Սպանիոյ Մէջ ՀՀ Դեսպան Աւետ Ադոնցը Եւ Պարսելոնայի Քաղաքապետը Քննարկած Են Հայ Համայնքին Վերաբերող Հարցեր
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/015.jpg)
Հոկտեմբեր 23-ին Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Աւետ Ադոնցը հանդիպում ունեցաւ Պարսելոնայի քաղաքապետ Խաւիէր Թրիասի հետ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պարսելոնայի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Ա. Մայիլեան: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
Հանդիպման սկիզբը քաղաքապետը ներկայացուց Քաթալոնիոյ մէջ տեղի ունեցող գործընթացները եւ ատոնց հեռանկարները, ինչպէս նաեւ ընդգծեց Երեւանի քաղաքապետարանի հետ երկու քաղաքներու միջեւ համագործակցութեան օրակարգ ձեւաւորելու եւ իրագործելու իր հետաքրքրութիւնը: Անդրադարձ կատարուեցաւ
Պարսելոնայի մէջ հայ համայնքին վերաբերող հարցերուն:
Քաղաքապետի խնդրանքով դեսպան Ադոնցը համառօտ ներկայացուց ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ջանքերը, տարածաշրջանային այլ հարցեր: