Սուրիահայ Աղջկան Մը Պատմութիւնը

Շողիկ Չուլճեան արդէն 7 ամիս է Արցախի մէջ կ’ապրի, կ’աշխատի ԼՂՀ ԿԱ զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական վարչութեան մէջ: Մինչ այդ ան կ’ապրէր Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ, կ’աշխատէր ու կը ստեղծագործէր: Ի դէպ, ան շատ լաւ կը նկարէ, ծրագիրներ ու սպասելիքներ ունի ապագայի հանդէպ: Սուրիահայ այս աղջկան հայրենիք վերադառնալու առիթը ուրախալի չէ, պատերազմն է, որ խառնեց հայուհիի բոլոր թուղթերը, հաւանաբար փոխեց նաեւ ճակատագիրը:

Այդ ռոմանթիկ, ուժեղ երեւակայութեամբ հայուհիէն փորձեցի պարզել, թէ Երեւանի փոխարէն ինչու՞ ընտրեց Ստեփանակերտը, ի՞նչ  կորսնցուցած էր ու ինչ գտաւ՞:

– Ասկէ գրեթէ  երեք տարի առաջ, իբրեւ զբօսաշրջիկ այցելեցի Արցախ, եւ մարդոց ջերմութիւնը, ընտանեկան աւանդոյթները, մարդկային պարզ յարաբերութիւնները, մեծ տպաւորութիւն ձգեցին, սիրեցի երկիրը, ու երբ ժամը հասաւ Հալէպէն դուրս գալու, հոգեպէս ճնշուած ու  տեսակ մը աշխարհաքաղաքական խաղերէ անարգուած, ես որոշեցի հէնց այստեղ գալ, ուր աւելի հանգիստ ու աւելի ընդունուած կը զգամ, քան ըսենք ժամանակակից, գեղեցիկ շէնքերու ու փողոցներու մէջ: Կը յիշեմ, թէ ինչպէս առաջին անգամ իբրեւ զբօսաշրջիկ չկամութեամբ եկայ Արցախ, երբ ընկերներս կը պատրաստուէին գալ, սկիզբը հրաժարեցայ երկար ճանապարհ կտրելու, ցանկալի չէր, երեւի ճակատագրական էր, որ ի վերջոյ համոզուեցայ, ընդունեցի հրաւէրն ու եկայ, ինչ որ  կեանքիս մէջ թերեւս անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցաւ: Երբ ժամանակը եկաւ եւ որոշեցի գալ Արցախ` շատերը կ’ըսէին, որ պիտի զղջամ, բայց փորձեցի, քանի որ ինծի համար կեանքիս մէջ կարեւորը որոշում իրականացնելն է: Եթէ նոյնիսկ զղջամ, այդ պարագային ստիպուած չեմ ըլլար ամբողջ կեանքս ինքզինքս մեղադրելու չփորձելու համար: Չեմ գիտեր ինչ, բայց  բան մը կար, որ զիս այստեղ բերաւ:

Պատկերացումներդ ի՞նչ չափով արդարացուեցան:

Մարդոց վերաբերմունքի, ջերմութեան առումով սպասելիքներս արդարացան: Շատ լաւ մարդոց հանդիպեցայ, որ ինծի շրջապատեցին ջերմութեամբ ու հոգատարութեամբ եւ օգնեցին ինծի առաջին օրերուն: Նաեւ յոյս ունէի, որ գործ կը գտնեմ, ինչ որ նոյնպէս արդարացուեցաւ: Ասացուածք մը կայ, կ’ըսեն քաջերուն կեանքը կը պարգեւատրուի, ես փորձեցի քաջութիւն ընել ու կարծէս թէ ճիշդ ճամբու վրայ եմ: Միակ բանը որ կը նեղէ ինծի` ատիկա այստեղի բարբառն է, որ կարծէս թէ պատնէշի պէս ըլլայ, որ չհասկնալով չեմ կրնար ամբողջութեամբ
յարմարիլ շրջապատին հետ: Բարբառի չիմացութիւնը չի ձգեր ամբողջութեամբ հասկնալ դիմացինիս, անոր մտածելակերպը, մանաւանդ, որ խօսակցականին մէջ շատ կ’օգտագործուի ռուսերէն բառեր, բայց յոյս ունիմ, որ ատիկա ալ կը յաղթահարեմ:

