Հայրապետական Կոչ Եւ Մեծ Եղեռնի 100-Ամեակի Յիշատակումի Յայտարարութիւն
Յիսուսի Քրիստոսի Ծառայ
ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
Ողորմութեամբ Աստուծոյ
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Հայրապետական Կոչ
Մեր պատուական եղբայրներուն` Արհի. արքեպիսկոպոսներուն, եպիսկոպոսներուն, գերապատիւ վարդապետներուն,
յարգոյ քահանաներուն, սարկաւագներուն, առաքինազարդ կոյսերուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Հայաստանաբնակ եւ աշխարհասփիւռ համայն հայութիւնը կը պատրաստուի 2015-ին բացառիկ միջոցառումներով նշելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Շրջադարձային դառնալու կոչուած այս հանգրուանը ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր պէտք է հանդիսանայ արտայայտութիւնը մեր միասնականութեան, մեր միասնական ու աւելի կազմակերպուած աշխատանքին, որ մեր ազգային առաջնահերթութեանց առաջնահերթն է` ըլլալով նախապայմանը մեր համազգային առաջադրանքներուն կենսագործումին:
Մեր ժողովուրդը` միջազգային հանրութեան իր այս միասնականութեան վկայութիւնը տալու առիթը պիտի ունենայ իր զանգուածային ներկայութեամբ հայածէս սուրբ պատարագին, զոր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով պիտի մատուցենք Վատիկանի Ս. Պետրոսի Պազիլիքային մէջ 2015-ի ապրիլի 12-ին Ֆրանչիսկոս հայասէր սրբազան քահանայապետին նախագահութեամբ, կարտինալներու դասին, Վատիկանի մօտ լիազօրագրուած օտար դեսպաններուն ներկայութեամբ եւ հռոմաբնակ հոգեւորականներու եւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ: Այս պատմական իրադարձութեան պիտի արձագանգեն միջազգային լրատուամիջոցները, եւ ան իր վրայ պիտի հրաւիրէ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը եւ պիտի հրահրէ անոր հետաքրքրութիւնը հայ ժողովուրդին եւ Հայ դատի մասին:
Վստահ ենք, որ ձեր թեմերուն եւ ժողովրդապետական սահմաններուն մէջ, լաւագոյն պատշաճութեամբ եւ խանդավառութեամբ պիտի քաջալերէք ձեր հաւատացեալները, բարեկամներն ու շրջապատը մասնակցելու յաւիտենական քաղաքին` Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք պատմականօրէն յիշարժան այս մեծախորհուրդ արարողութեան, որուն պիտի յաջորդէ բացառիկ համերգ մը, որ պիտի հանդիսանայ ներբող մը Մեծ եղեռնի նահատակաց: Մեր ժողովուրդին մեծաթիւ մասնակցութիւնը միաժամանակ պիտի զօրացնէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն իբրեւ հաւատքի նահատակներ սրբադասման մեր առաջադրանքը:
Ինչպէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի մեր պատրիարքական յանձնախումբին կողմէ երկար ժամանակէ ի վեր առաջադրուած ծրագիրներուն գլխաւորը հանդիսացող վերոյիշեալ ձեռնարկներուն, նոյնպէս հայկական բոլոր հասարակութիւններուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներուն մեր ժողովուրդին գիտակից ու անվերապահ մասնակցութեամբ` վկայութիւնը պիտի տանք մեր հաւատարմութեան մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու հաւատքին եւ Քրիստոսի ու ազգին հանդէպ անոնց անսասան սիրոյն: Միաժամանակ պիտի վերահաստատենք մեր կառչումը աստուածայաղթ Արդարութեան, մարդկային անկորնչելի իրաւունքին ու արժէքներուն եւ յատկապէս նահատակութեան վսեմագոյն արժէքին, որմէ ծիլ առաւ եւ կ՛ընձուղուի ահա վերակենդանացումը ու փառապանծ յարութիւնը հայ ազգին:
Հայրապետական օրհնութեամբ`
† Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց
Տուեալ ի կաթողիկոսական Աթոռոյն որ ի Զմմառ
Յաւուր երեքտասաներորդի ամսեանն նոյեմբերի յամի Տեառն 2014-ի
Ի վեցտասաներորդում ամի հայրապետութեան Մերոյ