Սիպիլ եւ Անտրէ “Սէր” Նոր Տեսահոլովակ

Պոլսահայ երգչուհի Սիպիլ իր facebook-եան էջին մէջ կը գրէ.
“Սիրելի բարեկամներ, Մօտ ատենէն պիտի դիտէք «Սէր» անուն երգի տեսահոլովակը, զոր կատարեցի իմ սիրելի ընկեր Անտրէի հետ. տեսահոլովակի մէջ ես մարմնաւորեցի կրակը, իսկ Անտրէն՝ ջուրը:
“Նկարահանումը որ տեղի ունեցաւ Ֆլորիայի լուցկիի հին գործարանի մը մէջ, տեւեց 16 ժամ: Պէտք է խոստովանիլ թէ բաւական արկածախնդրական նկարահանում մըն էր այս մէկը: Մինչեւ նկարահանման օրը բնաւ հաշուի չէի առած թէ ինչպիսի դիրքի մը պիտի մատնուէի, նկատի ունենալով որ պիտի մարմնաւորէի հուրը, խիստ մտահոգուած էի Անտրէի առողջութենէն, քանի որ ան ալ որ պիտի մարմնաւորէր ջուրը, կրնար մսիլ եւ հիւանդանալ…
“Նկարահանման առաջին երկվայրկեանին իսկ մարմինս տօթակէզ՝ սկսաւ գալարուիլ անտանելի ցաւէ: Երբ հեռացայ հոնտեղէն անդրադարձանք թէ ծոծրակս եւ թեւս կասկարմիր եղած էին կիզիչ կրակէն: Բարեբախտաբար ճիշդ այդ պահուն Անտրէ հասաւ իմ օգնութեան, երբ ես խուճապի մատնուած չէի գիտեր թէ ինչ պիտի ընէի: Ճիշդ ժամ մը թեւս եւ ծոծրակս լոլիկով շփելէ վերջ տեսանք թէ կարմրութիւնը հետզհետէ անհետացաւ:
“Երկու անգամ հրդեհ պատահեցաւ, իսկ ես՝ մի քանի անգամներ եւս վերջին պահուն փրկուեցայ հրկիզուելու վտանգէն: Սակայն հակառակ բոլոր ձախորդութիւններուն, մեր գործը դիւրացուց տեսահոլովակի նկարահանման անձնակազմի մօտիկ վերաբերումը, Անտրէի համեստութիւնը (որ դժբախտաբար քանիցս կրկնուած նկարահանումներու պահուն այնքան թրջած էր, առանց տրտնջալու կատարեց իր գործը), մենք կը ջանանք միշտ գերազանցել մեզ, մեր կատարածներով: Կը մաղթենք թէ կրցած ենք յաջողիլ եւ արժանանալ ձեր գնահատանքին: Կ’ուզեմ իմ յատուկ շնորհակալութիւնները յայտնել բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս տեսահոլովակի արձանագրութիւններուն:
Միշտ մնացէք սիրով՝ Սիպիլ”