Հայ Ճարտարապետութիւնը Հայաստանի Համար Պէտք Է Դառնայ Այցեքարտ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/10/0186.jpg)
Հոկտեմբեր 6-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Հայաստանի ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկին մէջ մասնակցեցաւ ճարտարապետներու օրուան նուիրուած մրցոյթ-ցուցահանդէսին:
Բացման խօսքին մէջ քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան կարեւոր համարեց 2009 թուականի Ապրիլին Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Հայկական ճարտարապետութիւնը եւ 21-րդ դարը» խորագիրը կրող ճարտարապետներու համահայկական համաժողովը, որուն արդիւնքով ալ ստեղծուեցաւ Հայ ճարտարապետներու ընկերակցութիւնը:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան` շնորհաւորելով ճարտարապետներուն միջազգային օրուան առիթով, նշեց. «Մենք փորձեցինք համախմբել հայ ճարտարապետներին: Կարող եմ յայտարարել, որ Հայ ճարտարապետների ընկերակցութիւնը կայացած իրողութիւն է, որի վկայութիւնն այս ցուցահանդէսն է: Հայ ճարտարապետութիւնը Հայաստանի համար պէտք է դառնայ այցեքարտ, զբօսաշրջիկը պէտք է գայ Հայաստան ու տեսնի հայ ճարտարապետների մնայուն եւ արժէքաւոր գործերը եւ նրա մտքի արգասիքը, որի մէջ միաձուլուած են հայկական ճարտարապետութեան հին եւ նոր աւանդոյթները»:
Գերատեսչութեան ղեկավարը հայ ճարտարապետներուն մաղթեց մտքի թռիչք ու նորանոր մնայուն գործեր եւ յոյս յայտնեց, որ Սփիւռքի նախարարութեան հետ անոնց յետագայ համագործակցութիւնը պիտի ըլլայ առաւել արդիւնաւէտ: