Գահիրէի Ֆիլմերու Փառատօնը Բացուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Պատմող Ֆիլմով
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/armenian-genocide2_0_01.jpg)
Գահիրէի ֆիլմերու փառատօնը որոշեց իր 36-րդ շրջանը բանալ գերմանացի-թուրք բեմադրիչ Ֆաթէհ Ակինի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող “Ալքաթը” (կտրում) ֆիլմով։ Այս մասին կը յայտնէ france24 արաբական կայքը։ Ֆիլմը ներկայացուեցաւ Եգիպտոսի օփերայի մեծ սրահէն ներս՝ բեմադրիչի ներկայութեամբ։
Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ տեղի ունեցող օսմանեան կայսրութեան հայերու հանդէպ իրագործած վարդերը ներկայացնող ֆիլմը նկարահանուած է աշխարհագրական տեսարաններով, որոնք կ’երկարին Թուրքիայէն հասնելով Ամերիկա անցնելով Սուրիա Լիբանան եւ Քուպա։ 138 րոպէ տեւող ֆիլմը կը հնչէ արաբերէն թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով։
Փառատօնի կազմակերպիչները Սեպտեմբերի վերջը յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած էին, ուր գրուած էր, որ այս ֆիլմի ցուցադրութիւնը բացարձակպէս կապ չունի Եգիպտոսի եւ Թուրքիոյ միջեւ քաղաքական լարուածութեան հետ: Այս մասին ըսած է նաեւ ֆիլմերու քննադատ Սէմիր Ֆերիտ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ան յատնած է, որ փառատօնը թշնամական դիրքորոշում չունի թրքական ֆիլմի նկատմամբ, անկախ Թուրքիոյ հանդէպ մեր ունեցած դիրքորոշումէն:
Ֆիլմը կը խօսի երկաթագործ հայ երիտասարդի մը` Մարտինցի Նազարէթի մասին, որ ստիպողաբար ֆարմանի երթարկուելով կը զինուորագրուի առաջին համաշխարհային պատերազմին օսմանեան կայսրութեան եւ դաշնակից Գերմանիոյ զօրքին մէջ, ետին ձգելով կինն ու երկու դուստրերը:
Ֆիլմին կը ցուցադրէ, թէ ինչպէս կը գնդակահարէին ֆարմանին (հրամանին) չենթարկուող կամ ուշացող երիտասարդները, եւ ինչպէս ֆիլմին հերոսը պարանոցին մէջ դանակի հարուածի պատճառով կը համրնայ, սակայն, կենդանի կը մնայ:
Նազարէթը կը թափառի անապատին մէջ հասնելով գաղթականներու ճամբարի մը մօտ, ուր վրանները եւ մահացածներու հագուստները կը թռչէին օդին մէջ, ոմանք մահացած էին, ուրիշներ հոգեվարքի մէջ կը տառապէին , խմելու ջուր կը խնդրէին, անոնց մէջ էր Նազարէթի քենին, որ կը հաղորդէ իրեն ընտանիքին մահուան լուրը, խօսելու անկարող Նազարէթը կը գրկէ կնոջ քոյրը, վերջինս կը խնդրէ իրմէ ազատել զինք այդ տանջանքէն, Նազարէթ վերջապէս երկար տատամսելէ ետք, կ’արձագանգէ անոր խնդրանքին եւ խեղդամահ կ’ընէ զայն:
Նազարէթը կը փրկուի Հալէպցի ծերունիի մը շնորհիւ, ան զինք կառքին մէջ դնելով, ոստիկանները ձեւով մը համոզելով, կը հեռանան անապատէն.. Նազարէթ պատահաբար կը հանդիպի Մարտինի մէջ իր դարբնոցի մէջ աշխատող տղուն, որ կը պատմէ իրեն, իր դուստրերուն կենդանի ըլլալնուն մասին: