Թուրք Պատգամաւորը Անդրադարձած Է Հայկական Ուղղաթիռի Խոցման Միջադէպին

Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան պատգամաւոր Ուղուր Պայրաքթութան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին անդրադարձած է երէկ հայ-ատրպէյճանական սահմանին ատրպէյճանական զինուժին կողմէն հայկական Mi-24 ուղղաթիռի խոցման միջադէպին: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հապերաքթուել» լրատուական կայքը:
Ermenihaber.am–ի փոխանցմամբ` թուրք պատգամաւորը, նշելով, որ ուղղաթիռը հարուածուած է սահմանը խախտելու հետեւանքով, ըսած է. «Կ’ուզեմ յայտարարել, որ «ժողովրդահանրապետական» կուսակցութիւնը Ատրպէյճանի արդար դատի հարցին մէջ վերջինիս կողքին է»:
Պայրաքթութան Հայաստանին մեղադրած է նաեւ սփիւռքին հողային պահանջներու, փոխհատուցման եւ ցեղասպանութեան ճանաչման հարցերուն ուղղորդելու մէջ` ըսելով, որ ատոնցմէ որեւէ մէկը ընդունելի չէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան տեսանկիւնէն: