Երեւանի Մէջ «Գրաբարեան Օրեր» Կ’իրականացուին

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի եւ Արարատեան հայրապետական թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեւոն Սարգսեանի եւ մայրաքաղաքի աւագ դպրոցներու տնօրէններու հետ միասին մայրաքաղաքի Սուրբ Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուած է Սբ. պատարագին, որուն աւարտին Ուսուցիչի օրուան առիթով մատուցուած է օրհնութեան կարգ:

Այս մասին կը հաղորդեն Քաղաքապետարանի լրատուական կեդրոնէն, Սուրբ պատարագը մատուցուած է Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ գերաշնորհ Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանի հանդիսապետութեամբ:

Այնուհետեւ, Ուսուցիչի օրուան առիթով, Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդարանին մէջ, օրհնութեան կարգին մասնակից պաշտօնեաներու եւ աւագ դպրոցներու տնօրէններու մասնակցութեամբ տեղի  ունեցած է «Գրաբարեան օրեր» ծրագիրի շնորհանդէսը: Նախաձեռնութեան հեղինակները, գրաբարի ուսուցման
համար ստեղծուած www.grabar.am կայքով ներկայացնելով ծրագիրի մանրամասները, ընդգծած են, որ «Գրաբարեան օրեր» ծրագիրի նպատակն է ցոյց տալ, որ գրաբար սորվիլն ու ընկալելը ամենեւին դժուար չէ:

«Գրաբարեան օրեր» ծրագիրով կը նախատեսուի մայրաքաղաքի կրթօճախներուն մէջ կազմակերպել ձեռնարկներ, գրաբար գրութիւններու ընթերցումներ, ինչպէս նաեւ գրաբարի տեսադասընթացքի ցուցադրութիւն:

 

Scroll Up