Նունէ Եսայեան Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Համերգներով Հանդէս Պիտի Գայ Սփիւռքի Մէջ

Նոյեմբեր 6-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՀՀ վաստակաւոր արուեստագիտուհի, երգչուհի Նունէ Եսայեանը:

Քննարկուեցան 2015թ. Սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ երգչուհիի` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած բարեգործական համերգները կազմակերպելուն վերաբերող հարցեր:

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» խորագիրով Նունէ Եսայեանի համերգները պիտի կազմակերպուին ԱՄՆ-ի, Եւրոպայի, ԱՊՀ-ի տարբեր քաղաքներու մէջ:

Scroll Up