«ԱՌՆՈՒԱԶՆ ԵՐԵՔ ՈՐԴԻՈՎ ՍԵՂԱՆ ՆՍՏԻՆՔ»
«ՀԱՅԵՐԸ` ԱՌԱՆՑ ԾԽԱԽՈՏԻ»
«ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է, ԵԿԷ՛Ք ՀԶՕՐԱՑՆԵՆՔ ԶԱՅՆ»
«ՀԱՅ Է ԱՆ, ՈՎ ԻՆՔԶԻՆՔ ՀԱՅ ԿԸ ԶԳԱՅ»
«ՀԱՅԸ ԻՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼԷՆ ԲԱՑԻ ՊԷՏՔ Է ՆԱԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ Մէջ ՇԱՀ ՍՏԱՆԱՅ»
«ԴԱՐՁԻ՛Ր ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴԸ, ՏԷՐՆ ՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆԸ ԱՄԵՆՈՒՐԵՔ»
«ՔՈՒ ՏԱՂԱՆԴԷԴ, ՇՆՈՐՀՆԵՐԷԴ ԱՓ ՄԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈ՛ՒՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻԴ»
«ՏԱՆ ՄԷՋ ԽՕՍԻ՛ՆՔ ՀԱՅԵՐԷՆ»
«ԱՌՆՎԱԶՆ 3 ՏԱՐԻՆ ՄԷԿ ԱՆԳԱՄ ՀԱՆԳՍՏԱՑԻ՛Ր ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ Մէջ»
«ԳԾԷ՛ ՏՈՀՄԱԾԱՌԴ»
«ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՒՆ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ»
«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՈՒՆԸ ԵՒ «ԵԱՆ»-Ը ՔՈՒ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԴ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ»
«ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՀԱՇԻՒ ՈՒՆԵՑԻՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ
«ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՐ ՀԱՅ ՊԷՏՔ Է ՏԵՍՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ»
«ԿԱՆՔ, ՊԻՏԻ ԼԻՆԵՆՔ ՈՒ ԴԵՌ ՇԱՏԱՆԱՆՔ» Պ. ՍԵՒԱԿ
«ՈՎ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՔՈ ՄԻԱԿ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԻ ՄԷՋ Է» Ե. ՉԱՐԵՆՑ

Բակօ Սահակեան Այցելած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 24-ին Լոս Անճելըսի մէջ այցելած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի արեւմտեան թեմի առաջնորդարան եւ հանդիպած թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի, թեմական խորհուրդի եւ հայ համայնքի  խումբ մը ներկայացուցիչներու  հետ:

ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ` երկրի ղեկավարը բարձր  գնահատած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի գործունէութիւնը Արցախին սատարելու, Սփիւռքի մէջ հայ ինքնութեան պահպանման եւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ` աւելցնելով, որ Հայ Առաքելական Եկեղեցին հայոց անկախ պետականութեան առանցքային հիմնասիւներէն է եւ անգնահատելի աւանդ ունի անոր զարգացման ու զօրացման գործին մէջ:

Նախագահ Սահակեան անդրադարձած է նաեւ Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, սոցիալ-տնտեսական զարգացման, պատասխանած ներկաները յուզող հարցերուն:

Ձեռնարկին կը մասնակցէին փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Սարգսեան, պաշտօնատար այլ անձիք:

Scroll Up