Ռուբինա Փիրումեան. «Ցեղասպանութեան Ժամանակ Հայ Կինը Ունեցած Է Երկարաձգուած Հոգեվարք…»
Հայ կանանց միջազգային ընկերակցութեան 7-րդ համաժողովին կը մասնակցէր Քալիֆորնիոյ համալսարանի գիտաշխատող, հայոց լեզուի եւ գրականութեան դոկտոր Ռուբինա Փիրումեան, որուն հետ զրուցած է «Հայերն այսօրը».
– Այս համաժողովը ոչ միայն Սփիւռքի եւ Հայրենիքի կանանց կը մօտեցնէ իրար եւ մօտ յարաբերութիւններ կը ստեղծէ ապագային ծրագիրներու, համագործակցութեան համար (ինչ որ եւ տեղի ունեցաւ նախորդ համաժողովներէն ետք), այլեւ զանազան խնդիրներու, պատմական, գրական, սոցիալական հարցերու վերաբերեալ մտայնութիւնները կը մօտեցնէ: Միաժամանակ Սփիւռքը կը տեղեկանայ Հայրենիքի մէջ ապրող հայ կանանց հարցերուն, խնդիրներուն, իսկ Հայաստանի մէջ ապրող կանայք կը ծանօթանան, թէ ինչ հնարաւորութիւններ, նախաձեռնութիւններ կան Սփիւռքի մէջ:
– Տիկի´ն Ռուբինա, ո՞րն է հայ կնոջ դերը Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ:
– Կը յիշեմ, երբ 20-25 տարի առաջ մենք նման գիտաժողովներ կը կազմակերպէինք եւ կը քննարկէինք հայ կնոջ դերը անցեալի եւ ներկայի մէջ, այլ էր մեր մտապատկերը, ապագայի համար մեր ցանկութիւններն ու իղձերը: Այդ ամէնը այսօր ես որոշ չափով իրականացուած կը տեսնեմ: Սփիւռքի մէջ այսօր կը մեծնայ սերունդ մը, որուն համար կնոջ եւ տղամարդու իրաւունքներու հարց այլեւս գոյութիւն չունի: Ի հարկէ, ես կը խօսիմ Ամերիկայի իրականութեան մասին: Միջին Արեւելքի երկիրներէն ծանօթ եմ միայն Իրանին (որովհետեւ ես Իրանէն եմ), ուր վերջին 30 տարիներուն այդ ազատութիւնը չկայ, ինչ որ կայ Ամերիկայի մէջ: Նախքան յեղափոխութիւնը կանայք Իրանի մէջ շատ մեծ դեր ունէին ինչպէս հայկական համայնքէն ներս, այնպէս ալ իրանական միջավայրին մէջ, ինչ որ այսօր վայրէջք ապրած է:
Իսկ պատկերն Ամերիկայի մէջ այլ է, կինը կրցած է գտնել իր տեղն ու դիրքը թէ´ ընտանիքին մէջ, թէ´ համայնքին:
Ունինք զանազան կազմակերպութիւններ, որոնք կանայք կը ղեկավարեն: Եւ կինը իր կարողութիւններուն պատճառով այդտեղ հասած է, այլ ոչ անոր համար, որ կին է: Ունինք նաեւ կին քոնկրէսականներ:
Հայաստանի մէջ կանայք դեռ այդպիսի բարձրութեան չեն հասած, որքան ես կը նկատեմ, քանի որ շատ յաճախ կու գամ Հայաստան: Եւ ատիկա առաջին հերթին կը սկսի ընտանիքէն: Հայ կինը նախ պէտք է արժեւորուի, գնահատուի իր ընտանիքէն ներս եւ ապա իր ճանապարհը գտնէ համայնքին, հասարակութեան մէջ:
Այս ամէնուն զուգահեռ նաեւ նկատած եմ, որ Հայաստանի մէջ կը դաստիարակուին նոր սերունդ, որուն համար վերելքը իր սեռին հետ կապ չունի: Ան ունի իղձեր, ցանկութիւններ, ապագայի ձգտումներ եւ կը հասնի ատոր` առանց մտածելու, որ կին է ու չի կրնար: Բարդոյթ, որ ունէին մեր սերունդի կանայք: Մէկ օրինակ բերեմ. ես Հայ կրթական հիմնակրութեան անդամ եմ, եւ երբ կրթաթոշակներ կը բաժնէինք ուսանողներուն, անոնց 90 տոկոսը աղջիկներ էին: Ես նաեւ առիթ ունեցայ խօսելու շրջանաւարտներու հետ, որոնք այդ տարիքին մէջ արդէն շատ ինքնավստահ էին, իսկ շատերն արդէն միջազգային կազմակերպութիւններու անդամ են եւ կը փորձեն այդ ճանապարհով յառաջանալ: Անոնք Հայաստանի ապագան են եւ ինչպիսի յաջողութիւններու ալ հասնին, ատիկա նաեւ մեր երկրի յաջողութիւնն է: Աղջիկներուն ոգեւորելու համար երբեմն ընդունուած, նորաձեւ խօսքեր կ’ըսենք, թէ դուք էք Հայաստանի ապագան, Հայաստանը դուք պիտի ղեկավարէք, բայց իրականութիւն կայ այդ խօսքերուն մէջ:
– Տիկի´ն Ռուբինա, Ձեր երեք հատորները նուիրուած են Հայոց ցեղասպանութեան գեղարուեստական գրականութեան ուսումնասիրութեան: Ինչու՞ ընտրեցիք այդ ոլորտը:
– Հայոց ցեղասպանութեան գեղարուեստական գրականութեան ուսումնասիրութիւնը ինծի համար եղած է իմ կեանքի ճանապարհը: Վերլուծելով եւ այն անգլերէնով ներկայացնելով` փորձած եմ ցոյց տալ աշխարհին, թէ ինչ եղած է իրականութեան մէջ: Ես մեծ հաւատք ունիմ գեղարուեստական գրականութեան նկատմամբ: Ես չեմ փորձեր ցեղասպանութիւնը փաստել, այն շատոնց փաստուած է ինծի համար: Ինծի համար Հայոց ցեղասպանութիւնը կայացած իրողութիւն է եւ մեկնակէտ է իմ գործին համար:
Կը կարծեմ, որ գեղարուեստական գրականութիւնը աւելի հաղորդական է եւ հնարաւորութիւն կու տայ աւելի լաւ հասկնալու Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը, ցոյց տալու, թէ ինչ կատարուած է եւ, վերջապէս, որն է մեր պահանջը:
– Տիկի´ն Ռուբինա, Ձեր հատորներուն մէջ դուք անդրադարձած էք հայ կնոջ: Հետաքրքիր է, ինչու՞ առանձնացուցած էք հայ կնոջ եւ ի՞նչ բովերու միջով անցած է:
– Իբրեւ կին ցեղասպանագէտ` կանացի բնազդս զիս ենթագիտակցօրէն ուղղորդեց այդ «ճամփով», որովհետեւ Ցեղասպանութեան ժամանակ հայ կնոջ իրավիճակը շատ տարբեր եղած է: Եթէ հայ տղամարդիկ սպաննուած են անմիջապէս, հայ կինը ունեցած է երկարաձգուած հոգեվարք: Ան մէկ կողմէն պայքարած է, պաշտպանած է իր ընտանիքը, միւս կողմէն` իր պատիւը: Ինչպէս Լոուրենս Լանգեր կ’ըսէ` ընտրանք, որ ընտրութիւն չունի: Հայ կինը այդպիսի ընտրութեան առջեւ կանգնած է` մեռնիլ թէ թուրքի հետ ամուսնանալ, իսլամանալ, երեխային տալ թուրքին թէ պահել ու հարց է` արդեօք երեխան կը փրկուի: Ընտրութիւն կեանքի եւ մահուան միջեւ, որ ոչ մէկ պարագայի փրկութեան չէր տաներ: Եւ անդադար այդպիսի ընտրանքներու առջեւ կանգնելով` հայ կինը որոշումներ ընդունած է միայնակ:
– Ին՞չ ընտրանքի առջեւ կանգնած է հայ կինը այսօր:
– Հայ կինը, իմ կարծիքովս, կանգնած է մէկ շատ պարզ ընտրանքի առջեւ` ըլլալ պարզապէս տանտիկին եւ մտածել, որ իր պարտականութիւնները միայն տան ղեկավարութիւնն է, երեխաներու դաստիարակութիւնը: Շատերը կ’ըսեն` օ՜, ես երեխաներ ունիմ դաստիարակելու եւ ատիկա արդէն մեծ պարտականութիւն է: Բայց չէ՞ որ հայ կինը շատ աւելի ներուժ ունի եւ միայն ընտանիքին մէջ պէտք չէ սահմանափակուի: Ան պէտք է դուրս գայ հասարակութիւն, որովհետեւ շատ մեծ դեր ունի կատարելու համայքնէն ներս, երկրի բարելաւման աշխատանքներուն մէջ բաւականին ներդրում կրնայ ունենալ:
– Տիկի´ն Ռուբինա, Դուք ինչպիսի՞ ճանապարհ անցած էք:
– Իրականութեան մէջ, եթէ ես յաջողած եմ, պարտական եմ իմ ամուսնուն, որ շատ ազատամիտ մարդ եղած է եւ իրապէս օգնած է ինծի: Հանդուրժած է այն պարագան, որ իմ ժամանակս ընտանիքիս նուիրելու փոխարէն ես մեծ տարիքիս, երբ երկու տղաներս արդէն պատանիներ էին, վերադառնամ համալսարան, ծանր բեռ վերցնեմ իմ ուսերուն, հայագիտութիւն սորվիմ, գիրքեր գրեմ: Հանդուրժած է, որ զօրուգիշեր կարդամ Ցեղասպանութեան մասին: Հոգեբանի պէս փորձած է ինծի դուրս քաշել այդ մթնոլորտէն, որպէսզի կարենամ առողջ դատել:
Ընտանիքը պէտք է քաջալերէ, ոչ միայն ամուսինը, այլեւ երեխաները: Նկատած եմ, որ յատկապէս տղաները խորթ աչքով կը նային իրենց մօրը, քրոջը, երբ ան փորձէ հասարակական կեանքի մէջ մտնել:
Նախ հաւասարութիւն պէտք է ըլլայ ընտանիքին մէջ, որպէսզի երեխաները յետագային այդ ամէնը կարենան այլ վայրերու մէջ ալ ընդունել:
Կարեւոր է նաեւ աշխատասիրութիւնը, հետեւողականութիւնը: Եթէ յաջողած եմ (չեմ գիտեր` որքան), իմ աշխատանքիս մէջ եղած եմ աշխատասէր եւ հետեւողական:
Զրուցեց Լուսինէ Աբրահամեան