Երեւանի Մէջ Բացումը Կատարուեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեանի Կիսանդրիին

Նոյեմբեր 4-ին, մայրաքաղաքի Արաբկիր վարչական շրջանին մէջ  Կիւլպէնկեան-Խաչատրեան փողոցներու խաչմերուկի յարակից տարածքին մէջ տեղադրուեցաւ հայ մեծ բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի կիսանդրին:

Բացման հանդիսութեան մասնակցեցան Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, Արաբկիր վարչական շրջանի ղեկավար Հրայր Անտոնեան, «Գեղագիտութեան ազգային կեդրոն» ՊՓԲԸ գլխաւոր տնօրէն, ճարտարապետ Լեւոն Իգիթեան, յուշակոթողի հեղինակ քանդակագործ Գարեգին Դաւթեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարի խորհրդական Ստեփան Պետրոսեան, Նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Կամօ Սարգսեան, պետական եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ, մշակութային գործիչներ, համայնքի ներկայացուցիչներ:

Նշենք, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ 2012 թուականին Երեւանի Օղակաձեւ զբօսայգիի 4-րդ հատուածին մէջ հիմնուած է «Հայ բարերարներու ճեմուղի», ուր տեղադրուած են Պօղոս Նուպարի, Ալեքսանտր Մանթաշեանցի, Ալէք Մանուկեանի, Միքայէլ Արամեանցի, Յովհաննէս Լազարեանի, Գալուստ Կիւլպէնկեանի, ինչպէս նաեւ բարերարութեան հաւաքական կերպարը խորհրդանշող յուշակոթողներ:

2 3 4

Scroll Up