ԱՄՆ Նախաձեռնութեամբ` Թուրքիան Քիւրտերուն Թոյլ Կու տայ Հասնելու Պաշարուած Քոպանիի Օգնութեան
ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամա հեռաձայնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեջեփ Էրտողանին, առ այդ Անգարան բացած է ռազմական օգնութեան միջանցք, որուն միջոցով քրտական ուժերը հնարաւորութիւն կ’ունենան անցնելու Սուրիա եւ իրենց ազգակիցներու հետ պայքարիլ Քոպանին պաշարած “իսլամական պետութիւն” ահաբեկչական խմբաւորման դէմ: Այս մասին կը գրէ Ermenihaber.am-ը:
Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլին յայտարարած է, որ իրենք պիտի օգնեն քիւրտերուն անցնելու Քոպանի:
“Մենք երբեք չենք ուզած ու պիտի չուզենք, որ Քոպանին իյնայ: Անիկա պիտի կանխելու համար Թուրքիան գործադրած է ամէն տեսակի ջանք”,- ըստ “Ջումհուրիյէթ” լրատուականի` ըսած է արտաքին գործերու նախարարը` յիշեցնելով, որ իրենք ապաստան տուած են աւելի քան 200.000 մարդու, որոնք արտագաղթած են Քոպանիէն:
Իրաքեան Քիւրտիստանի իշխանութիւններուն համախոհ “Rudaw” կայքն ալ տեղեկութիւն տարածած է այն մասին, որ Պարզանին դիմած է Անգարային` թոյլ տալու քրտական զինուժին անցնելու թուրք-սուրիական սահմանը եւ օգնութեան հասնելու Քոպանիի ինքնապաշտպանական ուժերուն: Ըստ աղբիւրի` թրքական իշխանութիւնները տուել են իրենց համաձայնութիւնը: