Մեր Մեծերը Նոյեմբեր 27-ը Եղիշէ Չարենցի Յիշատակի Օրն Է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/0015.jpg)
Նայիրեան Անպարտ Ոգին
Տիեզերածաւալ մտքի խորութիւն ու թռիչքներ ունեցող բանաստեղծին ի վերուստ տրուած էր ըմբռնելու մարդ-բանական էակի հոգիին, սրտին մէջ իր արարումէն ի վեր սկիզբ առած ներքին մեծ պայքարը… Պայքար` գաղափարի համար, պայքար` յանուն արդարութեան , պայքար` սիրոյ համար եւ, ի վերջոյ, պայքար ոչինչի, անգոյի համար, որն ալ, իմաստուն տարիքին գիտակցելով, անհատը կը կանգնի մեծ ողբերգութեան մը առջեւ… Միթէ՞ ի զուր էր ամէն ինչ…
Մեր օրերուն այնքա~ն արդիական է չարենցեան մտորումներու այս խորհուրդը, որուն բանալին հէնց ինքը` բանաստեղծը կու տայ: Չարենցը բոլոր ժամանակներու բանաստեղծ է. ան կու գայ հեռու-հեռաւոր Նայիրի երկրէն, անցնելով պատմութեան քառուղիներով, դանթէական դժոխքով, կուռք դարձած բանուորութեան կարմիր ուրուականի ճանապարհներով, եւ, վերջապէս, հասնելով իր <<հանճարի անցած չարչարանաց լերանը>>:
Քառասնամեայ կեանքի քարն ուսերիս վրայ,
Արարաչկան գործիս անագորոյն կէսին
Յղում եմ Քեզ կրկին ահաւասիկ ես իմ
Խոհն անտրտունջ երթիս` աղօթքը իմ լերան:
Շնորհապա~րտ եմ, Տէ~ր, ինձ լիաբուռ ձօնած
Շնորհների համար եւ ձիրքերի անեղծ,-
Որ կոչեցիր երգիչ ու բանաստեղծ,
Նուիրեցիր տաւիղ եւ էւոլեան քնար…
Սոսկ մեծութիւններն այսպէս խոնարհիլ գիտեն Արարիչի առջեւ` արժանապատուորէն, իմաստութեա́մբ, թրծուած տառապանքո́վ, անեզրական սիրո́վ, ինքնաբուխ ու լուսաւոր աղօթքով: Նարեկացիի <<Ողբ>> -էն ետք չարենցեան <<Լերան աղօթքը>> առ Բարձրեալն ուղղուած մեծահանճար հոգիի պոռթկումն է` սրբագործուած ապաշխարութեան խորհուրդով:
Ո~վ Առաջնորդ ու Տէր ու մեծագոյն Վարպետ,
Տիեզերքում սփռած բազմաբազում-
Եւ աշխարհում, կեանքում, եւ երազում
Մարմնաւորած ոգի եւ կերպարանք տարբեր.
Իւրաքանչիւր չնչին սաղմնաւորմանն անգամ
Ձեւ, ինքնութիւն տուող եւ ինքնութեան պատկեր,
Արարչագործ կամքի ո~վ Անհատնում…
Չարենցի հանճարն իր ապրած դժուարին, խառնակ ժամանակներուն մէջ իմաստնօրէն ըմբռնեց ու ինքն իրեն խոստովանեց Արարիչի տիեզերաստեղծ, աշխարհաստեղծ, անչափելի, անհատնում գոյութիւնը, ինքնութիւնը: Չարենցը ճանչցաւ, գտաւ իսկական Առաջնորդը, երբ արդէն հասուն այր էր , եւ նախկին բոլոր պատրանքները յօդս ցնդեցան, կուռքերը փոշի դարձան: Չարենցը, իրաւ, ճանչցաւ Բարձրեալին, ապաշխարեց, սակայն ծունկի չիջաւ, մնաց կանգնած իր պատուանդանին: Ան Նարեկացիի պէս չպարսաւեց իր անձը, բայց հասկցաւ նաեւ, որ ինք կ’երթայ կեանք-դժոխքէն դէպի մահ-դժոխք… Իր հոգիին մէջ կրելով ապաշխարութեան շնորհը` հանճարեղ գրողը սրբագործուեցաւ իր <<Լերան աղօթքը>> ստեղծագործութեամբ: Սա հանրագումարն էր իր կենսագրութեան եւ ստեղծագործական բոլոր տարիներուն: Սա իւրօրինակ հաշուետուութիւն մըն էր Արարիչին, նաեւ` <<Գեթսեմանիի պարտէզի>> քրտնաթոր, արիւնակաթ Մեծ աղօթքը, որն ալ միայն իւրայատուկ է մեծերուն :
Շնորհապա~րտ եմ, Տէ՛ր, ես առաւել սակայն,
Որ կոչեցիր դու ինձ ոչ սոսկական քերթող…
Այլեւ ասպետ, ե́ւ պետ, ե́ւ զինակիր,
Ե́ւ սերմնացան աննինջ` դժնի ժամանակի:
Ազգային ցաւի, մեծ ողբերգութեան, ու ազգային զարթօնքի յոյսն էր անոր ապրումներու առանցքը: Դեռեւս պատանի` հանճարեղ գրողը Հայրենիքի փրկութեան ուղիները կ’որոնէր: Դեռեւս պատանի` Չարենց կ’ըմպէ դառնութեամբ լեցուն գաւը. ի վերուստ տրուած շնորհով , անուրանալի ձիրքով օժտուած բանաստեղծը, որ իր առաջին իսկ ստեղծագործութիւններով արդէն ազդարարած էր իր շռնդալից մուտքը գրական աշխարհ, կամաւոր զինուոր կը դառնայ Առաջին համաշխարհային պատերազմի բոցերուն մէջ յայտնուած Հայաստանի եւ կամաւորական ջոկատներու հետ կը հասնի մինչեւ Վան: Կապուտաչեայ Հայրենիքի երազը անոր աչքերուն առջեւ կը դառնայ դանթէական դժոխք… Չարենցն իր կորսնցուցած Հայրենիքի ու նոր Հայաստանի սիրահար երգիչն էր, քաղաքական անցուդարձերու, գրական, հանրային կեանքի անխոնջ մարտիկը: Հակասութիւններով, կորուստներով ու հալածանքներով լեցուն էր փոթորկուն, բազմիցս վտանգուած երկրային կեանքը կ’աւարտէ 1937թ Նոյեմբեր 27-ին , Երեւանի բանտին մէջ: Իր մահկանացուն կը կնքէ դարու եւ բոլոր ժամանակներու համաշխարհային մեծութիւն համարուող հանճարեղ գրողը: Յետագային նոր բացայայտումներու, վարկածներու քննարկման կիզակէտին մէջ գտնուող անոր առեղծուածային մահը սոսկ ֆիզիքական կորստեան ցաւի պրպտումներու ազնիւ մղումներն էին… Իսկ բանաստեղծը, նայիրեան անպարտ ոգին, որ դեռեւս 1936թ. իր <<Անվերնագիր>> ստեղծագործութեան մէջ մարգարաբար գրած էր այն ամէնուն մասին, ինչ կրնար ըլլալ իր մահէն ետք, դառնալով Յաւերժի ճամփորդը:
Իմ մահուան օրը կ’իջնի լռութիւն
Ծանր կը նստի քաղաքի վրայ
Ինչպէս ամպ մթին, ակմ հին տրտմութիւն
Կամ լուր աղէտի` թերթերում գրած
Ծանօթ կնոջ պէս այրի կամ դժբախտ,
Բարեկամուհու նման տխրատեսք,
Լուրը կը շրջի փողոցները նախ,
Ապա կը մտնի դուռ-դարպասից ներս …
Եւ մարդիկ, անգամ երգերիս անգէտ,
Մարդիկ, որ թէեւ կեանքիս արձագանք`
Մնացել են լոկ վկայ անտարբեր
Եւ կարծել են, թէ ես վաղուց չկամ,-
Այդ բոլոր մարդիկ իմ մահուան բօթից,
Որպէս ընդհանուր աղէտից սարսած`
Զարմացած կը զգան ինձ այնքա~ն մօտիկ
Եւ յանկարծ այնքա~ն թանկ ու հարազատ…
դառնում է Յաւերժի ճամփորդը:
Կարինէ Աւագեան