Մենք Եւ Մեր Հայ Ընկերները. Սուրիոյ Մշակոյթի Նախկին Նախարար

Սուրիոյ մշակոյթի նախկին նախարար Ռիատ Նաասան Աղա Գահիրէի մէջ հրապարակած է “Քաղաքակնութեան եւ արուեստներու միջեւ”, այս մասին կը յայտնեն արաբական կարգ մը կայքեր։

 Հեղինակը իր 36 բաժիններէ բաղկացած գիրքի մէջ, “մենք եւ մեր հայ ընկերները” խորագրին տակ անդրադարձած է նաեւ հայ-արաբ  ժողովուրդի բարեկամութեան։

 Ռիատ Նաասան Աղա մասնաւորապէս նշած է  “Դպրոցական տարիներուս Հալէպի Էլ Մէյտան թաղամասին մէջ կը բնակէի, հայ դրացիներով շրջապատուած, շատ հիացած էի եւ համակրանք ունէի իրենց հանդէպ, գիտնալով իրենց մարդկային ողբերգութեան պատմութիւնը, որ նման է Պաղեստինի Ժողովուրդի ողբերգութեան:

“20-րդ դարու սկիզբը Եղեռնէն վերապրածները հասած են Սուրիա,  Սուրիոյ ժողովուրդը սիրով ու հոգատարութեամբ ընդունած է զիրենք, թշուառ կեանք ունեցած են սկիզբը, բայց  իրենց սրամտութեան ու վարպետութեան շնորհիւ շուտով ոտքի կանգնեցան, եւ մինչ օրս հալէպցին կը նախընտրէ հայ արհեստաւորը քան ուրիշը:  Հայերը փայլեցան տարբեր մասնագիտութիւններու մէջ,  ինչպէս բժիշկութեան եւ երկրաչափութեան, նաեւ արուեստի եւ գրականութեան ասպարէզին մէջ:  Եթէ հետեւիք գաղթօճախներէն ներս իրենց պատմութեան պիտի տեսնէք , որ իրենք կարեւոր դեր ունեցած են մեր ընկերային  եւ գրական վերածնունդին մէջ՝ հիմնադրելով միութիւններ, ակումբներ, ձեւաւորած են երաժշտական եւ թատերական խումբեր:

“Անոնք բնականաբար Սուրիոյ լիարժէք քաղաքացիներ են, կը վայելեն քաղաքացիական բոլոր իրաւունքները, կը ծառայեն սուրիական բանակին, եւ ոմանք  գրաւած են պետական բարձրաստիճան պաշտօններ, արաբական այս բաց քաղաքականութիւնը հայութեան հանդէպ յատուկ չէր միայն Սուրիոյ համար, մենք կը յիշենք Եգիպտոսի մէջ առաջին վարչապետը, որ հայ էր, Պօղոս Նուպար Փաշան, Մուհամմէտ Ալիի իշխանութեան օրով:

 “Հայերը միշտ հաւատարիմ եղած են իրենց աւանդոյթներուն, անձեռմխելիութիւն  պահպանելով իրենց լեզուին եւ կրօնքին հանդէպ, ամուր կառչած են իրենց մշակութային արժէքներուն, եւ այս երեւոյթը Սուրիոյ մէջ հասարակութեան բազմազանութիւն պարգեւած էր.. Շատ հետաքրքրական էր յայտնի երգիչ Սապահ Ֆախրիի յաջորդը ըլլար հայ երգիչ մը` Շատի Ճեմիլ անունով, այսօր Սուրիոյ մէջ հայկական երաժշտական խումբերը մեծ ժողովրդականութիւն ունին, վայելելով պետական եւ ժողովրդական աջակցութիւնը:

 “Այս եզակի յարաբերութիւնը Սուրիոյ եւ հայութեան միջեւ , մեզ մղեց նոր կապեր հաստատելու Հայաստանի հանրապետութեան հետ, հրաւիրեցինք Հայաստանի մէջ Մշակոյթի նախարար Տիկ. Յասմիկ Պօղոսեանը, Նոյեմբեր 2008-ին Դամասկոսի մէջ կազմակերպուած  հայկական շաբթուան առիթով, որ կազմակերպուած էր  Դամասկոսի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս:  Այս  առիթով  Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան՝ դոկտոր Արշակ Փոլատեան, պատրաստած էր հետաքրքրական գիրք մը, Արաբ եւ հայ ժողովուրդներու յարաբերութեան պատմութիւնը, ուր փաստաթուղթերով ներկայացուած են ումէուիներու ժամանակաշրջանի դրամներու պատրաստութիւնը Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ յատուկ ձեռագիրներ իսլամական սկզբնական շրջանին պատկանող:  Կը կարծեմ, որ նոր սերունդները պատասխանատու են այս յարաբերութիւնները աւելի զարգացնելու եւ խորացնելու”:

Scroll Up