլ Ուսուցիչներու կատարելագործման հանրապետական համակարգին մէջ: Կարճ ժամանակ անց վերադարձայ հարազատ հիմնարկ, ուր անցան իմ երիտասարդութեան եւ իմաստուն տարիքիս լաւագոյն տարիները:

Անշու՛շտ, առիթ  ունեցած էք ծանօթանալու սփիւռքահայ նշանաւոր դէմքերու հետ…

Այո՛, ես բախտ  ունեցած եմ ծանօթանալու այնպիսի մեծութիւններու հետ, ինչպիսիք են` Լեւոն-Զաւէն Սիւրմէլեան, Ուիլեամ Սարոյեան, Մուշեղ Իշխան եւ ուրիշ շատ նշանաւոր անհատներ: Ծանօթացած եմ նաեւ Հայաստանի մէջ ապրող մեծերու հետ. այդ հանդիպումները իմ ապրած տարիներու ոսկէ կուտակումներն են ու հարստութիւնը: Ներկայ եղած եմ բազմաթիւ կարեւոր ձեռնարկներու եւ իրադարձութիւններու, որոնք ոչ մէկ տեղ չեն ամրագրուած (այն ժամանակ արուեստագիտական հնարաւորութիւններ գրեթէ չկային). ատոնք իմ գլխուս մէջ են, այդ պատճառով երբեմն իմ յուշերուս մէջ առանձին դրուագներ թուղթին  յանձնած եմ` ի պահ սերունդներու, գրած եմ բազմաթիւ յօդուածներ:

Պարո՛ն Նաւասարդեան, այդ տարիներէն ո՞վ առաւել վառ տպաւորուած է Ձեր յիշողութեան պարունակներուն մէջ:

Այդ մարդը, այդ վիթխարի մտաւորականն ու հայը Սփիւռքահայութեան կոմիտէի հիմնադիր, պատմաբան-բանասէր Վարդգէս Համազասպեանն է, որ, թէեւ դիւանագիտական կրթութիւն չունէր, սակայն կրնամ ըսել, որ հայ իրականութեան մէջ դիւանագիտական ամենամեծ գործելաոճը անորն էր: Համազասպեան դուռ բացաւ դէպի Սփիւռք, անոր շնորհիւ Հայաստանն ու Սփիւռքը կամրջուեցան: Համազասպեանի մասին կարելի է առանձին մենագրութիւն գրել. ան սովորական մարդ չէր: Մեր կեդրոնը այն ժամանակ Մոսկուայի մէջ էր, բայց մենք առանձին, ինքնուրոյն եւ չափէն շատ արտօնութիւններ ունեցող կառոյց էինք: Այն ժամանակ Սփիւռք ունէին Վրաստանը, Պելառուսը, Մերձպալթեան հանրապետութիւնները, Ուքրանիան, անգամ` Չեչնիան: Համազասպեան կրնար շատ հարցեր լուծել` ջերմ կապեր պահպանելով սփիւռքահայութեան հետ: Ան Սփիւռքով կը վախցնէր Սովետական Միութեան կեդրոնական կոմիտէին` մեր ժամանակուան Տիզպոնին: Համազասպեան աւելի շատ կ’երթար արտասահման, քան թէ այն ժամանակուան ԱԳ նախարար Կրոմիքոն: Վարդգէս Համազասպեան ոչ մէկուն առջեւ հաշուետու չէր. ան արդէն ՀԿԿ-ի անդամ էր, <<Родина>> ընկերութեան նախագահութեան անդամ: Մեր կոմիտէն ամէն տարի զեկուցագիր կը պատրաստէր, որ 100-200 էջ կը կազմէր (ատիկա արդէն կը խօսէր լաւ աշխատանքի մասին), իսկ սփիւռք ունեցող միւս հանրապետութիւններու զեկուցագիրները հազիւ 10-15 էջ կը կազմէին: Սփիւռքի մէջ որեւէ իրադարձութիւն չկար, որուն մենք մասնակցութիւն չունենայինք: Կը կարծեմ` կը պատկերացնէք, թէ ինչ հզօր կառոյց  եղած է Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապերու կոմիտէն:

 

Սփիւռքի հետ մշակութային կապերու կոմիտէն կարծէս նախահայրն  է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան. ի՞նչ կապեր ունեցաք նախարարութեան ձեւաւորման տարիներէն սկսած` բարեկամակա՞ն, թէ՞ դիտողի դերի մէջ էիք:

 

Քանի մը տարի առաջ տիկին Հրանոյշ Յակոբեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան խորհրդանիշի մրցոյթ յայտարարած էր. ես ըսի, որ մեր կոմիտէն ունէր Մարտիրոս Սարեանի հեղինակածը, եւ անկէ լաւը չի կրնար ըլլալ. խորհուրդս ընդունուեցաւ: Հրանոյշ Յակոբեան, յիրաւի, մեծ գործ կ’ընէ. նախարարութեան ստեղծման օրուընէ ան իր աշխատակիցներուն խորհուրդ  տուած է Սփիւռքի հետ կապուած հարցերով դիմել ինծի, հարցնել, սորվիլ, եւ ես սիրով կը պատասխանեմ ինծի ուղղուած հարցերուն, հարկ եղած պարագային նաեւ խորհուրդներ  տուած եմ: Ես պիտի գլուխ խոնարհիմ տիկին Յակոբեանի առջեւ, որովհետեւ մեր կոմիտէի կազմաքանդումէն ետք  բոլորը մոռցած էին, թէ մենք դուրսը ինչ ունինք. Հրանոյշ Յակոբեան դարձեալ բոլորին հայեացքները ուղղեց դէպի Սփիւռք:

 

Ըսէք, խնդրեմ, քանի՞ բաժին ունէր կոմիտէն, քանի՞ աշխատող  ընդգրկուած էր, ո՞վ կը հովանաւորէր :

Սկսիմ ֆինանսաւորումէն. մեր ֆոնտը սովետական դրամով 13 մլն. 500 հազար ռուպլի կը կազմէր. այն ժամանակ այդքան գումար ոչ մէկ նախարարութիւն չունէր: Մենք ֆինանսական խնդիրներ չունէինք, դուրսը ունէինք մեր արտարժոյթի հաշիւները, որ կը հսկուէր տարբեր հայրենասէրներու կողմէ: Մենք անգամ Մոսկուային չէինք  զեկուցեր, թէ դուրսը որքան գումար ունինք: Եթէ որեւէ հաստատութեան, ըսենք` Գիտութիւններու ակադեմիային անհրաժեշտ էր ինչ-ինչ սարքաւորում, կը դիմէին մեզի, կը խնդրէին, մենք ալ կը կապուէինք մեր արտարժոյթը պահող երկրի հետ եւ կ’ըսէինք, որ այսինչ կամ այնինչ հաստատութեան պատուիրեն տուեալ ապրանքը եւ կանխիկ գումարով վերցնեն ու մեզի հաշուետուութիւն տան, իսկ մենք ոչ մէկուն հաշուետու չէինք: Մեր կոմիտէն ունէր երկրորդ վիթխարի անձնաւորութիւնը` Քառլէն Դալլաքեանը. անոր մտաւոր կարողութիւնը հսկայական էր, հաւասարապէս կը տիրապետէր հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն լեզուներուն: Համազասպեանի թաղման հազարաւոր մարդիկ եկած էին, եւ Դալլաքեան այնպիսի դամբանական մը կարդաց, որ կարելի էր համարել խօսքի վարպետութեան գագաթնակէտ: Ան տուաւ Համազասպեանի պատմական գնահատականը` ըսելով, որ Համազասպեանի ներդրումը ոչ միայն Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապերու կոմիտէի սահմաններուն մէջ  նշանաւորուած է, այլեւ` ողջ Հայաստանով մէկ: Մեր կոմիտէն եղաւ Սփիւռքի եւ Հայաստանի կառավարութեան եւ Սովետական Միութեան միջնորդը:

Քանի՞ տարի գործեց կոմիտէն, ե՞րբ, ինչպէ՞ս եւ ինչու՞ այն դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ:

Կոմիտէն ունեցաւ երեք ղեկավար, որոնցմէ երկու վիթխարի մտաւորականներուն մասին ես արդէն խօսեցայ: Երրորդը եկաւ ու կատարեց ճիշդ հակառակ դեր` կազմաքանդեց կոմիտէն: Մեր կոմիտէն ստեղծուած է 1964 թուականին, պետական հրովարտակով, այն հիմնադրած են մեր մեծերը` Մարտիրոս Սարեան, Հրաչեայ Քոչար, Էդուարդ Միրզոյեան եւ Նկարիչներու միութեան նախագահը: Սփիւռքը կը տեսնէր, թէ որոնք էին հիմնադիրները, ինչպիսի մեծութիւններ եւ այդ իսկ պատճառով կը վստահէր մեզի: Սկիզբը ստեղծուած են Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապերու եւ տարբեր յանձնախումբերու բաժինները, բայց ատիկա կարճ տեւեց: Մէկուկէս տարի յետոյ մեզի տրամադրուեցաւ <<Երեւան>> կինոթատրոնի անկիւնագիծի շէնքը, ուր կը գտնուէր Հայրենադարձութեան կոմիտէն, յետոյ անոնց ուրիշ տարածք տուին: 135 հոգինոց անձնակազմ ունէինք: Յետագային կատարուեցաւ բաժանում հետեւեալ ձեւով` Եւրոպայի բաժին, Արեւելքի բաժին (Ասիա, Աֆրիկա), ամերիկեան երկիրներու բաժին, ունէինք նաեւ մամուլի բաժին, որ սփիւռքահայ թերթերուն նիւթեր կը մատակարարէր: Կրպակներուն մէջ անսահամանափակ քանակով կը վաճառուէին յառաջադիմական կոչուող թերթերը. ազատ վաճառք էր: Կոմիտէն օրէնքով դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ 1998թ., բայց ատիկա հասարակական կազմակերպութիւն էր, եւ պետութիւնը իրաւունք չունէր հրամանագիրով այն վերացնելու: Մեր կոմիտէին շատ բարձր գնահատական տուած է Վազգէն Սարգսեան եւ կարեւորած այդ կառոյցի դերը: Կոմիտէի նախագահի վերջին պաշտօնակատարը Ջիւան Մովսիսեանն էր, որ հիմա Քիեւի դեսպանատան մէջ կ’աշխատի: Անոր Վարդան Օսկանեան ԱԳ նախարարութիւն հրաւիրեց, եւ ստեղծուեցաւ Սփիւռքի վարչութիւն, որն ալ 5 տարի առաջ, Էդուարդ Նալպանտեանի օրօք վերացաւ, եւ տիկին Յակոբեան  քանի մը շաբաթով ստանձնեց այդ պարտականութիւնն ու նոր անձնակազմ հաւաքեց: Մեր կոմիտէի կազմաքանդումէն ետք  Սփիւռքէն շատ արձագանքներ եղան. զգայացունց նամակներ կը գրէին:

Պարո՛ն Նաւասարդեան, իսկ ու՞ր գացին 135 աշխատակիցները:

Անոնք մասնագէտներ էին, որոնց ձեռքէ ձեռք կը տանէին, կը հրաւիրէին աշխատանքի: Նոր ղեկավարը, կարելի է ըսել, նպաստեց կոմիտէի կազմաքանդման: Մեզի կոմիտէի շէնքէն հանեցին, գացինք հին խաղավայրին մօտ  քանի մը սենեականոց շէնք, մենք հիմնադրամ մը ունէինք, որուն տեղը ոչ մէկը չէր գիտեր, այն մեր տրամադրութեան տակ էր եւ անով գոյատեւեցինք մինչեւ 2002 թուական (այդ հիմնադրամէն աշխատավարձ կը ստանայինք): Այստեղ կրկին պիտի շնորհակալական խօսքս յղեմ տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին, որ այդ ժամանակ Սոցապի նախարար էր, մեր կոմիտէի շէնքը տուին իրեն, իսկ ինք մեզի արտօնեց  մնալ մեր շէնքին մէջ:

Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապերու կոմիտէի Ձեր գործընկերները այսօր պետական ի՞նչ կառոյցներու մէջ կ’աշխատին:

Կան վերջին մոհիկաններ, որոնցմէ մէկը կը դասաւանդէ Երեւանի պետական համալսարանին մէջ: Փայլուն եւ փորձառու դիւանագէտ է Կոզմոյեանը, որ մեծ գործեր ըրած է Պէյրութի մէջ: Երբ կոմիտէն կազմաքանդուեցաւ, ինք  կառոյց մը ստեղծեց, որ կոմիտէի դեր կը կատարէր:

Որո՞ւն նախաձեռնութեամբ կը նշուի Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապերու կոմիտէի 50-ամեակը:

Այդ առիթով դարձեալ պիտի շնորհակալ  ըլլանք ՀՀ սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանին:

Դուք այնքան մեծ ներուժ ունիք, որն ակնյայտ էր նաեւ մեր զրոյցի ընթացքին. չէ՞ք ցանկար  գիրք մը հրատարակել Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապերու կոմիտէի տարեգրութեան մասին:

Եթէ իմ մտորումները, յուշերը, տպագրուած յօդուածներս գիրք դարձնեմ, կը դառնայ Սփիւռքի հանրագիտարան: Ես 100-է աւելի յօդուածներ ունիմ, որոնց մեծ մասը տպագրուած են Սփիւռքի մէջ: Նաեւ մանկավարժ եմ` հոգիով ու սրտով եւ դասաւանդած եմ հայ ժողովուրդի պատմութիւն, փիլիսոփայութիւն, սփիւռքագիտութիւն, կրօնագիտութիւն, արեւմտահայերէնի ուսուցման դասեր վարած եմ: Կոմիտէին հետ կապուած` գլխուս այնքան բան  մնացած է, որուն մասին ուրիշ ոչ մէկը չգիտեր: 75 տարեկան եմ. իմ լրագրողական վաստակի եւ յոբելեանի առիթով Հայաստանի Լրագրողներու միութիւնը զիս պարգեւատրած է ոսկէ մետալով: Ինչ կը վերաբերի գիրքեր տպագրելուն, դժուար թէ հասցնեմ. թող սերունդները կարդան իմ յօդուածներս, որոնք այնքան ուսանելի ու հետաքրքիր են:

 

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատելաոճին մէջ ի՞նչ կը ցանկայիք ամէնէն շատ տեսնել:

Կ’ուզէի օգտուէին մեր կոմիտէի հարուստ արխիւէն…

Տարիներ առաջ այդ արխիւը փրկեցի վառարանի մէջ այրելէն, տարի Ազգային արխիւ, ցաւօք, մինչեւ այսօր Սփիւռքի նախարարութենէն միայն Էւելինա Բաղդասարեանը հետարքրքուած  ու բացած է այդ արխիւը: Խորհուրդ կու տայի նախարարութեան մէջ ստեղծել յատուկ բաժին, եւ սփիւռքագիտութիւն ուսանողները զբաղուին այդ արխիւով, որմէ շատ բան պիտի սորվին: Սփիւռքագիտութեան բաժանմունքը կը սորվեցնէ սփիւռքահայ գաղթօճախներու պատմութիւնը, բայց իրական գործելաոճը պիտի սորվին` ուսումնասիրելով մեր արխիւը, որ  ամբողջ հանրագիտարան մըն է:

Շնորհակալութիւն, պարո՛ն Նաւասարդեան. անգամ այս հարցազրոյցէն կարելի է շատ բան սորվիլ:

Կարինէ Աւագեան

Scroll Up