Գոհար Համոյթի Սաները Ելոյթ Ունեցան Լիբանանի Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի Աշակերտներուն Համար
Սփիւռքի մէջ գործող իւրաքանչիւր հայ վարժարան, իր կրթական առաքելութէան կողքին, ունի նաեւ ազգային վեհ առաքելութիւն մը` հայ մշակոյթը պահպանել եւ զայն սերունդէ սերունդ փոխանցել: Այս տեսլանակին հաւատացող ու արդարօրէն իր ներդրումը բերող Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյէան Բարձրագոն Վարժարանը, միշտ փայփայած ըլլալով աշակերտներուն եւ հայրենի արուեստագէտներուն միջեւ կամրջում մը ստեղծելու գաղափարը, հրաւիրեց ԳՈՀԱՐ երաժշտանոցի ներկայ եւ շրջանաւարտ սաները, որոնք Լիբանան կը գտնուէին երաժշտանոցի ընդհանուր տեսուչ եւ ԳՈՀԱՐ համոյթի վաստակաշատ խմբավար եւ գեղարուեստական ղեկավար մայեսթրօ Սեպուհ Աբգարէանին նուիրուած յիշատակի հանդիսութէան համար:
Արդարեւ, ընդառաջելով վարժարանիս տնօրէնութէան հրաւէրին, Երկուշաբթի, 1 Դեկտեմբեր 2014-ին, ԳՈՀԱՐ երաժշտանոցի սաները «Պետողլէան» սրահին մէջ եատուկ ելոյթ ունեցան, ի ներկայութէան վարժարանիս աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին: Յայտագիրը կ’ընդգրկէր «Սիրելի Ուսուցիչ», «Իմ Մայրիկ», «Հայերէն», «Կ’ոմիտասէան Շարան», «Եկեղեցին Հայկական», «Հայր Իմ» եւ այլ երգեր:
ԳՈՀԱՐ համոյթի խամբավար ու գեղարուեստական ղեկավար երաժիշտ Սեպուհ Աբգարէանի յիշատակին առիթով պատրաստուած այս հանդիսութիւնը, երաժշտանոցի սաներուն կենդանի կատարողութէամբ, շատ գեղեցիկ առիթ մը հանդիսացաւ մեր աշակերտներուն` ունկնդրելու եւ վայելելու անոնց սքանչելի տաղանդները:
Շնորհակալութիւն Խաչատուրէան ընտանիքին, որ ԳՈՀԱՐ համոյթին միջոցով բարձր պատուանդանի վրայ կը պահէ հայերէն հին ու նոր երգերու անզուգական գանձը, եւ զանոնք կը հրամցնէ երաժշտասէր հանրութէան: Թող մայեսթրօ Աբգարէանին հոգին լոյսի մէջ հանգչի եւ հպարտանքով սաւառնի, ի տես իր սաներուն փայլուն կատարողութէան եւ արձանագրած եաջողութէան: ԳՈՀԱՐ համոյթին կը մաղթենք եարատեւ վերելք եւ նորանոր նուաճումներ:
Լրատուական մարմին Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի