«Հայաստանի Գաղտնիքներ» Դասական Երաժշտութեան Երեկոյ Մոսկուայի Մէջ

Մոսկուայի երաժշտանոցի մեծ սրահին մէջ կայացած է «Հայաստանի գաղտնիքներ» հայկական դասական երաժշտութեան երեկոյ՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին։ Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը՝ Ռուսաստանի հայ երիտասարդութեան քոնկրէսի մամուլի ծառայութիւնը։
Ձեռնարկը տեղի ունեցած է ՌԴ մշակոյթի նախարարութեան եւ Մոսկուա քաղաքի մշակոյթի բաժանմունքի աջակցութեամբ: Ձեռնարկի կազմակերպիչը եղած է Ռուսաստանի հայ երիտասարդութեան քոնկրէսը:
Երեկոն բացած է «Հայաստանի գաղտնիքներ» նախագծի հեղինակ Միքայէլ Հայրապետեանը, որ ողջունած է հանդիսատեսը եւ նշած, որ 1915-1923թթ. ողբերգութիւնը հայ ժողովուրդի ամենախոր եւ ցաւոտ վէրքն է, եւ կարեւոր է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը յարգել երաժշտական արուեստի միջոցով: Իր ելոյթին մէջ Ռուսաստանի հայ երիտասարդութեան քոնկրէսի նախագահ Անդրանիկ Յովսէփեան ընդգծած է, որ յիշատակի ձեռնարկներ պէտք է իրականացուին ոչ միայն Ապրիլ 24-ին, այլ նաեւ ողջ տարուան ընթացքին:
Համերգային ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են դասական երաժշտութեան հանճարներու գործերը: Յատկապէս մեծ տեղ յատկացուած է մեծանուն հայ երգահան Կոմիտասի «Մշօ շորոր»-ին, «Քելէ քելէ»-ին, «Ծիրանի ծառ»-ին, Ելենա Բեգլարեանի ղեկավարած Norahrash անսամպլը կատարած է «Գարուն ա» եւ «Քելեր Ցոլեր» ստեղծագործութիւնները, իսկ հանրայայտ «Կռունկ»-ը հնչած է Վլատիմիր Սերգէեւի ջութակի կատարումով:
Ռուսաստանի եւ Հայկական ՍՍՀ վաստակաւոր դերասան Մարիա Ղամբարեան կատարած է հանրայայտ դաշնակահար Առնօ Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւնները:
Յովհաննէս Ղազարեան իր տուտուկով կատարած է «Սուրբ Սուրբ» պատարագէն հատուածներ, ինչպէս նաեւ «Լանջեր Մարջան», «Յուշեր» եւ «Հայի աչեր» ստեղծագործութիւնները:
Համերգը աւարտած է Միքայէլ եւ Հրանդ Հայրապետեաններու հայկական ռապսոդիայի կատարումով: