Հալէպի Ճալաա Շրջանը Հրթիռակոծման Թիրախ. Կան Նիւթական Լուրջ Վնասներ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/aleppo.jpg)
Մինչ սուրիական բանակը նկատառելի յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ Հալէպի մէջ, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ թիրախ կը դարձնեն խաղաղ բնակչութիւնը։ Այս մասին կը յայտնէ Հալէպի “Գանձասար” շաբաթաթերթը:
Նոյեմբեր 2-ի ուշ գիշերին, Հալէպի Ճալաա հայահոծ շրջանը եւս թիրախ դարձաւ հրթիռակոծումներու, որուն իբրեւ հետեւանք արձանագրուեցան նիւթական լուրջ վնասներ։