Լեռնագնաց Ալֆրէտ Կարապետեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Առթիւ Պաստառ Տեղադրեց Քիլիմանճարոյի Գագաթին

Իրանի  հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութեան (Հ.Մ.Ա.Կ.-ի)  մարզական միութեան անդամ, լեռնագնաց Ալֆրէտ Կարապետեան Սեպտեմբերին  բարձրացաւ Աֆրիկա ցամաքամասի ամենաբարձր կէտ` Քիլիմանճարոյի գագաթը (5895 մ.):

Ալֆրէտ Կարապետեան գագաթին տեղադրեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով պաստառ, եռագոյն դրօշ եւ Հ.Մ.«Արարատ»Կ.-ի հիմնադրման ու գործունէութեան 70-ամեակին առիթով յուշադրօշ: Ան այս նուաճումը նուիրած է 1915 թուականի Ցեղասպանութեան նահատակներու ընտանիքներուն:

Scroll Up