Որոշման Նախագիծ` Սուրիահայերուն Համար «Ժամանակաւոր Ներմուծում» Մաքսային Վճարներու Ժամկէտներու Երկարաձգման Վերաբերեալ

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան  ՀՀ Կառավարութիւն  ներկայացուցած է որոշման նախագիծ` համաձայն որուն կը թոյլատրուի Սուրիոյ Արաբական հանրապետութենէն 2012թ. Յուլիս 1-էն յետոյ «ժամանակաւոր ներմուծում» մաքսային կարգով  ՀՀ ներմուծուած ինքնաշարժներու համար կիրառուած «ժամանակաւոր ներմուծում» մաքսային վճարներու ժամկէտները երկարաձգել մինչեւ
2015թ. Դեկտեմբեր 31:

Նախագիծի ընդունմամբ սուրիահայերը պիտի կարենան Հայաստան ներմուծել ԱՏԳԱԱ 8702 եւ 8703 ծածկագիրերուն դասուող ապրանքներ մինչեւ 2015թ. Դեկտեմբեր 31:

Ստորեւ կը ներկայացուի որոշման նախագիծը:

Scroll Up