Երուսաղէմի Հայկական Թաղամասի Պահպանութեան Համար Աճուրդի Հանուած Են Էլիա Կահուեճեանի Աշխատանքները

Երուսաղէմի հայկական թողամասի պահպանութեան նուիրուած Save the ArQ նախաձեռնութեան կողմէ Շիքակոյի մէջ կազմակերպուած դրամահաւաք-ձեռնարկին աճուրդի հանուած են Երուսաղէմցի լուսանկարիչ, Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած Էլիա Կահուեճեանի աշխատանքները:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` աճուրդին ներկայացուած լուսանկարները եղած են յայտնի լուսանկարիչի 3 հազար աշխատանքներէ բաղկացած հաւաքածուէն: Ատոնց մէկ մասը նուիրաբերուած էր մեծանուն լուսանկարիչի որդիին ` Գէորդ Կահուեճեանի կողմէ:
«Այս ձեռնարկը յիշեցուց մեզի, որ հայկական ինքնութիւնը կապուած չէ միայն մեր համայնքի կամ Հայաստանի հետ, այն կը նշանակէ ըլլալ վերազգային մշակութային միութեան մասը մը: Եւ Երուսաղէմի հայկական համայնքը ատոր մէկ մասնիկն է, իրականութեան մէջ` շատ կարեւոր մասնիկը: Հայերը Երուսաղէմի մէջ ապրած են 1500 տարիէ աւելի եւ կը շարունակեն կարեւոր դեր խաղալ քաղաքին մէջ: Բոլոր հայերը պէտք է հպարտ ըլլան այդ ժառանգութեան համար: Եւ իբրեւ հայեր, քրիստոնեաներ` մենք պէտք է ուղիներ գտնենք այս կամ այն կերպ մեզ նուիրելու Երուսաղէմի հայկական թաղամասի պահպանման եւ վերականգման գործին»,- նշած է ձեռնարկին մասնակիցներէն փրոֆէսոր Ռէյչել Գոշգարեան:
Երուսաղէմցի հայ յայտնի լուսանկարիչ Էլիա Կահուեճեան ծնած է 1910 թուականին, Ուրֆա քաղաքին մէջ: Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ սպաննուած են փոքրիկ Էլիայի ծնողները եւ որբուկին փրկած է Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցը եւ տեղաւորած Նազարէթի հայկական որբանոցին մէջ: Երուսաղէմի որբանոց ուղարկուելէ ետք Կահուեճեան խոր հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ լուսանկարչութեան հանդէպ: Տարիներուն ընթացքին իւրօրինակ արուեստագիտական ոճ կը զարգացնէ, որուն շնորհիւ ալ կը դառնայ Բրիտանական հովանաւորութեան տակ գտնուող Պաղեստինի ամենակարեւոր լուսանկարիչը:
Կահուեճեանի առանձնայատկութիւնը կը կայանայ Պաղեստինի առօրեայ կեանքի սրտառուչ պահերը որսալու կարողութեան մէջ: