ԼՂՀ ԱԺ Նախագահը Շարք Մը Հանդիպումներ Ունեցած Է Պրիւքսէլի Մէջ

ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան Պելճիգայի Թագաւորութեան խորհրդարանին մէջ Հոկտեմբեր 15-ին հանդիպում ունեցած է պատգամաւոր Տիրք Վան Տեր Մայլենի հետ: Քննարկուած են խորհրդարանական համագործակցութեան առնչուող եւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման հեռանկարներուն վերաբերող հարցեր:

Ինչպէս «Արցախփրէս»-ին կը տեղեկացնեն ԼՂՀ Ազգային ժողովի մամլոյ ծառայութենէն, յաջորդ հանդիպումը կայացած է Պրիւքսէլի մէջ գործող փորձագիտական եւ վերլուծական կեդրոններու ներկայացուցիչներու հետ: Անդրադարձ  կատարուած է տարածաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան հարցերուն եւ այդ ծիրէն ներս ատրպէյճանաղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղիներուն: Աշոտ Ղուլեան պատասխանած է փորձագէտներուն հետաքրքրող հարցերուն:

ԼՂՀ Ազգային ժողովի նախագահն այնուհետեւ Պրիւքսէլի մէջ ՀՀ դեսպան Թաթուլ Մարգարեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Մարիամ Մագթաղինացի հայկական եկեղեցի, յարգանքի տուրք մատուցած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Օրուան երկրորդ կէսին Աշոտ Ղուլեան Եւրոխորհրդարանին մէջ հանդիպած է Եւրոպայի «Ազատ դաշինք» կուսակցութեան գործադիր տնօրէն Գիւնտեր Դաուենին եւ նոյն կուսակցութեան քաղաքական հարցերով խորհրդատու Եւա Պիտանիայի հետ: Զրուցակիցները քննարկած են Արցախի քաղաքական համակարգի հետ Եւրոպայի «Ազատ դաշինք»-ի համագործակցութեան հնարաւոր տարբերակներն ու հեռանկարները: Նոյն օրուան երեկոյեան Եւրոխորհրդարանի շէնքին մէջ տեղի ունեցած է հանդիսաւոր ձեռնարկ եւ ընդունելութիւն` նուիրուած ԼՂՀ անկախութեան 23-րդ տարեդարձին: Ձեռնարկին ներկայ  եղած են Կիպրոսի Հանրապետութեան խորհրդարանի խօսնակ Եաննակիս Օմիրուն, Եւրոխորհրդարանի մէկ տասնեակէ աւելի պատգամաւորներ, ԵՄ-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Էլէնի Թէոխարուսը, «Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ» եւ Պրիւքսէլի մէջ  տեղակայուած միջազգային այլ կառոյցներու պատասխանատուներ:

Ազգային ժողովի նախագահը ներկայացուցած է ԼՂՀ հռչակումէն ի վեր հանրապետութեան ունեցած ձեռքբերումներն ու ներկայիս խնդիրները, ատրպէյճանաղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ ձեռնարկուող ջանքերը եւ եւրոպական կառոյցներու հետ համագործակցելու հնարաւորութիւնները: Երեկոյին ելոյթ ունեցած է Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրանք Էնկելը, որ ողջունած է ԼՂՀ անկախութեան հերթական տարեդարձը եւ յայտարարած Եւրոխորհրդարանին մէջ Արցախի հետ բարեկամութեան խումբ ստեղծելու անհրաժեշտութեան մասին:

Ողջոյնի խօսքով ձեռնարկին հանդէս եկած են նաեւ ՀՀ դեսպան Թաթուլ Մարգարեան, Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ, Պենիլիւքսի փոխանորդ Զատիկ վարդապետ Աւետիքեան, ՀՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեան, Լիւուէնի համալսարանի փրոֆէսոր Պեռնար Կուլին:

 

Scroll Up