ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Մէջ Հիւրընկալուեցաւ Իտալացի Հայագէտ Վալենթինա Գալցոնարը

Հոկտեմբեր 14-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու միջազգային ընկերակցութեան նախագահ, Ժնեւի համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի հայագիտական հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար, ազգութեամբ իտալուհի Վալենթինա Գալցոնարը:

Հանդիպման ընթացքին խօսուեցաւ հայագիտական խնդիրներու, մասնաւորապէս հայագիտական ուսումնասիրութիւններու միջազգային ընկերակցութեան հերթական` 13-րդ համաժողովի մասին, որ կարեւոր քայլ համարուեցաւ հայագիտութեան զարգացման եւ գիտական տեղեկատուութեան փոխանակման դիտանկիւնէն: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ յետագայ համագործակցութեան, հայագիտական լաւագոյն աշխատանքներու մրցոյթ կազմակերպելու վերաբերեալ:

Միջազգային մեծ հեղինակութիւն վայելող այս ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 1981 թ. հայագէտներ Մայքլ Սթոունի (Երուսաղէմի Եբրայական համալսարանի հայկական հետազօտութիւններու ծրագիրի բաժինի ամպիոնի վարիչ)  եւ Եօս Վայթենբերգի (Լէյդէնի համալսարանի հումանիտար գիտութիւններու բաժանմունքի համեմատական լեզուաբանութեան բաժանմունքի հայկական ուսումնասիրութիւններու ծրագիրի ղեկավար) նախաձեռնութեամբ: Կը միաւորէ աւելի քան 20 երկրէ (1988 թ. նաեւ Հայաստանէն) 400-է աւելի հայագէտներու եւ յարակից մասնագիտութիւններու ներկայացուցիչներ: Ընկերակցութեան հիմնական կորիզը կը կազմեն եւրոպական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ գործող հայագիտական կեդրոններու յառաջատար ուժերը` օտար եւ հայ գիտնականներ:

Ընկերակցութեան հիմնական նպատակներէն է հայագիտութեան զարգացումն իր բոլոր բնագաւառներով խթանելը, նորագոյն ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները ի մի բերելը եւ գիտական շրջանառութեան մէջ դնելը, ինչպէս նաեւ այս ոլորտի մասնագէտներու փորձի փոխանակում կազմակերպելը:

Ընկերակցութիւնը կապեր  ստեղծած է աշխարհի տարբեր հայագիտական կեդրոններու, ինչպէս նաեւ` ՀՀ ԳԱԱ-ի, Մատենադարանին հետ:

Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու միջազգային ընկերակցութիւնը (AIEA/ՀՈՒՄԸ) իր հերթական` 13-րդ համաժողովը իրականացուց Երեւանի մէջ` «Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկին հետ համատեղ, 2014 թ. Հոկտեմբեր 9-11:

Համաժողովը կարեւոր համարուեցաւ անով, որ AIEA-ի գոյութեան 33 տարիներուն ընթացքին այն առաջին անգամ տեղի  ունեցած է Հայաստանի մէջ, որ նաեւ լաւագոյն առիթ էր եւրոպական տարբեր համալսարաններ ներկայացնող գիտնական-հայագէտներուն հայագիտութեան բնօրրանին մէջ համախմբելու համար:

Scroll Up