Թուրքերու Հակահայկական Կոչերը Հոլանտայի Խորհրդարանի Օրակարգին Մէջ

Յունիսին Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի կառուցման դէմ թուրքերու կազմակերպած բողոքի ցոյցի ժամանակ հնչեցուած կարգախօսները յայտնուած են Հոլանտայի խորհրդարանի օրակարգին մէջ: Այս մասին կը գրէ թրքական «Սոնհապեր» կայքը:

Աղբիւրին համաձայն Հոլանտայի ԱԳ նախարարը, խորհրդարանին կողմէ իրեն յղուած նամակին ի պատասխան, Ներկայացուցիչներու պալատ ուղարկած նամակին մէջ այսպէս  մեկնաբանած է թուրքերու կազմակերպած բողոքի ցոյցի ժամանակ հնչեցուած կարգախօսներն ու ազգայնական երաժշտութիւնը. «Ատիկա չի նպաստեր գոյութիւն ունեցող լուրջ հարցի լուծման»: Այս մասին կը յայտնէ Ermenihaber.am-ը:

Հոլանտացի նախարարը սադրանքի դրսեւորում  համարած է յատկապէս հանրահաւաքի ժամանակ հնչեցուած երաժշտութիւնը եւ «Ղարաբաղը հայու գերեզման պիտի դառնայ» վանկարկումները:

Նախարարը նամակին մէջ նշած է նաեւ, որ թուրք պաշտօնեաները Հայոց ցեղասպանութեան հարցով դեռեւս շատ զգայուն են` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ կոչ կ’ընեն աւելի պատասխանատու վերաբերմունք ցուցաբերելու այդ հարցի վերաբերեալ:

Յիշեցնենք, որ թուրքերը ցոյց  կազմակերպած էին` բողոքելով հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիրի կառուցման դէմ: (Յուշահամալիրի բացումը տեղի  ունեցած էր այս տարուան Ապրիլ 24-ին):

Հոլանտայի «Քրիստոնէա-դեմոկրատական» (CDA), «Սոցիալիստական» (SP), «Ազատութիւն» (PVV), «Հոլանտայի ուղղափառ բարեփոխում» (SGP) եւ «Քրիստոնէական միութիւն» (CU) կուսակցութիւնները յայտարարած էին, որ Յունիս 1-ի ցոյցը ամենայն հաւանականութեամբ կազմակերպուած էր թրքական իշխանութիւններու օժանդակութեամբ:

Որոշ պաշտօնեաներ, յայտնելով, որ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը եւ Հոլանտայի մէջ  շարք մը մզկիթներ աջակցած են բողոքի ցոյցին, պահանջած են, որպէսզի Հոլանտայի ԱԳ նախարարը հանդիպի իր թուրք գործընկերոջ եւ պարզաբանում ստանայ հարցի վերաբերեալ: Բացի այդ պահանջած են հանդիպելու նաեւ Հոլանտայի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսին հետ:

Scroll Up