«Լեզուի Առումով Արծարծուած Խնդիրները Գործնական Լուծում Պէտք Է Ստանան». Դաւիթ Գիւրջինեան

Մայրենի լեզուի աղաւաղումները մեր մտաւորականներէն շատերուն կը մտահոգենանոնց   շարքերուն է նաեւ ճանչցուած լեզուաբանհայոց լեզուի ջահակիրներէն մէկըԴաւիթ Գիւրջինեան, որուն հետ «Հայերն այսօր»ի համար ծաւալուած հարցազրոյցս հէ՛նց մայրենիի աղաւաղումներու եւ ատոնցմէ ձերբազատումներու խնդրին կը վերաբերի, խնդիր, որ պէտք է վերջնական լուծում ստանայ:

– Պարոն Գիւրջինեա՛նդուքըլլալով ճանչցուած ու հեղինակաւոր լեզուաբանինչպէս կը           գնահատէք հայոց լեզուի՞մեր մայրենիի արդի վիճակը:

– Հայերէնը` որպէս լեզու, մտածողութեան ձեւաւորման եւ հաղորդակցման միջոց, հայերուս կենսափորձի եւ հայ մշակոյթի կուտակիչ, գերազանց վիճակի մէջ է: Մեր ազգային լեզուն կատարեալ է, խիստ կանոնաւոր, ունի հարուստ բառապաշար ու դարձուածք, ճկուն բառակազմութիւն. այս ամէնը բոլորիս յայտնի է: Հայոց լեզուն կը շարունակէ բնականոն զարգանալ:

Իսկ երբ կ´անդրադառնանք հայոց լեզուի կիրառման, պատկերը բոլորովին այլ է: Մենք` հայոց լեզուն գործածողներս, մեր լեզուի հարուստ բառապաշարէն լիարժէք չենք օգտուիր, հայերէն խօսքը յաճախ կ´աղտոտենք օտարաբանութիւններով, գռեհկաբանութիւններով, փողոցային արտայայտութիւններով…Ուշադիր չենք քերականական այս կամ այն ձեւն ընտրելուն, խօսքը կը կառուցենք խնդրառական, համաձայնութեան եւ այլ սխալներով:

Հայերէնը կ´աղաւաղուի ամենուրէք, ամէն քայլափոխի:

Շրջինք մեր քաղաքներու փողոցներով ու կը տեսնենք, թէ ինչպէս խանութներու եւ ճաշարաններու գլուխներուն թառած են օտար անուններ` շատ յաճախ օտար տառերով:

Միացնենք հեռուստացոյցը եւ կը զարհուրինք տարբեր հաղորդումներու ժամանակ հնչող հայերէնէն: Իսկ դրուագաշարերու հայերէնին համար արժէր ոմանց ազատութենէն զրկել:

Ռատիոն միացնէք եւ որոշ ալիքներու հաղորդած երգերու անհամ ու տափակ խօսքերը լսելէ յետոյ կը հրաժարիք երկրորդ փորձէն:

Բանանք հայոց լեզուի դպրոցական որոշ դասագիրքեր, ըսենք, 9-րդ դասարանի, եւ մեր մտքին մէջ  իսկոյն հարց կը ծագի. «մենք որերո՞րդ դարուն   կ´ապրինք»:

Հայոց լեզուի դասի նստինք, պահ մը հաստատ կը մտածենք. «իսկ հազարագանձ», «արքայական» հայոց լեզուն ո՞ւր է »:

Հայոց լեզուի քննական նիւթերուն անգամ հպանցիկ ծանօթանալէ ետք  չենք ցանկար խորացնել հայերէնի մեր իմացութիւնը, թէպէտ ատոնք հայերէնի իմացութեան հետ կապ գրեթէ չունին:

Լսենք Ազգային ժողովի որոշ պատգամաւորներու հայերէն խօսքը, ուշքի չենք գար` մեր պրպտումները շարունակելու…

Լեզուի աղաւաղումներուն դէմ պայքարը ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս կարելի է սկսիլ. կը մատնանշէ՞ք այդ ուղիները:

– Քիչ առաջ թուարկածս իրողութիւնները, կը թուի, առանձին լուծելի խնդիրներ են, սակայն իրականութեան մէջ ատոնք փոխշաղկապուած են: Հարկաւոր է արմատապէս փոխել մեր վերաբերմունքը հայոց լեզուի նկատմամբ: Ատոր մեծապէս կը նպաստեն երկրին մէջ կարգ ու կանոնի հաստատումը եւ առողջ մթնոլորտի ձեւաւորումը: Կը մտածէք, թէ ինչպէ՛ս: Եթէ արդար ընտրութիւն ըլլայ, ապա որոշ մարդիկ ԱԺ շեմէն ներս պիտի չմտնեն: Եթէ աշխատանքի ընդունեն ըստ կարողութիւններու եւ գիտելիքներու, ապա հայոց լեզուի այսքան «թշնամի» հանգուցային տեղերու մէջ չէր ըլլար: Եթէ դասագիրքերու մրցոյթները արդար իրականացուին, ապա վատ դասագիրք դպրոց չի մտներ: Եւ այսպէս շարունակ…

Արդեօ՞ք այս հարցն իրաւական հարթակ տեղափոխելով` հնարաւոր է յստակ լուծում տալ:

– Ես իրաւական լուծման ուղիներ (գուցէ անուղղակի) արդէն նշեցի: Միւս կողմէն ալ ազգային ինքնագիտակցութեան զարգացման ուղղութեամբ աշխատանք պէտք է  ծաւալել: Հայաստանի հայ քաղաքացին, որն օժտուած կ´ըլլայ  ազգային բարձր ինքնագիտակցութեամբ, օտար տառերով գրուած օտար անուամբ ճաշարան պիտի չբանայ եւ իր հաստատութեան ճակտին օտարամոլութեան իր կնիքը պիտի չդնէ: Եթէ այս ուղղութեամբ ջանադիր աշխատանք ծաւալուի, ապա գոնէ քաղաքներու արտաքին յարդարման հարցով աւելի բարւոք վիճակ կ’ունենանք ամենայն հաւանականութեամբ:

  • Փետրուար 21-ին կը նշենք Մայրենիի օրը. ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը նախաձեռնողն ու այդ տօնը լաւագոյնս նշողն է (զանազան ձեռնարկներ` այցելութիւն Օշական, սփիւռքահայ աշակերտներու շարադրութիւններու մրցոյթ` համանուն թեմայով, գիրքի ցուցահանդէսներ, կլոր սեղան-քննարկումներ հեռաժողով եւ այլն), սակայն, ցաւօք, մեր հասարակութեան քիչ մաս մը տեղեակ է, որ կայ այդպիսի տօն, այդպիսի օր. Ձեր կարծիքով օրն աւելի հնչեղ դարձնելու համար ուրիշ ի՞նչ  հարկաւոր է նախաձեռնել:
  • Քննարկումներուն ժամանակ հնչեցուցած առաջարկութիւններու եւ քննադատութեան վերլուծութիւն պիտի ըլլայ, յստակ հաշուառուի, թէ ինչ եղաւ եւ ինչպէս եղաւ, ինչ կատարուեցաւ  եւ ինչու չկատարուեցաւ, երբ պիտի կատարուի: Այլապէս ի՞նչ կը նկատենք. տարիներ շարունակ նոյն բանը կ´ըսենք, բայց քիչ բան կը փոխուի: Արծածուած խնդիրները գործնական լուծում պէտք է ստանան:

 

Մայրենին լաւագոյնս պահպանելու եւ աղտեղութիւններէն զերծ պահելու ջանքերը կը կարենա՞նք ազգովի միաւորուիլ եւ մաքրել մեր հեռուստաեթերը, համացանցային կայքերն ու Ազգային ժողովի, դպրոցի, ընտանիքի լեզուն:

– Եթէ այդ ջանքերը նպատակաուղղուած ըլլան, ապա վստահաբար այո: Իսկ եթէ մենք հայոց լեզուի գործածութեան խնդիրներուն մասին միայն տօնէ տօն խօսինք, ապա վիճակը կրնայ աւելի վատանալ:

Բայց ես զէնքերս երբեք վար չեմ դներ:

Դաւիթ Գիւրջինեանհայրենասէրի, հայերէնասէրի այս` հաւատամքի  պէս հնչող խօսքերով ալ աւարտեց մեր զրոյցը` յոյսով, որ  մտաւորականներու ու հասարակութեան մեծ ներուժն անպայման  միակարծիք ու միահամուռ ջանքերով կը դիմագրաւէ մեր լեզուին հանդէպ բոլոր ոտնձգութիւնները, աղաւաղումները, եւ մայրենին  պաշտպանուած կ´ըլլայ օրէնսդրօրէն:

 

Կարինէ Աւագեան

 

 

Scroll Up