ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի Հանդիպումը Անգլիոյ Պաշտօնատարներու Հետ
Հոկտեմբեր 15ին, ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւն մը այցելեց Միացեալ Թագաւորութեան (Մեծն Բրիտանիա) արտաքին գործոց նախարարութեան Լոնտոնի կեդրոնատեղին եւ հանդիպում ունեցաւ նախարարութեան պաշտօնատարներու հետ:
Հայ Դատի պատուիրակութիւնը բաղկացած էր ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանէն եւ Հայ Դատի Անգլիոյ յանձնախումբի պատասխանատու Սեւան Արթինէն:
ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներուն փոխանցեցին Սուրիոյ հայութեան վիճակին, Արցախի հիմնահարցի բանակցային գործընթացին եւ անվտագնութեան իրավիճակին, Ատրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու սառած գործընթացին, տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ ոչ-կառուցողական քաղաքականութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներքին եւ արտաքին կարգ մը հարցերու մասին իրենց ներկայացուցած կազմակերպութեան տեսակէտներն ու մօտեցումները:
Հանդիպումը մաս կը կազմէր ՀՅԴ ներկայացուցիչներուն եւ Միացեալ Թագաւորութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներուն միջեւ Լոնտոնի եւ Երեւանի մէջ պարբերաբար կատարուող հանդիպումներու շարքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ասպարեզ»: