Նինա Խաչիկեան Կը Ստանձնէ ԱՍԻԱՆի Մօտ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Պաշտօնը

Լոս Անճելըսէն 47ամեայ Նինա Խաչիկեան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ նշանակուած էր Հարաւարեւելեան Ասիոյ ազգերու կազմակերպութեան՝ ԱՍԻԱՆի մօտ Ամերիկայի դեսպան, արդէն իսկ ստանձնած է իր պաշտօնը։ Այս մասին յայտնած է Asbarez.com-ը:

Յատկանշական է, որ Խաչիկեան Սեպտեմբեր 19ին կայացած իր երդման արարողութեան կնքահայր ընտրած էր իրաւաբանական մարզի իր առաջին խորհրդականը՝ 91ամեայ դատաւոր Հերի Փրեկըրսընը, որ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային 9րդ շրջանային վռճաբեկ ատեանի ամենաերկար սպասարակած դատաւորներէն մէկը կը հանդիսանայ։
Խաչիկեան Ասիոյ մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան մասնագէտ մըն է եւ «Ռենտ»ի ու «Ամերիկեան յառաջդիմութեան կեդրոն»ի նման հիմնարկներու մէջ աշխատելուն կողքին՝ եղած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային ապահովութեան խորհրդատուի տեղակալի օգնական (1998-1999) ու Դաշնակցային առեւտուրի յանձնաժողովի ատենապետի խորհրդատու: Ան իր իրաւաբանութեան վկայականը ստացած է «Սթենֆըրտ» համալսարանէն:

Նինա Խաչիկեան Ինտոնեզիոյ իր նոր նստավայրէն պատասխանատու պիտի ըլլայ հարաւարեւելեան Ասիոյ 10 ազդեցիկ երկիրներու հետ յարաբերութեանց, իսկ Նոյեմբերին, նախագահ Օպամայի ընկերակցութեամբ պիտի մասնակցի ԱՍԻԱՆի եւ Արեւելեան Ասիոյ երկիրներու գերաժողովներուն։

Scroll Up