Տիարպեքիրի Մէջ Կը Մեկնարեկ Հայ Անուանի Երաժիշտ Արամ Տիգրանի Արուեստի Օրերը
Այսօր` Յունիս 10-ին` Թուրքիոյ Տիարպեքիր (պատմ. Տիգրանակերտ) քաղաքին մէջ կը մեկնարկեն հայ անուանի երաժիշտ, ուտի վարպետ Արամ Տիգրանի անուան արուեստի օրերը: Նման նախաձեռնութիւն` ի յիշատակ Արամ Տիգրանի, արդէն 4-րդ անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ Տիարպեքիրի Մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը:
Արամ Տիգրանի պապերը Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն Տիարպեքիրէն արտագաղթած են Սուրիա եւ վերաբնակուած Գամիշլի: Անուանի երաժիշտը երգած է հայերէն, քրտերէն, արաբերէն, ասորերէն եւ յունարէն լեզուներով:
Թուրքիոյ մէջ հրատարակուող հայկական «Ակօս» թերթի տեղեկացումով՝ Արամ Տիգրանի անուան Տիարպեքիրի քաղաքային երաժշտանոցին կողմէ իրականացուող ձեռնարկնրու ծիրէն ներս կը կազմակերպուին համերգներ, ֆիլմերու ցուցադրութիւններ ու կը բեմադրուին ներկայացումներ: Այս տարուան ձեռնարկներուն յատուկ հիւրը տերսիմցի երաժիշտ Միքայիլ Ասլանն է:
Այսօր մեկնարկող արուեստի օրերը պիտի շարունակուին մինչեւ Յունիս 13-ը ներառեալ:
Արամ Տիգրան, (Արամ Մելիքեան 1934 – 2009), ժամանակակից հայ երգիչ եւ երաժիշտ: ծնած է հիւսիսային Սուրիոյ Գամիլշլի քաղաքը: Ընտանիքը Գամիշլի գաղթած է ցեղասպանութեան ժամանակ Արեւմտեան Հայաստանի Տիարպեքիր քաղաքէն: Մասնագիտացած է ուտ նուագելու մէջ: Քսան տարեկանէն նուիրուած է երաժշտութեան:
Արամ Տիգրանը եղած է «Քիւրտստանի բանուորական կուսակցութեան» ցմահ առաջնորդ, այժմ`Թուրքիոյ Իմրալը կղզիին մէջ ցմահ բանտարկուած Ապտուլլահ Օճալանի ամենամտերիմ եւ վստահելի մարդոցմէ մէկը:
Մահացած է Աթէնք 2009-ի Օգոստոս 8-ին: Կը Ցանկանար թաղուիլ Տիարպեքիրի մէջ: Սակայն երգիչին ցանկութիւնը չկատարուեցաւ, քանի որ թրքական իշխանութիւնները թոյլ չտուին հայ երաժիշիտը թաղել Տիարպեքիրի հայկական գերեզմանատան մէջ: Այնուամենայնիւ, Տիարպեքիրի հայկական գերեզմանոցին մէջ կատարուեցաւ Արամ Տիգրանի խորհրդանշական յուղարկաւորութիւնը, իսկ արդէն անոր համար փորուած գերեզմանին հողը Տիարպեքիրի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրը իր հետ տեղափոխած է Պրիւքսէլ, ուր թաղուած է յայտնի երաժիշտը: