Թուրք Գրողի «Արսինէ» Վէպը` Գրականութեան Նոպելեան Մրցանակի Թեկնածո՞ւ
2012 թուականին գրի առնուած «Արսինէ» վէպը այլ տեսանկիւնէ կը մօտենայ Հայկական հարցին:
Պլոկըր Այճա Թուրքմէնը, «Ռատիքալի» պլոկին մէջ ներկայացնելով գիրքը, կը գրէ, որ այն բոլորովին այլ տեսանկիւնէ կը մօտենայ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու հարիւրամեայ խնդիրին: Ըստ պլոկըրին` գիրքը կը շարունակէ մեծ հետաքրքրութեամբ ընդունուելու հայ եւ թուրք ընթերցողներու կողմէ: Այս մասին կը գրէ Ermenihaber.am-ը:
Թուրքմէնի տեղեկացմամբ` շարք մը կազմակերպութիւններու, միութիւններու կողմէ առաջարկուած է գիրքը 2015 թուականին ներկայացնել գրականութեան Նոպելեան մրցանակի:
Անոր կարծիքով «Արսինէ» վէպը, որ գրուած է 107-ամեայ հայ կնոջ պատմած փաստերու հիման վրայ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ ամեակին շատ քննարկումներու տեղի պիտի տայ:
Թուրքիոյ մէջ հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ առկայ խնդիրը հիմնականին մէջ կը իշատակուի վէճերու ու մահուան մասին պատմութիւններով, իսկ «Արսինէ» վէպը այդ խնդիրը կը ներկայացնէ սիրոյ մասին պատմութեան միջոցով:
Սամսունի նահանգի Քաւաք գաւառի Չաթլըճը գիւղին մէջ հայ (մայրը) եւ թուրք (հայրը) ծնողներու աղջիկը` Արսինէն ամբողջ կեանքի ընթացքին կրած դժուարութիւններու պատճառով կը հրաժարի հայկական անունէն եւ կ’ընտրէ Այշէ անունը: Վէպի հեղինակը թուրք գրող Ալի Պայրամն է: Գիրքը գրուած է 2 տարուան ընթացքին: