«Կոմիտաս» Քառեակը Կոմիտասի 145-ամեակին Նուիրուած Համերգաշարով Հանդէս եկած Է Նորվեկիոյ Եւ Դանիոյ Մէջ

Նոյեմբեր 20-ին Օսլոյի Հոլոքոստի եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու ուսումնասիրութիւններու նորվեկական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Կոմիտասի անուան լարային քառեակի համերգը, որ նուիրուած էր քառեակի 90-ամեակին եւ Կոմիտասի 145-ամեակին: Այս մասին «Հայերն այսօր-ին կը յայտնեն ԱԳՆ լրատուական ծառայութենէն:

Համերգը կազմակերպած էր Դանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը եւ Նորվեկիոյ մէջ Հայ մշակութային միութիւնը` ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ:

Նոյեմբեր 21-ին «Կոմիտաս» քառեակը ելոյթ ունեցաւ Գոպենհակընի «Mogens Dahl» համերգասրահին մէջ, իսկ Նոյեմբեր 23-ին` Դանիոյ Կիւլինկ քաղաքի եկեղեցւոյ մէջ:

Գոպենհակընի մէջ համերգային ծրագիրի առաջին մասին քառեակին հետ միասին հանդէս եկաւ Դանիոյ մէջ հանրաճանաչ դաշնակահարուհի Մարիաննա Շիրինեան: Աշխարհի մէջ ամենահին գործող քառեակի տաղանդաշատ երաժիշտները բարձր արուեստով ներկայացուցին Կոմիտասի եւ համաշխարհային դասականներու  շարք մը յայտնի ու սիրուած ստեղծագործութիւններ` արժանանալով ունկնդիրներու հիացմունքին:

Հոլոքոստի կեդրոնին մէջ համերգի ժամանակ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Դանիոյ եւ Նորվեկիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Հրաչեայ Աղաջանեան, որ ներկայացնելով Կոմիտաս Վարդապետն ու «Կոմիտաս» քառեակը` նշեց, որ Կոմիտասի երաժշտութիւնը մարդուն կը մօտեցնէ Աստուծոյ, Աստուծոյ ալ` մարդու հոգիին ու սրտին, իսկ «Կոմիտաս» քառեակը փոխութիւններու հզօր ուժ է, եւ անոնց երաժշտութիւնը կը տանի մարդկութեան վիճահարոյց անցեալ եւ ետ կը բերէ ներկայ, ինչպէս նաեւ կ’օգնէ հաւատալու աւելի լաւ ապագայի:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին` դեսպան Աղաջանեան նշեց, որ քանի դեռ Հայոց ցեղասպանութիւնը չէ ընդունուած այն իրականացնողներուն կողմէն, կը մնայ իբրեւ ցաւագին յիշեցում: Մենք բոլորս համընդհանուր բարոյական պարտականութիւն ունինք` յիշելու պատմութեան սեւ էջերը, ճանչնալու ատոնք եւ բարձրաձայն գնահատական տալու, թէ ինչ  տեղի ունեցած է, եւ ինչ կրնայ տեղի ունենալ ճիշդ չգործելու պարագային, քանի դեռ աշխարհի վրայ կայ բռնութեան քաղաքականութիւն, որ բաց դուռ կը հանդիսանայ նոր ոճիրներու ու ցեղասպանութիւններու համար:

Իր ելոյթին մէջ Հոլոքոստի կեդրոնի տնօրէն Կուրի Հյէլտնեսը նշեց, որ իրենց համար պատիւ է հիւրընկալելու «Կոմիտաս» քառեակը, որուն հետ ժամանակին հանդէս  եկած են այնպիսի մեծեր, ինչպիսիք են Սուեատոսլաւ Ռիխտերը, Մստիսլաւ Ռոստրոպովիչը, Լէոնիտ Գոկանը եւ շատ ուրիշ աշխարհահռչակ երաժիշտներ:

Տնօրէնը շեշտեց, որ 2006թ. Հոլոքոստի կեդրոնի հիմնադրուելէն ետք իրենց կողմէ իրականացուած առաջին ձեռնարկներէն մէկը նուիրուած եղած է  Հայոց ցեղասպանութեան:

Scroll Up