Սերոբ Ազատեան. «Ինչ կարեւոր է, որ իսլամ են, չէ՞ որ նոյն արիւնը ունինք…»

Իսլամացած հայերու շուրջ այս անգամ «Հայերն այսօր»-ը զրուցած է գամիշլիցի (Սուրիա) բժիշկ Սերոբ Ազատեանի հետ, որ ծանօթ է ոչ միայն Սուրիոյ, այլեւ Թուրքիոյ մէջ ապրող կրօնափոխ հայերուն.

– Սուրիոյ մէջ, յատկապէս Ռասուլայնէն մինչեւ Ռաքքա, բազմաթիւ կրօնափոխ հայեր կ’ապրին: Կան շատ ընտանիքներ, որոնց հարազատներուն մէկ մասը հայ են, միւսները` իսլամաց հայ: Իսլամացած հայերէն շատերը Սուրբ Ծնունդի, Զատկի ժամանակ Գամիշլիի Սուրբ Յակոբ եկեղեցի կու գային, Առաջնորդարան: Կը հարցնէին, թէ ինչպէս կրնան քրիստոնեայ դառնալ: Երիտասարդներու խումբ մըն ալ խնդրեց իրենց օգնենք, որ հայերէն սորվին: Բայց, սկսաւ սուրիական պատերազմը եւ մենք ոչինչով չկցանք օգնել անոնց:

– Դուք նաեւ շփուած էք Թուրքիոյ մէջ ապրող թաքուն հայերու հետ:

– Այո՛, կրօնափոխ հայերու հանդիպած եմ նաեւ Թուրքիոյ մէջ, ուր յաճախ կը մեկնիմ: Մեր հայեացքը աւելի շատ այնտեղ պէտք է ուղղենք: Չէ՞ որ Թուրքիոյ մէջ ապրող իսլամ հայերը կը շարունակեն ապրիլ մեր պատմական հողերուն վրայ` Սասունի, Վանում, Տիրապեքիրի, Մարտինի մէջ:

Մարտինը (Մծբին) քաղաքը Գամիշլիի սուրիական սահմանէն մօտ 55 քմ հեռու է: Օր մը երբ Առաջնորդարան եկայ (ես այն ժամանակ Առաջնորդարանի վարչութեան ատենապետն էի) տեսայ երիտասարդ մը նստած է: Մօտեցայ, սկսայ հարցուփորձ ընել: Պատմեց, որ իր նախահայրերը հայեր եղած են եւ հիմա կ’ուզէ իր հարազատները գտնել: Իրեն ըսի` քանի որ քու հարազատներդ կորսնցուցած ես, հիմա ես քու հարազատդ ըլլալ: Եւ մինչեւ օրս ալ եղբօր պէս ենք ու արդէն ընտանիքներով բարեկամութներ դարձած ենք: Անունը Սալեհ Բենբիր է: Շատ կ’ուզէի, որ հայ կին ունենար, թէկուզ իսլամ, բայց, ցաւօք, արաբի հետ ամուսնացաւ:

Մօրս հօրեղբօրորդիները, որոնք կ’ապրին Պաթմանի մէջ, նոյնպէս կրօնափոխ հայեր են: Կը յիշեմ, երբ դեռ երեխայ էի, անոնք յաճախ մեր տուն կու գային` իսլամական հագուստով, երկար մօրուքով: Հիմա ես իրենց տունը յաճախ հիւր կ’երթամ: Նախապէս անոնք կը վախնային ըսել, որ հայկական արմատներ ունին: Բայց հիմա այլեւս վախ չունին, հպարտութեամբ կ’ըսեն, որ հայ են:

Բացի Բաթմանի մէջ ապրող իմ հարազատներէս, որոնց թիւը այսօր 150-200 է, Տիրապեքիրի, Սասունի, Վանի եւ այլ քաղաքներու մէջ հանդիպած եմ քիւրտ, բայց հայ հարիւրաւոր մարդոց: Այսօր Թուրքիոյ մէջ, հայապատկան հողերու վրայ, հազարաւոր թաքուն հայեր կ’ապրին, պէտք է օգնել անոնց: Աններելի է անոնցմէ հեռանալը, պատճառաբանելով, որ իսլամ են:

– Պարո՛ն Սերոբ, կրօնափոխ հայերու հետ կապուած ի՞նչ պատմութիւններ կը նշէք:

– Օր մը Պաթմանի մէջ մեզի հրաւիրեցին ընթրիքի, ուր ներկայ էին երկու մոլլաներ , որոնցմէ մէկը պատմեց, որ մի քանի անգամ Հայաստան գացած է, Սուրբ Սարգիս եկեղեցի այցելած է: Ես զարմացած հարցուցի, թէ ինչո՞ւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցին այդքան կը սիրէ: Ըսաւ` այդ հիմա է, որ ես մոլլա եմ, իրականութեան մէջ ես տէր Սարգիսի թոռնիկն եմ, ով քահանայ եղած է: Ճիշտ է` ես այսօր իսլամ եմ, բայց հպարտ եմ, որ հայկական արմատներ ունիմ: Այդ նոյն մոլլան օր մը ինծի ըսաւ, որ Տիգրանակերտի, Պաթմանի մէջ 10-ը հոգիէն 4-ը անպայման հայկական արմատ ունին: Փաստօրէն, բնակչութեան 40 տոկոսը հայ է եւ կ’ընդունի իր հայ ըլլալը:

Անգամ մըն ալ ընթրիքին 2-3 երիտասարդ ներկայ էին: Անոնց մէջ կարծես հայկական արիւնը կ’եռար: Ինծի հարցուցին, թէ արմատներս ուրկէ՞ են: Երբ գիտցան, որ սասունցի եմ, ըսին, որ իրենք ալ սասունցի են, Բվի գիւղէն: Փաթաուեցանք, համբուրուեցանք, կարծես կորսուած հարազատ մը գտած էին: Ինչ կարեւոր է, որ իսլամ են, չէ՞ որ նոյն արիւնը ունինք:

Անցեալ տարի օդանաւով Պաթմանէն Սթամպուլ կը վերադառնայի: Օդանաւի մէջ մօտ 200 մարդ կար: Երբ օդանաւը օդ բարձրացաւ, կողքիս երիտասարդը սկսաւ  թրքերէն ինծի բաներ մը ըսել: Երբ քրտերէն ըսի, որ թրքերէն չեմ գիտեր, արդէն քրտերէն հարցուց, թէ ուրկէ՞ եմ, ինչ ազգութիւն ունիմ: Երբ իմացաւ, որ հայ եմ ու նախնիներս ալ սասունցի, սկսաւ հետս Սասունի բարբառով խօսիլ: Տեսնելով զարմանքս` ըսաւ, որ հայ է, թէեւ իսլամներու մէջ մեծցած: Այժմ Սթամպուլ կ’ապրի, ոսկերիչ է: Պատմեց, որ գացած էր Սասուն` ամուսնանալու: Սակայն իր հաւնած աղջկայ ծնողները, որոնք նոյնպէս կրօնափոխ հայ են, ըսած են, որ քանի ինքը Սթամպուլի մէջ սկսած է հայերու հետ շփուիլ` իրեն աղջիկ չեն տար: Ինք ալ ձգած վերադարձած է:

Սթամպուլի մէջ հանդիպեցայ մէկուն, որ իր Աշրաֆ անունը փոխած ու դարձուցած էր` Իշխան, մկրտուած էր: Եկած էր Հայաստան ու հայկական անձնագիր ստացած: Ինք զիս տարաւ Սթամպուլի հայկական եկեղեցիներ: Կ’ուզէր, որ անպայման իրենց տունը երթամ, որ տեսնեմ, թէ իր երեխաները ինչպէս հայերէն կը խօսին: Բայց ժամանակ չեղաւ: Սակայն երբ Սթամպուլ երթամ, անպայման անոնց տունը պիտի  երթամ:

100 տարի անցած է, շատերը իսլամ են արդէն: Բայց զիրենք մեղադրելը ճիշտ չէ: Իմ հարազատներս նոյնիսկ, երբ մեր տուն կրօնափոխ հայեր կու գան, կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ հայ չմնացիք, իսլամ դարձաք: Իսկ անոնք, մեղանչողի պէս, կը պատասխանեն, որ դուք չէք ալ կրնար երեւակայել, թէ մեր գլուխէն ինչեր անցած է, որ ստիպուած եղած ենք կրօնէն հրաժարելու:

Ո՞վ գիտէ, եթէ մենք ալ Թուրքիոյ մէջ մնայինք, հնարաւոր է` նոյնպէս իսլամ դառնայինք: Պէտք չէ անոնց խորթ աչքով նայիլ: Օրինակ` իմ մօրեղբօրս ազգը: Անոնք, որոնք կրցան Սուրիա գալ, հայացան, բայց ովքեր մնացին Թուրքիոյ մէջ, իսլամ դարձան:

Պէտք է օգնել անոնց, հնարաւոր է` պետական մակարդակով քիչ մը դժուար է, բայց որեւէ կերպ կրնանք օգնել, չէ՞: Շատ կ’ուրախանամ, երբ մեր երգի, պարի խումբերը Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներու մէջ համերգներ կու տան:

Փորձենք ձեռք մեկնել, արդէն 100 տարի անցած է, եւ մէկ-երկու սերունդ յետոյ իրենք կրնան այլեւս չյիշել, որ հայ են: Իսկ անոնք հայ են, թէեւ իսլամ կը դաւանեն: Եւ կ’ապրին այն հողերու վրայ, ուր մենք` Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ ապրող քրիստոնեայ հայերս երազով ու կարօտով կը յիշենք…

Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up