Կա՞ն բաներ, որ Ձեզի համար զարմանալի ու անսպասելի են:

Այո, իմ պատկերացումներով արցախցին պայքարող է, բայց այսօր երիտասարդութեան մօտ ես աւելի շատ յանձնուողական տրամադրութիւններ կը տեսնեմ, համարձակ միտքերու, ապա եւ ծրագիրներու բացակայութիւն, չեմ գիտեր թերեւս կան բաներ, որ ես ամբողջութեամբ չեմ ընկալեր, կամ լաւ ծանօթ չեմ, բայց տպաւորութիւնս այնպիսին է, թէ դժուարութեան հանդիպելուն այսօրուան երիտասարդը կը յանձնուի, պատրաստ չէ պայքարելու: Ըսենք, ինչ-որ բան փոխելու համար` այդ փոփոխութիւնը ոչ թէ պէտք է սպասել ուրիշներէն, այլ պէտք է նաեւ քայլ կատարել, ինչու չէ պայքարիլ, չէ՞ որ կեանքը ինքն իրեն պայքար է: Ու պայքարիլ չի նշանակեր պայքարիլ սոսկ թշնամիի դէմ, նաեւ կեանքի դժուարութիւններու դէմ:

Յետոյ ինծի համար զարմանալի ու  տեսակ մը անընդունելի է, որ մաս մը մարդոց  մօտ կ’իշխէ հնարաւորութեան պարագային երկիրը ձգելու գաղափարը: Ըսենք` ինծի համար անհասկնալի է, որ ծնողը երեխային ռուսերէնի կամ
անգլերէնի ուսուցման կու տայ` կարծէս սկիզբէն երեխային մօտ ծրագիր դնելով, որ ուրիշ երկրի մէջ ապրելու պարագային երեխան լեզուի խնդիր չունենայ: Մինչդեռ պէտք է երեխայի ապագան կապել հայրենիքի ապագային հետ, եւ ամէն ինչ ընել, որ այդ ապագան գեղեցիկ ըլլայ:

Համատեղելի՞ են արդեօք Շողիկ Չուլճեանի եւ Արցախի ապագան:

-Կեանքը ինծի այնպիսի  դաս մը տուաւ, որ ես այլեւս հեռահար ծրագիրներ չեմ կազմեր ու նպատակներ չեմ դներ, քանզի մէկ օրուան մէջ այնպէս կը փոխուին խաղաքարտերը, ծրագիրները: Կ’ապրիմ միայն ներկայով ու շատ մօտ ապագայով: Կրնամ ըսել միայն, որ դեռ մէկ տարի ես այստեղ պիտի ապրիմ: Միւս կողմէն պէտք է ըսեմ, որ առաջին անգամ Արցախ այցելութիւնս այնպիսի ազդեցութիւն  գործած էր, որ կապուածութիւն  յառաջացուցած էր, ու եթէ անգամ Արցախ չապրէի, պիտի ապրէի Արցախով, ըսել է թէ` անպայման ամբողջ կեանքս պարտաւորուած պիտի զգայի  ինչ-որ բան ընել Արցախի համար:

Իսկ խորհուրդ կու տայի՞ք ոեւէ մէկուն հարազատներէդ, ընկերներէդ, հետեւելու ձեր օրինակին, գալու եւ ապրելու Արցախի մէջ:

-Այո, անոնք, որոնք վստահ եմ, որ աշխատանք կ’ունենան, որոնք այնպիսի մասնագիտութիւն ունին, որոնց կարիքը Արցախը ունի, անշուշտ ըսած եմ, կ’ըսեմ, որ իրենք ալ գան, ու փորձեն հաստատուիլ այստեղ:

Հարցազրոյցը` Արմինէ Հայրապետեանի

karabakh-open.am

 

Scroll Up